Գաղութային

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան»  Ցուցասրահին Մէջ.  Արուեստագէտ Միրէյ Կոկիկեան  «Երազէն Անդին» Խորագիրով Ցուցահանդէսի Բացում

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահին Մէջ. Արուեստագէտ Միրէյ Կոկիկեան «Երազէն Անդին» Խորագիրով Ցուցահանդէսի Բացում

Հովանաւորութեամբ «Պի. Էլ. Սի.» դրամատան տնօրէն Մորիս Սահնաուիի, երէկ` հինգշաբթի, 15 յունիսին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ գեղանկարիչ Միրէյ Կոկիկեանի «Երազէն անդին» խորագիրը կրող անհատական ցուցահանդէսին բացումը: Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի անձնակազմէն Անժելա Տաղլեան անգլերէնով եւ հայերէնով արտասանած բարի գալուստի իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ Կոկիկեան իր մասնակցութիւնը բերած է աւելի քան 50 հաւաքական եւ...

Կիպրոսի Նախագահը Անթիլիասի Մէջ.  Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կիպրական Ու Հայ Դատերը  Նոյն Նպատակը Ունին`  Արդարութիւնը, Եւ Նո՛յն Հասցէն` Թուրքիան»

Կիպրոսի Նախագահը Անթիլիասի Մէջ. Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կիպրական Ու Հայ Դատերը Նոյն Նպատակը Ունին` Արդարութիւնը, Եւ Նո՛յն Հասցէն` Թուրքիան»

Երէկ` չորեքշաբթի, 14 յունիս 2017-ին, Անթիլիասի մայրավանք այցելեց Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիկոս Անասթասիատես: Նախագահին պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կիպրոսի արտաքին գործոց, ներքին գործոց, տնտեսութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարարները, ինչպէս նաեւ այլ բարձրաստիճան պատասխանատուներ: Արամ Ա. կաթողիկոս վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահը: Հանդիպման ներկայ էին Օշական արք. Չօլոյեան, Գեղամ արք. Խաչերեան, Շահան արք. Սարգիսեան, Խորէն արք. Տողրամաճեան եւ Շահէ եպս....

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Սուրիոյ Հայութեան  Վերականգնումի Աշխատանքներուն

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Սուրիոյ Հայութեան Վերականգնումի Աշխատանքներուն

Արամ Ա. կաթողիկոս, Ազգային վարչութեան հետ միասին, Սուրիոյ հայութեան վերականգնումը դարձուցած է առաջնահերթութիւն իր հայրապետական աշխատանքի ծիրին մէջ: Սուրիահայութեան վերականգնումը նկատելով համահայկական տարողութեամբ կատարուելիք աշխատանք, այս ուղղութեամբ ան մնայուն կապի մէջ է թեմերուն, Սուրիոյ հայութեան օժանդակած կառոյցներուն եւ անհատներուն հետ, որպէսզի կազմակերպ հիման վրայ դրուի վերականգնումի հոլովոյթը: Այս օրերուն Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան կը գտնուի Անթիլիասի մայրավանք` վերականգնումի...

Վիգէն Դարբինեան` ԼՕԽ-ի Յարկին Տակ

Վիգէն Դարբինեան` ԼՕԽ-ի Յարկին Տակ

Երէկ` երկուշաբթի, 12 յունիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յատկանշական հանդիպում մը հայկական երգի ու երաժշտութեան հարազատ մեկնաբան Վիգէն Դարբինեանին հետ, որ աւելի քան մէկուկէս ժամ տեւողութեան երգեց իր հին ու նոր երգերէն` խանդավառութեան, միաձուլուած ապրումներու, յուզումի, բաժանումի ու միացման, տարբեր տեսակի սիրոյ, պայքարի եւ այլ զգացումներով ապրեցնելով ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու վարչութիւններուն...

ՀՄԸՄ-Ի 10-րդ Համահայկական  Մարզախաղերու  Կազմակերպման Միջնախարարական  Յանձնախումբի Նիստ

ՀՄԸՄ-Ի 10-րդ Համահայկական Մարզախաղերու Կազմակերպման Միջնախարարական Յանձնախումբի Նիստ

Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի 12 յունիսին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի 10-րդ համահայկական մարզախաղերու կազմակերպման միջնախարարական յանձնախումբի նիստը, որուն մասնակցեցան ՀՄԸՄ-Հայաստանի ազգային սկաուտական շարժում հասարակական կազմակերպութեան ատենապետ Դաւիթ Յակոբեան, Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան աշխատակազմի մարզառազմական եւ արտաուսումնական դաստիարակութեան վարչութեան պետ Արկադի Պետրոսեան, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան աշխատակազմի մարմնակրթութեան բարձրագոյն նուաճումներու քաղաքականութեան վարչութեան հասարակական...

Հեթում Աբղյ. Տաղլեան Եւ Աշոտ Աբղյ.  Խաչատուրեան Միացան Կիլիկիոյ  Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան

Հեթում Աբղյ. Տաղլեան Եւ Աշոտ Աբղյ. Խաչատուրեան Միացան Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան

Նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, շաբաթ, 10 յունիս 2017-ի երեկոյեան` Կիրակնամտից ժամերգութեան աւարտին, ձեռամբ ձեռնադրիչ` Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի եւ խարտաւիլակութեամբ կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեանի, դպրեվանքի շրջանաւարտներէն Հրայր սրկ. Տաղլեան եւ Մովսէս սրկ. Խաչատուրեան, կուսակրօն քահանայութեան իրենց առաջին քայլերը ծնրադիր ուղղեցին դէպի Ս. խորան: Կոչման արարողութեան ընթացքին, ընծայեալները նզովեցին բոլոր հերետիկոսներն ու հերձուածողները եւ յօժարակամ ընդունեցին...

Փակում` Սրբոց Հռիսփիմեանց  Կոյսերուն Նուիրուած Աղօթաշարքին

Փակում` Սրբոց Հռիսփիմեանց Կոյսերուն Նուիրուած Աղօթաշարքին

Սրբոց Հռիփսիմեանց տօնին առիթով երէկ` երկուշաբթի, 12 յունիսին Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հռիփսիմեանց կոյսերուն նուիրուած աղօթաշարքի փակման հանդիսաւոր Ս. պատարագը` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի քահանայից դասուն: Պատարագին յաջորդեց Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերու մասունքով ջրօրհնէք եւ խունկի օրհնութիւն:  Արարողութեան նախագահեց եւ ներկայ հաւատացեալներուն իր պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Առաջնորդ սրբազան հայրը իր քարոզին...

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ  Հրանդ Մարգարեան Հալէպի Հայկական  Կազմակերպութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ  Հանդիպում Մը Ունեցաւ

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան Հալէպի Հայկական Կազմակերպութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ Հանդիպում Մը Ունեցաւ

«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ հինգշաբթի, 8 յունիս 2017-ին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի ներկայութեամբ Հալէպի հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն միջեւ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ: Հանդիպման ընթացքին Մարգարեան անդրադառնալով Սուրիոյ պատերազմի եօթը տարիներուն սուրիահայութեան ծաւալած աշխատանքներուն ըսաւ. «Սուրիոյ մէջ պատերազմի առաջին օրերէն իսկ ՀՅԴ Բիւրոն Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան վերականգնումի մարմինի (ՍՇՕՎՄ) կազմութեան նախաձեռնեց: Անցնող եօթը տարիներուն, մեր կազմակերպութիւնը փորձեց իր բոլոր ուժերը...

Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ.  Լիբանանահայ Գաղութի Եւ Կրթական Կառոյցներու  Ներկայացուցիչները Միասնաբար Քննեցին Ազգային  Ինքնութեան Պահպանման Գործընթացին Մէջ  Հայ Դպրոցին Մարտահրաւէրները Եւ Հաստատեցին  Համագործակցութեան Անհրաժեշտութիւնը

Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ. Լիբանանահայ Գաղութի Եւ Կրթական Կառոյցներու Ներկայացուցիչները Միասնաբար Քննեցին Ազգային Ինքնութեան Պահպանման Գործընթացին Մէջ Հայ Դպրոցին Մարտահրաւէրները Եւ Հաստատեցին Համագործակցութեան Անհրաժեշտութիւնը

Համագաղութային մարտահրաւէրները եւ ծրագիրները միասնակամ մօտեցումով եւ հաւաքական պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ քննարկելն ու համապատասխան լուծումներու մասին խորհրդածելը  բոլոր ժամանակներէն աւելի դարձած են հրամայական ու այժմէական անհրաժեշտութիւն: Այս մտածողութեան ամրապնդման ու գաղութի հաւաքական  կեանքի օրակարգերու քննարկման ծիրին մէջ, շաբաթ, 10 յունիս 2017-ին, նորակառոյց Ազգային միացեալ վարժարանի յարկին տակ «Հայ դպրոցին դիմագաւած մարտահրաւէրները եւ առաջադրանքները` ազգային ինքնութեան պահպանման գործընթացին մէջ» խորագիրով համագումարին կազմակերպումը...

Հալէպի Հայկական Թաղերու Պաշտպանութեան  Ղեկավար Րաֆֆի Պչաքճեանի Նահատակութեան  Ա. Տարելիցին Նուիրուած Հոգեհանգիստ

Հալէպի Հայկական Թաղերու Պաշտպանութեան Ղեկավար Րաֆֆի Պչաքճեանի Նահատակութեան Ա. Տարելիցին Նուիրուած Հոգեհանգիստ

«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ կիրակի, 11 յունիսի առաւօտեան, Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. եւ անմահ պատարագի, Հալէպի հայկական թաղերու պաշտպանութեան ղեկավար Րաֆֆի Պչաքճեանի նահատակութեան առաջին տարելիցը եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ համախմբած էր հանգուցեալին հարազատները, գաղափարակից ընկերները եւ բազմաթիւ հալէպահայեր: Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան, Նոր Գիւղի «Տիգրանեան» սրահին մէջ հաւաքուած ժողովուրդին դիմաց նախ խօսք առաւ  Խորէն քհնյ. Պերթիզլեան, որ վեր...

Արցախի Նախագահը  Կը Պարգեւատրէ «Ազդակ»-ը

«Ազդակ»-ի 90-ամեակի Նշում Եւ Քննարկում Մասնակցութեամբ Արցախի Տեղեկատուական Հարցերու Պատասխանատուներուն Հետ

«Ազդակ»-ի 90-ամեակին առիթով 9 յունիս 2017-ին «Ապառաժ»-ի նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Արցախի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է հանդիպում «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանին հետ: Հանդիպումին կը մասնակցէին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, Արցախի Հանրապետութեան պետական օղակներու տեղեկատուութեան եւ մամուլի պատասխանատուներ, Արցախի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ, փորձառու լրագրողներ: Շահան Գանտահարեան ներկայացուցած է օրաթերթի 90-ամեակին առիթով կատարուած աշխատանքները` յատկապէս կարեւոր...

Արցախի Նախագահը  Կը Պարգեւատրէ «Ազդակ»-ը

Արցախի Նախագահը Կը Պարգեւատրէ «Ազդակ»-ը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 9 յունիսին ընդունած է «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր եւ տնօրԷն Շահան Գանտահարեանը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Արցախ-սփիւռք կապերուն առնչուող հարցեր: Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է տեղեկատուական ծիրին մէջ փոխադարձ գործակցութեան հետագայ խորացման եւ ընդլայնման: Երկրին ղեկավարը Շահան Գանտահարեանին յանձնած է «Երախտագիտութիւն» մետալը, պարգեւատրելով «Ազդակ»-ը` երկարամեայ ազգանպաստ գործունէութեան համար: Նախագահ Սահակեան բարձր գնահատած է «Ազդակ»-ի գործունէութիւնը` նշելով, որ...

Դատապարտումի Հեռագիր  Ֆրանսայի Պետութեան

Երեսփոխանական Գրասենեակ. Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտին Դիմած 18 Պարագայ Կը Ստանայ Իր Իրաւունքը

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 126-ամեակին առիթով յայտարարուած ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտերը արդէն իսկ սկսած են համապատասխան իրականացումը գտնել: Մայիս ամսուան ընթացքին, հայ ընտանիքի կազմութեան ֆոնտին (պսակադրութիւն) դիմում կատարած են 12 զոյգեր, որոնցմէ 11-ը, պայմանները ամբողջացուցած ըլլալով, արժանացած են ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին: Դարձեալ մայիս ամսուան ընթացքին, հայ մանուկի ֆոնտին (մկրտութիւն) դիմած 7-ը պարագաներէն 7-ն ալ արժանացած են ֆոնտէն օգտուելու...

Դատապարտումի Հեռագիր  Ֆրանսայի Պետութեան

Երեսփոխանական Գրասենեակի Նոր Բաժանմունք` «Ազատամարտ» Ակումբի Մէջ

Ուրախութեամբ կը յայտարարենք, որ 19 յունիս 2017-էն սկսեալ, Էշրեֆիէի «Ազատամարտ» ակումբին մէջ պիտի սկսի գործել Երեսփոխանական գրասենեակի երկրորդ բաժանմունքը` Պէյրութի մէջ բնակող մեր հայրենակիցներուն յատուկ: «Ազատամարտ» ակումբի նոր գրասենեակը պիտի գործէ երկուշաբթիէն ուրբաթ, ժամը 10:00-էն 4:00: ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Յուշ-Երեկոյ` Նուիրուած Հայութեան  Վրիժառու Բազուկ Եւ Արդարահատոյց  Սողոմոն Թեհլիրեանին

Յուշ-Երեկոյ` Նուիրուած Հայութեան Վրիժառու Բազուկ Եւ Արդարահատոյց Սողոմոն Թեհլիրեանին

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէին, ուրբաթ, 9 յունիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ-երեկոյ` նուիրուած հայ ազգի եւ Հայաստանի արդարադատ, վրիժառու բազուկ  Սողոմոն Թեհլիրեանին, որ մեր ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանական ահաւոր ոճիրին արդար, քաղաքական եւ ամբողջական հատուցումը պահանջելու ազգային մեր իրաւատիրութեան անմահ մարմնաւորումը հանդիսացաւ ու տակաւին կը շարունակէ եւ պիտի շարունակէ սերունդներ...

Համազգայինի Կերպարուեստի Դպրոցներ.  «Թորոս Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոցի  Աշակերտութեան Ամավերջի Ցուցահանդէս

Համազգայինի Կերպարուեստի Դպրոցներ. «Թորոս Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոցի Աշակերտութեան Ամավերջի Ցուցահանդէս

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան, երէկ` ուրբաթ, 9 յունիսին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի աշակերտութեան ամավերջի ցուցահանդէս: Բացման խօսքը արտասանեց «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի տնօրէն Վազգէն Մուղալեան: Ան նկատել տուաւ, որ միշտ փափաքած է տարեվերջի աշակերտական ցուցահանդէսը կազմակերպել յատուկ ցուցասրահի մը մէջ, ի մասնաւորի Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ, եւ այս...

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Ծաղկեպսակ  Զետեղեց Նահատակ Րաֆֆի Պչաքճեանի Շիրիմին

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Ծաղկեպսակ Զետեղեց Նահատակ Րաֆֆի Պչաքճեանի Շիրիմին

Չորեքշաբթի, 8 յունիսի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, պատկան մարմինի անդամներու եւ գաղափարակից ընկերներու հետ միասին այցելեց Հալէպի Ազգային  գերեզմանատան մէջ գտնուող հայկական թաղերու պաշտպանութեան հրամանատար, նահատակ Րաֆֆի Պչաքճեանի շիրիմը: Զարեհ քհնյ. Շաքարեանի աղօթքէն ետք, անոնք ծաղկեպսակ զետեղեցին եւ խունկ ու մոմ վառեցին հալէպահայ նահատակին շիրիմին առջեւ` առ ի յարգանք անոր անմեռ յիշատակին:

Արամ Ա. Կաթողիկոս Իրանի Նախագահին  Ուղղած Նամակով Դատապարտեց Թեհրանի Մէջ  Պատահած Ահաբեկչական Արարքները

Արամ Ա. Կաթողիկոս Իրանի Նախագահին Ուղղած Նամակով Դատապարտեց Թեհրանի Մէջ Պատահած Ահաբեկչական Արարքները

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիին յղած իր նամակով, Արամ Ա. կաթողիկոս խստօրէն դատապարտեց Թեհրանի մէջ յաջորդաբար խորհրդարանին եւ այաթոլլա Խումէյնիի դամբարանին դէմ կատարուած ահաբեկչական արարքները: Վեհափառ հայրապետը յատկապէս նշեց. «Ահաբեկչութիւնը ներկայ աշխարհին մէջ դարձած է համամարդկային չարիք: Չարիք մը, որ ազգ եւ կրօն չի ճանչնար. չարիք մը, որ կը փորձէ քանդել բարոյական, հոգեւոր ու մարդկային արժէքները եւ փոխադարձ յարգանքի ու վստահութեան...

Լրագրողներու Համահայկական Համաժողովները  Համակարգող Մարմինի Հերթական Նիստ

Լրագրողներու Համահայկական Համաժողովները Համակարգող Մարմինի Հերթական Նիստ

Լուսանկարը՝ Գ. Փանոսեանի 8 յունիսին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան նստավայրին մէջ նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի հերթական նիստը, որ կը վարէր «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի նախագահ Շահան Գանտահարեան: Նիստին կը մասնակցէին Լրատուամիջոցներու  համահայկական ընկերակցութեան նախագահ Տիգրան Յարութիւնեան, Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքի վարիչ Նաղաշ Մարտիրոսեան, Երեւանի պետական համալսարանի...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին, ուրբաթ, 2 յունիս 2017-ին, կեդրոնի հիմնադրութեան 30-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնէութեան եւ բժշկական անձնակազմին յատուկ երախտագիտական մտերմիկ ընթրիք մը` ներկայութեամբ կեդրոնի բարերարներ Մելքոն եւ Անահիտ Պուլղուրճեաններու որդիներուն` Վաչէ եւ Սալբի Պուլղուրճեաններու: Ներկայ էին նաեւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեան, Կեդրոնական կոմիտէն, Կեդրոնի յանձնախումբը եւ Շրջանային վարչութիւնը: Առ...

Page 260 of 365 1 … 259 260 261 … 365

Արխիւներ