Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հովանաւորութեամբ Եւ Ներկայութեամբ Հայր Սելիմ Տաքքաշի Եւ Գեղամ Արք. Խաչերեանի. Գինեձօն-Շնորհահանդէս` Ժիւլի Մրատի «Հոգիին Կանչը» Գիրքին

Յունիս 2, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանի նախագահ հայր Սելիմ Տաքքաշի եւ ներկայութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Գեղամ արք. Խաչերեանի, չորեքշաբթի, 31 մայիս 2017-ին, տեղի ունեցաւ հայազգի լրագրող, թարգմանիչ Ժիւլի Մրատի «Հոգիին կանչը» («Հութաֆ Ալ Ռուհ» խորագրեալ գիրքին շնորհահանդէսը` «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանի «Փիեռ Ապու Խաթեր» հանդիսասրահին մէջ:

Պետական, պաշտօնական, դիւանագիտական, ակադեմական եւ մտաւորական հայ եւ ոչ հայ անձնաւորութիւններու, հոգեւոր հայրերու եւ հրաւիրեալներու ներկայութեան տեղի ունեցած այս ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ լիբանանեան եւ հայկական քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ, որմէ ետք ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին լիբանանահայ գրագէտ Պէպօ Սիմոնեանի եւ արուեստագէտ Զոհրապի յիշատակը: Ապա օրուան հանդիսավար Ռանա Պիթար բեմ հրաւիրեց համալսարանի նախագահ եւ ձեռնարկի հովանաւոր հայր Սելիմ Տաքքաշը:

Ողջունելէ ետք ներկաները` հայր Տաքքաշ անդրադարձաւ «Հոգիին կանչը» գիրքին ու անոր հեղինակի առանձնայատկութիւններուն: Ան բարձր գնահատեց հեղինակին թարգմանչական, լեզուական ու ոճաբանական հմտութիւնները` նշելով, որ ան նաեւ դասախօս է համանուն համալսարանի թարգմանութեան հիմնարկին մէջ: Գնահատելով գիրքին բովանդակութիւնը` հայր Տաքքաշ հինգ կէտերու մէջ արժեւորեց անոր կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ թարգմանուած բանաստեղծութիւններու հեղինակները իրենց ողբն ու բողոքը կ՛արտայայտեն անիրաւութեան եւ անարդարութեան դէմ:

Ապա խօսք առաւ նաեւ խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի, որ գեղարուեստական ու հռետորական ոճով իր հիացմունքն ու ակնածանքը արտայայտեց հայ բանաստեղծներուն եւ առհասարակ հայ ժողովուրդին, որ կը շարունակէ գոյատեւել հակառակ բոլոր անիրաւութեանց եւ չարչարանքներուն: Զուգահեռ մը գծելով հայ եւ լիբանանցի ժողովուրդներուն միջեւ` Էլի Ֆըրզլի բարձր գնահատեց այս ժողովուրդներու զաւակներուն աննկուն կամքը` բոլոր խոչընդոտները յաղթահարելով գոյատեւելու առումով:

Այս առիթով շնորհակալութեան խօսք արտասանեց նաեւ Մրատ հրատարակչատան տնօրէն, սեփականատէր դոկտ. Միշել Մրատ` իր կարգին դրուատելով Ժիւլի Մրատի այս իրագործումը եւ հայ ժողովուրդի արուեստասէր նկարագիրը:

Իր կարգին հեղինակը` Ժիւլի Մրատ եւս իր սրտի խօսքը ուղղեց` շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն եւ ձեռնարկի յաջողութեան նպաստողներուն: Ան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ ինք ազգութեամբ հայ եւ լիբանանցի է: Ապա մերթ ընդ մերթ հատուածներ ասմունքեց իր թարգմանած բանաստեղծութիւններէն:

Նմանապէս թարգմանուած քերթուածներէն հատուածներ ասմունքեց պատկերասփիւռի դէմքերէն Էլի Ահուաշ: Ասմունքներուն տուտուկի վրայ կ՛ընկերանար երիտասարդ արուեստագէտ Րաֆֆի Չիլինկիրեան:

Ապա հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց օրուան հրաւիրեալ հիւրերէն քսան անձնաւորութիւններ, որոնց ներկայութեան Գեղամ արք. Խաչերեան կատարեց «Հոգիին կանչը» գիրքին գինեձօնը: Նշենք, որ նոյնպէս բեմ  հրաւիրուած անձնաւորութիւններէն Յակոբ Չիլինկիրեան առողջական պատՃառներով չկարենալով բեմ ներկայանալ` բացառաբար գինեձօնի արարողութեան մէկ բաժինը կատարուեցաւ հանդիսասրահի անոր նստարանին մօտ:

Այս առիթով արուեստագէտ Գէորգ Եղիազարեանի կողմէ պատրաստուած յատուկ յուշանուէրներով պարգեւատրուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, հայր Սելիմ Տաքքաշ, հրատարակիչ Միշել Մրատ եւ գիրքին հեղինակը` Ժիւլի Մրատ:

Այս առիթով նաեւ ելոյթ ունեցաւ հանրածանօթ արուեստագէտ Կի Մանուկեան, որ իր նուագախումբին ընկերակցութեամբ հմայեց ու խանդավառեց ներկաները` հայերէն ու արաբերէն երգերու իր յօրինումներով: «Հայորդիք» երգի եղանակով բացումը կատարելէ ետք Կի Մանուկեան ներկաներուն հրամցուց նաեւ արաբական, յատկապէս` եգիպտական Սէյիտ Տարուիշի սքանչելի երգերու երաժշտութիւնները: Այս առիթով Մանուկեան վերահաստատեց լիբանանեան հայրենիքին հանդէպ իր սէրն ու երախտիքը` ընդգծելով, որ «Լիբանանն է իր  առաջին ու վերջին հայրենիքը»:

Աւարտին ներկաները հրաւիրուեցան կարկանդակի հատումին:

 

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Անկախութեան 99-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Անդամ Րաֆֆի Աշգարեանի Արտասանած Խօսքը

Յաջորդը

ՀՅԴ ԼԵՄ Եւ ՀՅԴ ԼՊՄ. Մայիսեան Յաղթանակներուն Նուիրուած Երգահանդէս

RelatedPosts

Համազգայինի Աշխատանքներու Ներկայացման Ու Համակարգման Հանդիպում
Գաղութային

Համազգայինի Աշխատանքներու Ներկայացման Ու Համակարգման Հանդիպում

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Քրիստոնէական Զօրակցութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Նախագահը
Գաղութային

Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Քրիստոնէական Զօրակցութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Նախագահը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?