Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սրբոց Հռիփսիմեանց Կոյսերուն Նուիրուած Աղօթքի Շաբթուան Մեկնարկ

June 7, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սրբոց Հռիփսիմեանց տօնին առիթով`  5-12 յունիս Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ Հռիփսիմեանց կոյսերուն նուիրուած աղօթաշարք մը, որուն բացումը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 5 յունիսին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ ներկայութեամբ թեմի քահանայից դասուն:

Աղօթքէն ետք ներկայ հաւատացեալներուն իր պատգամը ուղղեց առաջնորդ սրբազան հայրը: Ան նկատել տուաւ, որ աղօթքով պիտի ջերմացնենք սուրբերուն մասունքները եւ մեր կեանքին համար պիտի գտնենք առաջնորդութիւն ու զօրութիւն` աւելցնելով, որ Հռիփսիմեանց կոյսերը մեր պատմութեան հետ առնչուող սուրբեր են, եւ պատմական ակնարկ մը նետեց կոյսերու կեանքին եւ նահատակութեան վրայ: Սրբազան հայրը հաստատեց, որ դարեր ետք, թէկուզ սփիւռքեան պայմաններուն մէջ, մենք պիտի շարունակենք պահել Հռիփսիմեանց կոյսերու յիշատակը, որպէսզի մեր պատմութեան նայելով եւ անոնց կեանքի սրբութեան օրինակը դիտելով զօրանանք մեր ինքնութեան մէջ եւ սրբութիւն գտնենք մեր կեանքին համար` շեշտելով, որ ամէն վայրկեան պարտինք մղել հոգեւոր պայքար, որպէսզի մեր հաւատքը պաշտպանենք  բոլոր աղանդաւորական մտածողութիւններուն եւ  երեւոյթներուն դէմ, որոնք այսօր կ՛ապականեն մեր ինքնութիւնն ու հաւատքը: Նայինք Հռիփսիմեանց կոյսերու օրինակին, անոնք յանձն առին նահատակուիլ, որպէսզի իրենց ինքնութիւնն ու հաւատքը պաշտպանեն:

«Մեր ապրած աշխարհը ամէն օր նոր փորձութիւններու դիմաց կը դնէ մեզ, եւ անոնց պատճառով շատեր կ՛իյնան գիտակցօրէն կամ անգիտակցաբար եւ կը զոհեն այն, ինչ որ նուիրական է եւ կ՛ապահովէ քրիստոնեային ու հայուն կեանքի բնականոն ընթացքը: Քիչեր կը դիմանան եւ կը պայքարին այն երեւոյթներուն դէմ, որոնք խոտոր են մեր ազգի ու մեր եկեղեցւոյ կեանքին», շեշտեց առաջնորդ սրբազան հայրը` աւելցնելով, որ հաւատքի մարդը իր կեցուածքը անպայման կ՛արտայայտէ բարձրաձայն, խրոխտ կերպով եւ առանց վախի:

Եզրափակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը կոչ ուղղեց, որ մնանք իբրեւ հաւատք ունեցող եւ իր կեանքը սրբազան արժէքներով վարող ժողովուրդ, որպէսզի պատմութեան վկայութիւնը մեր մասին ըլլայ արդար, եւ մարդիկ մեզ ճանչնան իբրեւ արժանաւոր ժառանգորդները ժողովուրդի մը, որ մահուան քովէն անցնելէ ետք անգամ յաջողեցաւ յարութիւն առնել եւ բարձրանալ շնորհիւ իր առաքելահիմն ջինջ հաւատքին:

Աղօթքը փակուեցաւ «Տէր ողորմեա»-ի եւ Տէրունական աղօթքի երգեցողութեամբ:

Նախորդը

«Հայրենիքի Հանդէպ Ունեցած Պատասխանատուութեան Հարց Է»

Յաջորդը

Յիշատակի Օր` Նուիրուած ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի «Վիգէն Զաքարեան» Երիցական Փաղանգի Հիմնադրութեան Եւ Վիգէն Զաքարեանի Նահատակութեան 25-ամեակներուն

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.