Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ներքին Սեմինար Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանին Մէջ

Մայիս 31, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 20 մայիս 2017-ի օրը տօնական օր էր Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանին համար: Վարժարանի հայ ուսուցիչները, Մարսէյի Համազգայինի ներկայ վարչութիւնը` իր ամբողջական կազմով, նախկին վարչականներ, ծնողներու ներկայացուցիչներ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութենէն պատուիրակութիւն մը եւ Կեդրոնական վարչութեան կողմէ հրաւիրուած զեկուցաբերներ, ընդամէնը` 38 հոգի ճշդուած ժամուն ներկայ էին մասնակցելու «Մարսէյի Համազգայինի երկլեզու Ճեմարանին դերը ֆրանսահայ գաղութի հայկական դիմագիծի ապագայ հոլովոյթին մէջ» ընդհանուր խորագիրը կրող սեմինարին, որ տեղի ունեցաւ դպրոցի ընդարձակ սրահին մէջ (սեմինարի ենթախորագիրներն էին «Հայեցի դաստիարակութեան խնդիրը» եւ «Համազգայինը». սեմինարի ամբողջական յայտագիրը կցուած է սոյն թղթակցութեան):

Սեմինարի ընթացքին, անկախ զեկուցաբերներէն բոլորը առիթ ունեցան արտայայտուելու ներկայացուած խնդիրներուն մասին: Ամբողջ սեմինարին տեւողութեան հայերէնի ուսուցման խնդիրը առաջնահերթութիւն ունէր, մանաւանդ որ Մարսէյի հաստատութիւնը պաշտօնապէս երկլեզու է. այսինքն` իւրաքանչիւր աշակերտ ու ծնողք պարտաւոր են երկու լեզուներուն` հայերէնին եւ ֆրանսերէնին  նոյն կարեւորութիւնը ընծայելու:  Անգամ մը եւս շեշտը դրուեցաւ այն իրողութեան վրայ, որ աշակերտութեան մէկ կարեւոր համեմատութեան համար հայերէնը դադրած է մայրենի լեզու ըլլալէ. այդ պատճառով ալ դպրոցին մէջ յաջողութեամբ կը կիրարկուին հայերէնի ուսուցման մէկէ աւելի կացութիւններու յարմարող ձեւեր:

Սեմինարին բացումը կատարեց Մկրտիչ  Մկրտիչեան, որ նաեւ նախագահն էր «Հայեցի դաստիարակութեան խնդիրը» նիւթով նիստին:

«Հայեցի դաստիարակութիւնը` անցեալին եւ ներկայիս», նիւթը ներկայացուց Յակոբ Պալեան, «Հայեցի դաստիարակութիւնը. ապագայի հեռանկարներ» նիւթը` Յասմիկ Շահինեան, «Հայեցի դաստիարակութիւնը Մարսէյի Ճեմարանին եւ Թարգմանչաց վարժարանին մէջ. կացութիւն եւ մարտահրաւէրներ» նիւթին զեկուցաբերներն էին Սօսէ Մնակեան  եւ Մարալ Քարաօղլանեան (գրաւոր զեկուցման ընթերցում, ֆիլմի ցուցադրութիւն):

«Մարսէյի Ճեմարանի ճառագայթումը Մարսէյի եւ ընդհանրապէս Ֆրանսայի հայկական համայնքին վրայ. դպրոցը կրնա՞յ  նպաստել Մարսէյի համայնքի հայկական ինքնութեան գիտակցական ընկալման. ինչպէ՞ս», նիւթին մասին խօսեցաւ Անուշ Մատիլեան, «Հայեցի դաստիարակութիւնը Ֆրանսայի եւ ընդհանրապէս Եւրոպայի տարածքին» նիւթը ներկայացուց Աննա Յովհաննէսեան, «Ճեմարանի գործունէութեան հաշուեկշիռ. շրջանաւարտներ եւ շրջանաւարտներու միութիւն. ի՞նչ կարելի է ընել աշխուժացնելու համար միութիւնը» նիւթը` Շաքէ Ժամկոչեան:

Ապա տեղի ունեցաւ ընդհանուր քննարկում, համադրումը կատարեց Մկրտիչ Մկրտիչեան:

Երկրորդ նիւթն էր Համազգայինը, իսկ նախագահողը` Մկրտիչ Եափուճեան, որ նաեւ ներկայացուց «Համազգայինը (հակիրճ պատմութիւն, ներկայ կառոյց, կանոնագիր, առաքելութիւն եւ նպատակ, Համազգայինի գործունէութիւնը մեր օրերուն)» նիւթը:

«Մարսէյի Համազգայինի կառոյց. Համազգայինի Պէյրութի եւ Սիտնիի դպրոցներ: Մարսէյի Ճեմարանը ինչքանո՞վ կը ծառայէ Համազգայինի առաքելութեան» նիւթին մասին զեկուցեց Մկրտիչ Մկրտիչեան, «Մարսէյի Համազգայինի Ճեմարանը այսօր» նիւթը ներկայացուց Սեդա Պիպեռեան, «Հարցումներ. Մարսէյի Համազգայինի կառոյցի եւ Մարսէյի Ճեմարանի հարցերու քննարկում» նիւթը` Մկրտիչ Եափուճեան:

Մասնակիցները իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին նաեւ իմանալով Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ աշխարհացրիւ շրջաններու լայնածաւալ գործունէութեան մանրամասնութիւնները:

Երկար խօսուեցաւ վարժարանի ձեռք բերած յաջողութիւններուն, բայց նաեւ` դեռ բարելաւման կարօտ մարզերուն մասին: Շեշտը դրուեցաւ այն իրողութեան վրայ, որ դպրոցը իր վայելած համբաւին շնորհիւ այլեւս իւրաքանչիւր վերամուտին կը դրուի ցաւոտ երկընտրանքներու առջեւ: Արդարեւ, դիմումները բազմաթիւ ըլլալով, տնօրէնութիւնը կը գտնուի մանկավարժական կարգ մը հիմնական սկզբունքներ նկատի չունենալով աշակերտներ ընդունելու եւ կամ այդ սկզբունքները յարգելով` ակամայ հայ աշակերտներ մերժելու մղձաւանջային կացութիւններու մէջ: Բոլորը համոզուեցան յախուռն քայլեր առնելով այս վիճակին վերջ մը տալու անհրաժեշտութեան:

Ընդհանուր եզրակացութիւնը եղաւ այն, որ վիճակը գոհացուցիչ ըլլալով հանդերձ տակաւին շատ բան կայ ընելիք գործունէութեան բազմաթիւ մարզերու մէջ. այդ աշխատանքներուն համար մեծ դեր վերապահուած է դպրոցի շրջանաւարտներուն:

 

Նախորդը

Մհերին Յիշատակը Պանծացնող «Մհեր Ջուլհաճեան» Միջդպրոցական Շարադրական Մրցանք

Յաջորդը

Մուսթաքպալ Պլոքը Կոչ Կ՛ուղղէ` Ընտրական Նոր Օրէնք Մը Վաւերացնելու Առումով Ճիգ Չխնայելու

RelatedPosts

Շուշի Շրջանի 4 Գիւղեր Կտրուած Են  Արցախի Միւս Բնակավայրերէն
Գլխաւոր լուրեր

Շուշի Շրջանի 4 Գիւղեր Կտրուած Են Արցախի Միւս Բնակավայրերէն

Մարտ 30, 2023
Քալիֆորնիոյ Համագումարի Դատական Յանձնախումբը Ընդունած Է Արցախի Շրջափակումը  Դատապարտող Հայ Դատի Յանձնախումբի  Պաշտպանած Բանաձեւը
Գլխաւոր լուրեր

Քալիֆորնիոյ Համագումարի Դատական Յանձնախումբը Ընդունած Է Արցախի Շրջափակումը Դատապարտող Հայ Դատի Յանձնախումբի Պաշտպանած Բանաձեւը

Մարտ 30, 2023
Կալուզին Կը Հաստատէ Հայ-Ազրպէյճանական  Սահմանին Վրայ ՀԱՊԿ-ի Առաքելութեան  Տեղակայման Պատրաստակամութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին Կը Հաստատէ Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Վրայ ՀԱՊԿ-ի Առաքելութեան Տեղակայման Պատրաստակամութիւնը

Մարտ 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In