Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վիգէն Դարբինեանի Զոյգ Ելոյթները` Պէյրութի Եւ Այնճարի Մէջ

Յունիս 6, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 3 եւ կիրակի, 4 յունիս 2017-ին, Պէյրութի եւ Այնճարի մէջ հարազատօրէն թեւածեցին Վիգէն Դարբինեանի երգերը` հիներն ու նորերը միախառնուած, անցեալն ու ապագան` իրարու հանդիպած, մի՛շտ արեւմտահայերէնով  ու հայկական մաքուր երաժշտութեամբ:

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին Վիգէն Դարբինեան շաբաթ երեկոյ մտերմիկ հանդիպում ունեցաւ արուեստասէրներու հետ, որոնք համախմբուած էին Զոքաք Պլաթի «Նշան Փալանճեան» կեդրոնի «Վասպուրական» սրահին մէջ` ըմբոշխնելու Վիգէն Դարբինեանի հին երգերը եւ հաղորդուելու նորերուն հետ:

Երեկոյին  բացումը կատարեց Նորայր Նաճարեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ անդրադարձաւ նման երեկոյի մը կազմակերպման դրդապատճառին` կառչիլ հայ երգին եւ ջանք չխնայել զայն տարածելու:

Ապա Վիգէն Դարբինեան ուրախութեամբ ողջունեց ներկաները` արտայայտելով իր կարօտը ծննդավայրին հանդէպ եւ գոհունակութիւնը` կրկին լիբանանահայ արուեստասէրներուն հետ մէկտեղուելուն համար: Ապա աւելի քան երկու ժամ տեւողութեան Վիգէն Դարբինեան վերյիշեց իր մօր խրատներն ու աննմանութիւնը` «Մայր իմ աննման»-ով, իր դստեր պսակադրութեան առթած զգացումները մարմնաւորեց «Գնա»-ով, ցաւեցաւ հայութեան ապրած ողբերգութեան համար` «Առանց երգի ծիծեռնակներ»-ով եւ «Կարաւան»-ով, գովերգեց բնութեան ու սիրոյ գեղեցկութիւնը` «Սարերի հովին մեռնիմ»-ին, «Վերադարձ նոյն ծառի ճիւղին»-ին եւ «Անձրեւը գարնան»-ին ճամբով, ամենայն անկեղծութեամբ երգեց իր ընկերներուն` «Անկեղծ ընկերներ» եւ «Սասունցի Խաչիկը» երգերով, կեանքէն քաղուած դասերն ու արդի աշխարհի անհեթեթութիւնը լուսարձակի տակ առաւ «Նոր աշխարհ», «Ազատ աթոռս», «Պէտք էր ըսէի» եւ «Չես հասկցած» երգերով, չմոռցաւ գովելու «Նուպարի պոյ»-ը, իր սիրածին «Կեանքիդ արեւիդ մատաղ» ըլլալու պատրաստակամութիւն յայտնեց, երգեց սիրոյ այլ դրսեւորումները` «Եարը մարդուն եարա կու տայ»-ով, յիշեց, որ մարդը միշտ ալ կրնայ մնալ առանձին, թէկուզ շատեր շրջապատեն զինք` իր «Մինակ»-ով, յուզեց ներկաները` «Կարօտ»-ով, «Անվերադարձ մահով սակայն»-ով, «Օրօր-երազ»-ով, խանդավառած «Պեճինկօ»-ով, իսկ աւարտին Վիգէն Դարբինեանին կոչը յստակ էր` «Զարթիր Լաօ»-ին հնչեղութեամբ:

Երեկոյին ընթացքին կատարուեցաւ նաեւ Վիգէն Դարբինեանի վերջին ձայնասկաւառակին` «Վերադարձ»-ին շնորհահանդէսը:

Կիրակի, 4 յունիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Վիգէն Դարբինեան այս անգամ ժամադրուած էր Այնճարի հայութեան հետ, որ համախմբուած էր «Հետուիկ» սրահին մէջ` կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին, հովանաւորութեամբ ճաշարան «Արեւ»-ի տնօրէնութեան:

Բացման խօսքը արտասանեց Նաթալի Քենտիրճեան, որ դիտել տուաւ, թէ հայ ժողովուրդը ճանչցուած է յատկապէս իր արուեստագէտներով: Ան արուեստագէտը նկատեց «աշխարհի չորս ծագերուն փայլատակող մը, մանաւանդ իր ուրոյն եւ ինքնատիպ երաժշտութեամբ` հիւթեղ, տաքուկ, անկեղծ, առինքնող, խորունկ ու գեղեցիկ»: Ան դիտել տուաւ, որ Վիգէն Դարբինեանի երգերը արդի են, սակայն ոչ արդիական եւ կեղծ, այլ միշտ իւրայատուկ, միշտ հայ մեղեդիին սիրահար ու հաւատարիմ: Ն. Քենտիրճեան անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ Վիգէն Դարբինեան Այնճար կը գտնուի ներկայացնելու յատկապէս իր «Վերադարձ» խտասալիկը, իսկ անոր հետ հանդիպումը նկատեց պատգամ եւ կոչ` սիրելու հարազատը, կառչելու հայկականին եւ պահպանելու իսկականը:

Ապա բեմ բարձրացաւ Վիգէն Դարբինեան, որ հիմնականին մէջ մեկնաբանեց իր նոր ձայնասկաւառակէն երգեր` մերթ յուզելով ներկաները, երբեմն թափանցելով անոնց սրտին խորերը թաքնուած աշխարհները, իսկ եզրափակիչ երգերով ան թնդացուց սրահը` յիշելով Լիզպոնի նահատակները յատկապէս, իսկ Հայ դատին ու պահանջատիրութեան ի խնդիր զոհուած բոլոր նուիրեալները, ինչպէս նաեւ «Կարօտ» երգով յիշեց այն աննման հայ մայրերը, որոնք տիւ ու գիշեր կը սպասեն իրենց ֆետայի որդիներուն վերադարձին:

Ելոյթի աւարտին Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խոշեան Համազգայինի  «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ պատրաստուած շքանշանով պարգեւատրեց սիրուած արուեստագէտ Վիգէն Դարբինեանը` հայ երգարուեստին մէջ ունեցած ուրոյն ու կարեւոր ներդրումին համար:

Վիգէն Դարբինեան միահիւսեց մարդկային ամէնէն նուրբ զգացումները, յիշատակները, ընկերութիւնը, առանձնութիւնը, միութիւնը, հարազատութիւնը, անկեղծութիւնը, նահատակութիւնը, մօր սպասումը, հայութեան ծառայելու պատգամը իր զգացական խոր մեկնաբանութեամբ ու յուզականութեամբ:

Հայ երգը իր հարազատութեամբ պահպանելու եւ անարատ երաժշտութիւնը չխեղաթիւրելու ռահվիրաներէն հանդիսացող Վիգէն Դարբինեանի հետ հանդիպումները պատգամ էին եւ կոչ` սիրելու հարազատը, կառչելու հայկականին եւ պահպանելու իսկական ժառանգը:

Յիշեցնենք, որ Վիգէն Դարբինեանի համերգը տեղի պիտի ունենայ 17 յունիս 2017-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, կազմակերպութեամբ` Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին:

 

Նախորդը

Հայերի Ժամադրավայրը Հայրենիքն Է

Յաջորդը

Պաշտօնական Բացում` Այնճարի Վերանորոգուած «Աղաճանեան Սանուց Տան»

RelatedPosts

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ.  Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում
Գաղութային

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յուլիս 9, 2025
Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 8, 2025
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը
Գաղութային

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը

Յուլիս 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?