Մայրենի Լեզուի Իմացութեան, Պահպանման Եւ Զարգացման Սատարող «Ճիշդ Հնչենք» Յայտագիրի Աւարտական Հանգրուանն Ու Մրցանակաբաշխութիւնը
Ուրբաթ, 26 մայիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին Մարաշի հայրենակցական միութեան «Գերմանիկ» սրահին մէջ «Վանայ ձայն»-էն ուղղակի ձայնասփռումով տեղի ունեցաւ մայրենի լեզուի իմացութեան, պահպանման եւ զարգացման սատարող 7 տարեկան դարձած «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրի աւարտական փուլն ու մրցանակաբաշխութիւնը` հովանաւորութեամբ Մարաշի հայրենակցական միութեան եւ կազմակերպութեամբ «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանին: Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրը պատրաստող եւ հաղորդավար Հուրի Փափազեան-Էմմիեան: Ան նշեց, որ...




















