Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաշտօնական Բացում` Այնճարի Վերանորոգուած «Աղաճանեան Սանուց Տան»

Յունիս 6, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 4 յունիս 2017-ին, Հոգեգալստեան օրը, Այնճարի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ վերանորոգուած «Աղաճանեան սանուց տան» բացման արարողութիւնը` նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին եւ ներկայութեամբ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիայի ու Իտալիոյ եպիսկոպոսաց ժողովի ընդհանուր քարտուղար գերապայծառ Նունցիօ Կալանթինոյի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի, Այնճարի քաղաքապետին եւ շարք մը բարերարներու:

Եկեղեցւոյ մուտքին հոծ բազմութիւն մը ընդունեց ամենապատիւ հոգեւոր տէրն ու պաշտօնական հիւրերը` ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբին խանդավառ կատարումով: Հոգեւոր տէրը եւ պաշտօնական հիւրերը մուտք գործեցին եկեղեցի, ուր Այնճարի հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ Մեսրոպ ծ. վրդ. Թոփալեան մատուցեց սուրբ պատարագը:

Գէորգ եպս. Ասատուրեան
Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրեարք

Պատարագին ընթացքին իր պատգամը հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղեց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը: Ան ֆրանսերէնով բարի գալուստ մաղթեց պապական ներկայացուցիչին եւ պաշտօնական հիւրերուն ու անոնց ներկայացուց «Աղաճանեան սանուց տան» ամփոփ պատմականը: Ապա ան հայերէնով իր խօսքը ուղղեց ժողովուրդին եւ ներկայացուց Ս. Հոգեգալուստի դրուագը:

Ան նշեց, թէ Ս. Հոգիով է, որ մենք մկրտուեցանք եւ թէ այդ նոյն Ս. Հոգին է, որ մեզ կը զօրացնէ, կը լուսաւորէ, մեր մեղքերը կը քաւէ, կը մխիթարէ, որովհետեւ Ս. Հոգիին ներկայութիւնը կը վայելենք մեր մէջ, Քրիստոսի տուած խաղաղութիւնը մեր մէջ կը բնակի, եւ բոլոր դժուարին պայմանները կը յաղթահարենք Անոր զօրութեամբ, որովհետեւ Քրիստոս խոստացաւ մեզի հետ ըլլալ մինչեւ աշխարհիս կատարածը: Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը յիշեցուց, թէ հայ ժողովուրդը շատ աւելի դժուար օրեր տեսած է, բայց միշտ հաւատքը պահած: Երբ կարդանք աւետարանները, կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս Ս. Հոգին ուղղութիւն կու տար Քրիստոսի առաքեալներուն, նոյն ձեւով ալ 1700 տարիներ առաջ Ս. Հոգիին կանչը լսելով, հայերը ընդունեցին այս աւետիսը եւ հաւատարիմ մնացին Անոր:

                 Տէր Կարապետ քհնյ. Թադէոսեան
Հայր Ալիշան Աբարդեան

Ապա խօսք առաւ «Աղաճանեան տան» պատասխանատու հայր Ալիշան Աբարդեան: Ան մէջբերեց Յակոբ առաքեալի հետեւեալ խօսքը. «Մաքուր եւ անարատ բարեպաշտութիւնը Աստուծոյ եւ մեր Հօր առջեւ այս է. այցելել որբերուն` անոնց նեղութիւններուն մէջ»: Ան  անդրադարձաւ երջանկայիշատակ կարտինալ Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեան հօր գուրգուրանքին ու սիրոյ` հանդէպ բոլորին, մասնաւորապէս որբերուն, ծնողազուրկներուն եւ տնանկներուն: Անոր հայրական սրտին փափաքն էր հիմնել որբանոց կամ պատսպարան մը անչափահաս հայ կարիքաւորներուն համար: Այս ծրագիրին շինութիւնը ստանձնեց կարտինալ Աղաճանեանի յաջորդը` Իգնատիոս Պետրոս Պաթանեան կաթողիկոս պատրիարքը, որ               հանդիսացաւ թէ՛ հիմնադիրը եւ թէ՛ կառուցողը «Աղաճանեան սանուց տան»: Հայր Ալիշան Աբարդեան իր խօսքը ուղղելով ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ ըսաւ, թէ իր նախորդներուն նախաձեռնութիւնը ունեցաւ նաեւ ինք, երբ ստանձնեց «Աղաճանեան սանուց տուն»-ը վերանորոգելու աշխատանքը: Ան աշխատեցաւ ամէն ձեւով ապահովել պէտք եղած գումարը, որպէսզի կանգուն մնայ այս հոգատար հաստատութիւնը: Հայր Աբարդեան յայտարարեց անունները նուիրատուներուն, որոնք հոգացին «Աղաճանեան սանուց տան» վերանորոգման ծախսերը: Նուիրատուներն են` Իտալիոյ եպիսկոպոսաց ժողովը, Վրէժ եւ Սալմա Սապունճեան եւ Հայ կաթողիկէ թեմին աղքատախնամ մարմինը: Ծրագիրը մշակեց ճարտարապետ Թուֆիք Արիս:

Ապա գեղարուեստական յայտագիր մը ներկայացուցին «Աղաճանեան տան» սաները` երգելով հոգեւոր տաղեր, իսկ ջութակահար Մարինէ Հալլաճեան նուագեց «Աւէ Մարիա»-ն եւ «Կռունկ»-ը:

Վարդգէս Խոշեան                                                       Արամ Գարատաղլեան

Պատարագէն ետք ներկաները ուղղուեցան դէպի «Աղաճանեան սանուց տան» շէնքը, ուր կատարուեցաւ պաշտօնական բացումը վերանորոգուած շէնքին, որմէ ետք հոգեւոր հայրերն ու պաշտօնական հիւրերը ուղղուեցան ճաշարան «Արեւ»: Սիրոյ սեղանին շուրջ խօսք առաւ Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խոշեան: Ան յայտնեց, թէ ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ այս հանգամանքով եւ դրդապատճառներով Այնճար կատարած այցելութիւնը ունի աւելի քան յատկանշական նշանակութիւն: Ան ըսաւ նաեւ, թէ դէպի առաջ քալելու համոզումը պիտի ըլլայ արգասիքը գիւղի զաւակներուն հաւաքական աշխատանքին: Ան հոգեւոր տիրոջ ուղղելով իր խօսքը նշեց, որ գիւղի բովանդակ ժողովուրդը եկած էր ստանալու անոր հայրական օրհնութիւնը, որովհետեւ ան դէպի Բարձրեալն Աստուած իր հոգեպարար աղօթքով բարձրացուց անոնց տենչերը: Ան ըսաւ, թէ Հոգեգալստեան այս օրուան մէջ ամենապատիւ հոգեւոր տէրը իրենց ուժ եւ կարողութիւն բերաւ: Ան իր ներկայութեամբ ու հոգատարութեամբ ի յայտ բերաւ նաեւ իր հայեցի դիմագիծը: Քաղաքապետը խոստացաւ, որ Այնճար աւանին մէջ միշտ պիտի վերանորոգուին դպրոցներն ու եկեղեցիները, ակումբներն ու բոլոր հաստատութիւնները:

Մեթր Ժաք Չուխատարեանի պարգեւատրում
Վրէժ Սապունճեանի պարգեւատրում
Թուֆիք Արիսի պարգեւատրում
Նունցիօ Կալանթինոյի յուշանուէրի յանձնում

Ապա ամենապատիւ հոգեւոր տէրը լանջախաչով մը պարգեւատրեց գերապայծառ Նունցիօ Կալանթինոն, ինչպէս նաեւ պարգեւատրեց Վրէժ Սապունճեանն ու Հայ կաթողիկէ բարեսիրական հաստատութեան ներկայացուցիչ մեթր Ժաք Չուխատարեանը`                        Հայաստանէն բերուած յուշանուէրներով: Պարգեւատրուեցաւ նաեւ ճարտարապետ Թուֆիք Արիս:

Ճաշի աւարտին, ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ աղօթքով ներկաները բաժնուեցան:

Նախորդը

Վիգէն Դարբինեանի Զոյգ Ելոյթները` Պէյրութի Եւ Այնճարի Մէջ

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց Ուղղափառ Խորհրդարանականներու Պատուիրակութիւնը

RelatedPosts

Սէյրան Օհանեան Զրկուեցաւ  Պատգամաւորական Անձեռնմխելիութենէ
Գլխաւոր լուրեր

Սէյրան Օհանեան Զրկուեցաւ Պատգամաւորական Անձեռնմխելիութենէ

Փետրուար 9, 2023
ՀՅԴ Բիւրօ. «Հայաստանի Իշխանութեանը  Զգուշացնում Ենք` Փորձ Չանե՛լ Դաշնակիցների Հետ  Յարաբերութիւններ Հաստատել  «Առեւտր»-ի Տրամաբանութեամբ»
Գլխաւոր լուրեր

Ռուստամեան. «Մեծամասնութիւնը Իշխանութեան Եկած Է Խոստումով Մը, Բայց Կ՛իրականացնէ Բոլորովին Այլ Ծրագիր»

Փետրուար 9, 2023
ՀՅԴ- ՍԴՀԿ-ՌԱԿ Հանդիպում
Գաղութային

ՀՅԴ- ՍԴՀԿ-ՌԱԿ Հանդիպում

Փետրուար 9, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In