Հովանաւորութեամբ բժիշկներու սենտիքայի նախագահ փրոֆ. Ռեմոն Սայեղի, կազմակերպութեամբ ԱՖՀԻԼ-ի, գործակցութեամբ լիբանանահայ բժշկական միութեան, երէկ` չորեքշաբթի, 31 մայիսին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի երեկոյ` նուիրուած փրոֆ. Քարլօ Աքաչէրեանի: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ԱՖՀԻԼ-ի վարչութեան անունով խօսք առաւ Արազ Նաշալեան: Ան նկատել տուաւ, որ սոյն մեծարանքի հանդիսութիւնը պարզ զուգադիպութիւն մը չէ, այլ` մեծարանք է անձի մը, որ իր ներդրումը ունեցաւ իր ապրած միջավայրին մէջ ընդհանրապէս եւ մարդկութեան նկատմամբ մասնաւորաբար: Նաշալեան ներկայացուց փրոֆ. Քարլօ Աքաչէրեանի կենսագրական գիծերը եւ անոր ունեցած գործունէութիւնը` շեշտելով, որ ան արժանի էր մեծարանքի այս հանդիսութեան` աւելցնելով, որ անձ մը մեծարելու կարեւորութիւնը կը կայանայ այն իրողութեան մէջ, որ անհրաժեշտ է այդ մեծարանքը կատարել մեծարեալին ողջութեան:
Իրերօգնութեան սնտուկներու թեքնիք միութեան նախագահ Ղասսան Տաու գոհունակութիւն յայտնեց սոյն հանդիսութեան իր մասնակցութեան համար` աւելցնելով, որ այս ձեռնարկը պարզ նախաձեռնութիւն մըն է յայտնելու մեր երախտագիտութիւնը բժիշկի մը, որ մարդկայնօրէն եւ նուիրումով աշխատած է, յոյս յայտնելով, որ ան օրինակ հանդիսանայ համայնքի զաւակներուն: Շարունակելով իր խօսքը` Տաու բացատրեց, որ Լիբանանի մէջ կան 64 իրերօգնութեան սնտուկներ, որուն անդամակցած են մօտաւորապէս 340 հազար քաղաքացիներ եւ այդ սնտուկները տարեկան կը վճարեն մօտաւորապէս 220 միլիառ լիբանանեան ոսկի` աւելցնելով, որ տարիներէ ի վեր աշխատանք կը տարուի վաւերացնելու օրէնք մը, որուն ընդմէջէն բոլոր լիբանանցիները պիտի վայելեն առողջապահական խնամքները եւ կարելի պիտի ըլլայ անոնց կարիքներն ու պէտքերը հոգալ, որպէսզի ոեւէ հիւանդ չզրկուի բժշկութեան բարիքներէն նիւթականի չգոյութեան պատճառով: Եզրափակելով իր խօսքը` ան բարձր գնահատեց ԱՖՀԻԼ-ի ունեցած գործունէութիւնը եւ շնորհաւորեց մեծարեալը:
Լիբանանահայ բժշկական միութեան անունով տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան յայտնեց, որ սոյն հանդիսութեան կազմակերպման ամէնէն դժուար հանգրուանը մեծարեալին հաւանութիւնը առնելն էր, որ բաւական ժամանակի կարօտեցաւ: Ասիկա կը փաստէ իր համեստութիւնը: Ան նկատել տուաւ, որ հակառակ այն իրողութեան, որ մեծարեալը հասած է իր ասպարէզի գագաթնակէտին, սակայն բարձր գիտակցութեան տէր անձ մը ըլլալով գիտէ վարուիլ իր գործընկերներուն, բժիշկներուն եւ հիւանդներուն հետ: Տոքթ. Էճիտեան ըսաւ, որ հակառակ աշխատանքի բերմամբ հայկական միջավայրէն հեռու ըլլալուն, փրոֆ. Քարլօ Աքաչէրեան կառչած է իր արմատներուն` իր իսկ խոստովանութեամբ:
Բժիշկներու սենտիքայի նախագահ փրոֆ. Ռեմոն Սայեղ իր խօսքին սկիզբը պատիւ նկատեց, որ մեծարեալին գործընկերը եղած է «Օթել Տիէօ» հիւանդանոցին մէջ` յոյս յայտնելով, որ գալիք սերունդներուն օրինակ ըլլայ անոր հարթած ճանապարհը: Փրոֆ. Ռեմոն Սայեղ հաստատեց, որ իր ասպարէզին ընդմէջէն փրոֆ. Քարլօ Աքաչէրեան օգտակար դարձած է Լիբանանի մէջ բժշկութեան մակարդակի բարձրացման յատկապէս մանուկներու բաժանմունքին ընդմէջէն, զոր հիմնած է 1977-ին` աւելցնելով, որ այսօր կը մեծարենք փրոֆ. Աքաչէրեանը` ա) բժշկական ասպարէզին մէջ իր ունեցած առաքելութեան համար, բ) 50 տարուան վաստակին համար, գ) մեծ թիւով բժիշկներու կրթութեան եւ անոնց զարգացման մէջ իր ունեցած ներդրումին համար:
ԱՖՀԻԼ-ի տնօրէն Յակոբ Լատոյեան հայերէնով եւ ֆրանսերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ ԱՖՀԻԼ-ը կը գործէ լիբանանահայ կեանքին մէջ մօտաւորապէս 20 տարիէ ի վեր` աւելցնելով, որ 1998-ին 365 անդամներով սկսած իրերօգնութեան այս սնտուկը այսօր ունի աւելի քան 6500 անդամներ: Լատոյեան ըսաւ, որ հիւանդանոցային եւ ախտաճանաչման կեդրոններու սպասարկութիւնը, բժշկական տնային սարքերու ապահովումը, համալսարանական եւ աշակերտական ֆոնտերու հաստատումը, «Զգուշ» նախազգուշական պարբերաթերթի հրատարակումը, մարզական կեդրոններու ստեղծումը կը վկայեն իրերօգնութեան ոգիի յաղթանակին, հաստատելով, որ վերոյիշեալ բոլոր ծառայութիւնները կ՛իրականանան անձնուէր բժիշկներով, որոնք մեծ յարգանք եւ անկեղծ գործակցութիւն կը ցուցաբերեն ԱՖՀԻԼ-ի նկատմամբ: Լատոյեան ըսաւ, որ ԱՖՀԻԼ-ի վարչութիւնը նախաձեռնեց պարբերաբար լիբանանահայ բժիշկներու պարգեւատրում կազմակերպել, որպէսզի անոնք ալ իրենց կարգին զգան, որ իրենց ասպարէզը անշնորհակալ ասպարէզ մը չէ: Ան շեշտեց, որ մեծարեալին` փրոֆ. Քարլօ Աքաչէրեանի ասպարէզը համամարդկային առաքելութիւն մըն է, որ կը յատկանշուի իր կոչումով եւ ձգտումներով` աւելցնելով, որ մեծարեալը միշտ պատրաստ եղած է մտիկ ընելու ուրիշներուն եւ կամաւոր ձեւով իր ներդրումը ունենալու լիբանանահայ գաղութին մէջ:
«Վարձքդ կատար տասնեակ տարիներով ձեր բժշկական, հոգեկան, բարոյական, մարդկային գուրգուրանքին եւ նուիրումին համար: Վստահ ենք, որ ձեր դաստիարակիչ օրինակը իբրեւ ջահ պիտի ծառայէ ձեր ասպարէզին մէջ եւ ձեր մարդկային ոգին օրինակ դառնայ նորահաս սերունդներուն», եզրափակեց Յակոբ Լատոյեան:
Այնուհետեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի հիւպատոս Աշոտ Վարդանեան կարդաց այս առիթով սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի գնահատագիրը, ըստ որուն ան սփիւռքի նախարարութեան ոսկի շքանշանով կը պատուէ փրոֆ. Քարլօ Աքաչէրեանը: Ապա Վարդանեան շքանշանը յանձնեց մեծարեալին: Յակոբ Լատոյեան իր կարգին մեծարեալին յանձնեց յուշանուէր մը:
Աւարտին խօսք առաւ մեծարեալը, որ իր ուրախութիւնը յայտնեց նման վայրի մը մէջ գտնուելու համար` հաստատելով, որ իրեն համար միշտ հաճելի է իր արմատները գտնել եւ անոնց ընդմէջէն հպարտութիւն զգալ: Ան ըսաւ, որ լաւ հայերէն կը խօսի, սակայն բեմի վրայ չի կրնար ճառախօսել Աբովեանի, Օշականի եւ Տէրեանի լեզուով, որովհետեւ առիթն ու երջանկութիւնը չէ ունեցած յաճախելու հայկական վարժարան, որուն համար կը զղջայ` հաստատելով սակայն, որ բոլորին հետ կրնայ խօսիլ սրտի լեզուով, որը միջազգային լեզու է: Ան շեշտեց, որ մեծարանքի սոյն հանդիսութիւնը չի նկատեր միայն իրը, այլ` իր անձին ընդմէջէն կ՛արժեւորուի եւ կը մեծարուի իր բժշկական ասպարէզը` աւելցնելով միաժամանակ, որ իր յաջողութիւնները կը պարտի իր գործընկերներուն, որոնց հետ կը բաժնէ այս առիթը: Մեծարեալը ըսաւ, որ ինք մանկաբոյժ է, եւ երեք պայմաններ կան, որոնք կը նպաստեն այս ասպարէզի յաջողութեան` հաւատքը, քաջութիւնը եւ առատաձեռնութիւնը` աւելցնելով, որ երջանիկ կը զգայ, երբ իր առօրեան կը բաժնէ մանուկներուն հետ, որոնց ժպիտը մեծագոյն մխիթարութիւնը կու տայ: Ան նկատել տուաւ, որ 50 տարուան իր երկար առաքելութիւնը կը պարտի իր փոքրիկ հիւանդներուն, որոնք թարմ պահած են զինք, եւ անոնց աչքերուն մէջ տեսած է իրենց ապագան:
Հանդիսութեան ընթացքին գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Գրիգոր Ալոզեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի, Արմէն եւ Սիւզան Քէչէկ ամոլը, որոնք դաշնակի վրայ մեկնաբանեցին երաժշտական կտորներ, նաեւ «Ֆրիտըմ տենս կրուփ» պարախումբը, որ ներկայացուց 3 պար: