ՀՅ Դ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ստացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի երախտագիտութեան նամակը` Արցախեան քառօրեայ պատերազմին առիթով կազմակերպուած ռատիոթոնին համար:
«Զօրակցինք Արցախին» բնաբանով ռատիոթոնին լիբանանահայութեան ջանքերով հանգանակուած է 257 հազար ամ. տոլար), որ ամբողջութեամբ փոխանցուած էր «Հայրենիք» ռազմահայրենասիրական հիմնադրամին:
Խորին երախտագիտութիւն եմ յայտնում Ձեզ «Հայրենիք» ռազմահայրենասիրական հիմնադրամին նուիրատուութեան եւ ընդհանրապէս Ձեր հայրենանուէր կեցուածքի համար: Նմանօրինակ ձեռնարկումները մեզ պարտաւորեցնում են առաւել նուիրուած, արդիւնաւէտ աշխատել, եւ մենք իսկապէս ունենք փոխադարձ օժանդակութեան, համագործակցութեան կարիք, քանզի համազգային բանակի գաղափարով առաջնորդուելով միայն հնարաւոր կը լինի լուծել մեր առջեւ ծառացած խնդիրները: Անցեալ տարի եւս մէկ անգամ ապացուցուեց հայրենիք-սփիւռք միասնութիւնը` մէկ միասնական բռունցքի վերաճելու պատրաստակամութեամբ: Այդ բռունցքի վիթխարի ներուժը լիարժէք իրագործելու համար, կարծում եմ, յոյժ անհրաժեշտ է մեր համագործակցութեան եզրերի ընդլայնումը` միտուած պաշտպանական քաղաքականութեան զարգացմանը, տարբեր միջազգային ծրագրերի ստեղծմանն ու իրագործմանը:
Վստահ եմ` կիսում էք իմ համոզմունքը, որ պատմական այս փուլում ոչ միայն պաշտպանութեան նախարարութեան, այլեւ ամբողջ հայութեան առաջնային խնդիրը պէտք է լինի առաւել ուժեղ, պաշտպանուած Հայաստան եւ Արցախ ունենալը: Եւ միայն այս գաղափարով առաջնորդուելով` կարող ենք հասնել մեր համազգային նուիրական իղձերի ու երազանքների իրականացմանը:
Յարգանքով ու շնորհակալութեամբ`
ՎԻԳԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ