Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի «Վիգէն Զաքարեան» երիցական փաղանգին, հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին, կիրակի, 4 յունիս 2017-ին տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի «Վիգէն Զաքարեան» երիցական փաղանգին հիմնադրութեան եւ Վիգէն Զաքարեանի նահատակութեան 25-ամեակներուն առիթով յիշատակի օր մը, որ սկիզբ առաւ նախկին եւ ներկայ երէցներու սկաուտական հաւաքով մը` առաւօտեան ժամը 10:00-ին, իսկ անոր յաջորդեց յիշատակի ձեռնարկ մը` երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի շրջափակին մէջ:
Սկաուտական հաւաքի ընթացքին երէցները վերյիշեցին իրենց սկաուտական կեանքի անմոռանալի յիշատակները` փաղանգին կազմակերպած յատուկ յայտագիրով:
Երեկոյեան ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի Ա. միաւորի խմբապետ Ռուբէն Պապէեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները, անդրադարձաւ Վիգէն Զաքարեանի տիպարին եւ մանաւանդ անոր օրինակելի սկաուտի կերպարին: Պապէեան ըսաւ. «Մենք այսօր ո՛չ միայն կը փառաբանենք ու կը յիշենք Վիգէն Զաքարեանը, այլեւ կ՛ապրինք ու կը գործենք անոր տեսլականով», ապա աւելցուց. «Եղբա՛յր Վիգէն, ինչպէս որ դուն ստացար ազգային եւ սկաուտական դաստիարակութիւնդ ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին մէջ, այսօր բոլորիս գիտակցութեան մէջ, Վարդան Բախշեաններու կողքին, տիպար մարդու եւ ազգասէր սկաուտի օրինակ մը եւս դրոշմուած է Վիգէն Զաքարեան անուան տակ»:
Բացման խօսքէն ետք բեմ բարձրացաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդի ատենապետ Նժդեհ Մկրտիչեան: Մկրտիչեան իր կարգին ողջունելէ ետք ներկաները մէջբերեց ՀՄԸՄ-ի սկաուտութեան նպատակներուն առաջին կէտը, որ կը շեշտէ. «Պատրաստել ամուր նկարագիրի եւ բարոյական բարձր արժանիքներու տէր, հաւատաւոր եւ անձնուէր հայեր` ծառայելու ազգին եւ հայրենիքին ու նուիրուելու հայ ժողովուրդի ձգտումներու իրագործման»: Նժդեհ Մկրտիչեան ըսաւ, որ այս մէջբերումը ընթացիկ ու մակերեսային տող մը չէ եւ իր մէջ կ՛ամփոփէ միութեան մը ամբողջ գաղափարախօսութիւնը, իտէալներն ու իղձերը: Ան աւելցուց, որ այս ձեռնարկին վերոյիշեալ նախադասութիւնը յիշելը պատահական բան մը չէ, այլ կը մարմնաւորէ Վիգէն Զաքարեանի անձը, որուն անունը կը կրէ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի 25-ամեայ փաղանգը: Ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «ՀՄԸՄ-ի սկաուտութիւնը միայն կանչեր արձակող եւ տողանցող հաւաքականութիւն մը չէ, ՀՄԸՄ-ի սկաուտութիւնը չի սահմանափակուիր խարուկահանդէսներու կամ ձեռային աշխատանքներու սահմաններուն մէջ: Հոն կը պատրաստուին տիպար քաղաքացիներ, պատասխանատու, հայրենասէր եւ կարգապահ հայեր»:
Նժդեհ Մկրտիչեանի խօսքէն ետք գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` պատրաստուած ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի սկաուտներուն կողմէ: Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որ կը ներկայացնէր Վ. Զաքարեանի սկաուտական կեանքը եւ փաղանգի հիմնադրութեան փուլերը:
Օրուան պատգամը ուղղեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վաչէ Նաճարեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները ըսաւ, որ «25 տարի առաջ Վիգէնին եւ իր ընկերներոուն զոհողութիւնը իր դրոշմը դրաւ հայոց պատմութեան վրայ, կազմաւորեց ներկայ Հայաստանի քաղաքական նկարագիրը, եւ Շուշիի ազատագրումով անոնք վերականգնեցին հայութեան ազգային արժանապատուութիւնը:
«Վիգէն, իրեն նախորդող գաղափարակիցներուն նման, գիտակցական մահը ընտրեց` ընդունելով իր կեանքը նուիրել հայ ժողովուրդին եւ հայրենիքի ազատագրումին համար, համոզուելով, թէ «մահ ոչ իմացեալ մահ է, մահ իմացեալ անմահութիւն է», ըսաւ Նաճարեան եւ աւելցուց. «Այսօր, Վիգէնի նահատակութեան 25-րդ տարելիցին առիթով կազմակերպուած այս ձեռնարկին տարողութիւնը, իմաստը կը տարածուի սովորական սկաուտական արարողութիւններու սահմաններէն դուրս եւ առիթը կը շնորհէ մեզի, որ ո՛չ միայն բաւարարուինք յարգանքի մեր տուրքը մատուցելով, այլ նաեւ առիթը ունենանք վերարժեւորելու մեր միութենական ընթացքը, թէ որքանո՛վ տակաւին հաւատարիմ ենք ու տակաւին կը գործենք Վիգէնին առաջնորդած ուղիով»:
Նաճարեան յայտնեց, որ «ՀՄԸՄ-ի գաղափարաբանութիւնը միայն մարզական չէ, սկաուտական չէ, այլեւ համապարփակ է, հայութեան ամբողջութիւնը, հայութեան իտէալները, հայութեան հետ կապուած բոլոր յոյսերը, հայութեան ամբողջ պայքարի լրիւ իմաստը. սփիւռքի մէջ բոլոր հայ պատանիները եւ երիտասարդները, որոնք ազգային յանձնառութիւններու տակ կը մտնեն, ձեզի նման ՀՄԸՄ-ի շարքերուն մէջ է, որ կը ստանան իրենց ազգային հիմնական դաստիարակութիւնը»:
Ան եզրափակեց իր խօսքը ուղղելով սկաուտներուն եւ նշելով. «Դուք` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղէն ծնած եղբայր Վիգէն Զաքարեանին քոյրերը եւ եղբայրները` այսօր ձեր ակումբին ընդմէջէն այդ նոյն շունչն է, որ տասնապատիկ անգամ պէտք է տարածէք: Այդ է ՀՄԸՄ-ի կողմէ ձեզի տրուած դաստիարակութիւնը եւ այդ է Վիգէնին ձգած կտակը: Եթէ Վիգէն հոս ըլլար այսօր, պիտի ըսէր` իբրեւ կտակ կը պատգամեմ, որ դուք ալ ինծի նման գործէք աննահանջ եւ անդուլ: Երբեք եւ երբեք չունենաք դեդեւում, տարակոյս, յուսահատութիւն եւ նահանջ: Ձեզի վստահուած ջահը` զարդարուած եռագոյն դրօշով, հպարտօրէն ցուցադրեցէ՛ք աշխարհին, որպէսզի իրականացուի մեր նահատակ հերոսներուն երազը, որպէսզի հասնինք Արարատի գագաթին` առաջնորդելով ՀՄԸՄ-ի ուխտեալ սերունդները»:
Օրուան պատգամէն ետք, Նաճարեան բեմ հրաւիրեց նախկին եւ ներկայ երէցները` վերանորոգելու համար իրենց երիցական երդումը:
Ապա խօսք առաւ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան, որ իր կարգին գնահատեց օրուան նախաձեռնութիւնը եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի աշխատանքներուն:
Ձեռնարկի աւարտին ելոյթ ունեցաւ հայրենի երգիչ Ներսիկ Իսպիրեան:
Յիշատակի օրը փակուեցաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով: