Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ ԼԵՄ Եւ ՀՅԴ ԼՊՄ. Մայիսեան Յաղթանակներուն Նուիրուած Երգահանդէս

Յունիս 2, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին, երէկ` հինգշաբթի, 1 յունիսին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ մայիսեան յաղթանակներուն նուիրուած երգահանդէս` կատարողութեամբ հայրենի արուեստագէտներ Մկրտիչ Մկրտիչեանի (Մակիչ) եւ Արսէն Գրիգորեանի (Մրրօ):

Սրահի մուտքին ցուցադրուած էին պատանեկան միութիւններուն ձեռային աշխատանքները, որոնց ընդմէջէն կ՛՛արտացոլար ձեռնարկի նիւթը:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի անդամ Հրայր Պարսումեան: Ան նկատել տուաւ, որ Հայոց ցեղասպանութենէն 3 տարի վերջ, երբ թուրքը կը յառաջանար դէպի Երեւան` վերջին հարուածը հասցնելու հայութեան, ինքն իր նահատակներուն արեամբ մկրտուած ժողովուրդը ծնունդ տուաւ «խենթերու», որոնք զէն ի ձեռին ուղղուեցան դէպի անհաւասար պատերազմ, իրենց խիզախութեամբ Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսայի ու Սարդարապատի մէջ ոտնակոխ ըրին թրքական ծրագիրը եւ թշնամիին ստիպեցին դիմել նահանջի: Ան հաստատեց, որ 28 մայիս 1918-ն դարձաւ այն օրը, որ կարելի չէ ջնջել մեր պատմութենէն եւ որուն արժէքը կարելի չէ նսեմացնել` շեշտելով, որ այս փառաւոր յաղթանակը նոր էջ մը բացաւ հայութեան համար: Այդ օրուան «խենթերը» վստահաբար ծնունդ պիտի տային նորանոր «խենթերու»: Պարսումեան ըսաւ, որ անոնց խիզախութիւնը դասագիրք դարձաւ նեմեսիսներու, լիզպոններու, Արցախի ազատագրական պայքարի հերոսներու` աւելցնելով, որ Շուշիի ազատագրումը եւս իր անկիւնադարձային ներդրումը ունեցաւ հայ ժողովուրդի նպատակներու հետապնդման մէջ: «Բոլո՛րս, ժառանգորդներ  այսպիսի հերոսներու եւ լաւապէս գիտակից մեր նախնիներու զոհողութիւններուն, պիտի շարունակենք վառ պահել մեր նահատակներու յիշատակը եւ քալել դրօշին տակ այն կուսակցութեան, որ միշտ պատրաստ եղած է ծառայելու ազգին ու հայրենիքին եւ նուիրած իր լաւագոյն տղաքը Հայ դատի ու պահանջատիրութեան բոլոր ճանապարհներուն», ըսաւ Հրայր Պարսումեան` շեշտելով, թէ որքան ալ փորձ կատարուի ամէն միջոցներով ՀՅԴ-ի ներդրումը անհետացնելու մեր պատմութեան էջերէն, իրականութիւնը կը մնայ անհերքելի եւ անփոխարինելի: Ան հաստատեց, որ ՀՅԴ-ի կերտած յաղթանակներն ու խիզախութիւնները կը պատկանին համայն հայութեան, սակայն կերտուած` ՀՅԴ-ի անձնուէր մարտիկներուն ձեռամբ: «Եկէ՛ք բոլորս միասին տօնենք մայիսեան յաղթանակները եւ ողջունենք Մակիչը եւ Մրրոն, որոնք իրենց անսպառ ձայներով հայրենիքի շունչը բերին Լիբանան եւ մեզի առիթը պիտի ընծայեն իրենց կատարումներուն ընդմէջէն թեւեր առնելու ու սաւառնելու դէպի հայրենիք, ուր կը գտնուի ամէն հայու իսկական բնօրրանը», եզրափակեց Հրայր Պարսումեան:

Այնուհետեւ Մակիչ եւ Մրրօ աւելի քան երկու ժամ տեւողութեամբ մեկնաբանեցին ազգային, հայրենասիրական, ժողովրդային, գաւառական եւ յեղափոխական երգերու փունջ մը, ինչպէս` «Հորովել», «Մենք պէտք է կռուենք», «Զօրավար Անդրանիկ», «Ով հայոց մայրեր», «Սեւ քարեցի Սագօ», «Հայաստան», «Գարեգին Կառնեցի», «Հանիկ նար», «Խորոտիկ», «Լիզպոնի նահատակներուն», «Հայեր միացէք», «Գէորգ Չաւուշ», «Արաբօ», «Դրօ», «Պատերազմ ենք գնում», «Քեռիին երգը», «Պանք Օթոման», «Խորոտ եար», «Արծիւ սլացիր» եւ «Գինի լից»` սրահին մէջ ստեղծելով մեծ խանդավառութիւն: Ներկաները իրենց ծափերով ու շուրջպարերով, իսկ պատանիները բեմին վրայ իրենց երգերով եւ շուրջպարով երգահանդէսը վերածեցին տօնախմբութեան մը, որ հասաւ իր գագաթնակէտին, երբ յայտագիրի աւարտին պատանիները սկսան երգել «Արիւնոտ դրօշ»-ը եւ այս անգամ երգիչները միացան իրենց:

Այնուհետեւ պատանիները երգիչներ Մակիչին եւ Մրրոյին նուիրեցին «Դաշնակցական պատանիին գիրքը»` զոյգ հատորներով:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:

 

Նախորդը

Հովանաւորութեամբ Եւ Ներկայութեամբ Հայր Սելիմ Տաքքաշի Եւ Գեղամ Արք. Խաչերեանի. Գինեձօն-Շնորհահանդէս` Ժիւլի Մրատի «Հոգիին Կանչը» Գիրքին

Յաջորդը

Յորդանանեան Բանակի Սպայակոյտի Պետը Կը Յայտարարէ. «Սուրիա Մուտք Պիտի Չգործենք»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?