Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Զօրակցի Արցախի Մէջ Սարդարապատի Շունչով Հայոց Հողն Ու Իրաւունքը Պաշտպանող Հերոսներուն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Մայիս 30, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 100-ամեակի նախօրեակին, կիրակի, 28 մայիս 2017-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագին, տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք եւ հանդիսաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն` Սարդարապատի ճակատամարտին իրենց կեանքերը զոհաբերած քաջարի հերոսներու հոգիներու յիշատակին: Արարողութեանց հանդիսապետեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառը:

Ս. պատարագէն անմիջապէս ետք վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Սարդարապատի հերոսամարտին եւ վեհափառ հայրապետին անուանակոչութեան զոյգ առիթներուն նուիրուած յատուկ հանդիսութիւն, որուն ներկայ գտնուեցան քաղաքական կազմակերպութիւններու, զանազան միութիւններու ու հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալ հայորդիներ:

Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան հայրերուն` ուղերձ կարդաց Գարեգին վրդ. Շխրտմեան, որ իր խօսքին մէջ վեր առնելով Արամ Մանուկեանի հաւատքի ու կամքի զօրութիւնը, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին մէջ տեսաւ հաւատքի, տեսիլքի ու քաջութեան նոյն տիպարը` մասնաւորապէս շեշտելով Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի գծով ընթացող իրաւական դատի գործընթացը: Հայր սուրբը ըսաւ, որ արամները կու գան ու կ՛երթան, սակայն անոնց գո՛րծն է, որ յաւերժ կ՛ապրի ու կը գոյատեւէ:

Այնուհետեւ դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբին կատարողութեամբ հնչեցին Սարդարապատի հերոսամարտին նուիրուած ազգային ու հայրենասիրական երգեր, որոնցմէ են` «Արեւ ելաւ»ը, «Հիմի էլ լռենք»ը, «Սարդարապատ»-ն ու այլ երգեր:

Երգեցողութեանց աւարտին վեհափառ հայրապետը  տուաւ իր հայրապետական պատգամը: Կաթողիկոսը այս առիթով անդրադարձաւ մայիս 28-ի հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ ունեցած անկիւնադարձային հանգամանքին, զայն բնորոշելով որպէս «հայ ժողովուրդի ազատագրութեան ու անկախութեան պայքարին ոգին մարմնացնող թուական»: Հայրապետը իր պատգամին մէջ, որպէս տիպարներ` այսօրուան մեր կեանքին, ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երջանկայիշատակ կաթողիկոսներէն Գարեգին Ա. Յովսէփեան կաթողիկոսը եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանը:

Վերոյիշեալ երկու հսկաներուն մասին խօսելով` վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ ընդգծեց. «Գարեգին կաթողիկոս սովորական հոգեւորականի սահմաններէն դուրս գալով եւ ճշմարիտ  հոգեւորականի ոգիով ու հաւատքով «վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» մեր զինուորներուն, հերոսներուն ու մեր ժողովուրդին հետ եղաւ: Ան Սարդարապատի ճակատամարտին ոգի, հաւատք ու կամք ներարկեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն, եւ այսօր եւս նոյն ոգիով պէտք է առաջնորդուին մեր հոգեւորականները: Իսկ Արամ Մանուկեանը հայ ժողովուրդին հաւատքն ու կամքը արտայայտող հերոսական կեցուածքով «Երեւանը չե՛նք դատարկի» ըսաւ. եւ այսօր մենք որքա՜ն կարիքն ունինք, Հայաստանէն սկսեալ մինչեւ Արցախ եւ սփիւռք, այսպիսի ղեկավարներու, որոնք կարենան իրենց քաղաքական իմաստութեան միախառնել մեր ժողովուրդի մարտունակ ոգին», շեշտեց վեհափառ հայրապետը:

Արամ Ա. կաթողիկոս իր պատգամը աւարտեց` յիշելով մերօրեայ սարդարապատեան ոգիով մղուող արցախեան ճակատումները: «Մայիս 28-ն այսօր եւս կը շարունակուի: Այսօր Արցախի մեր հերոս տղաքը Սարդարապատի ոգիով կը կռուին` ըսելով, որ Արցախը մեզի կը պատկանի, Արցախի անկախութիւնը  մեր ժողովուրդի իրաւունքն է, եւ ո՛չ ոք կրնայ զայն մեզմէ խլել, եւ նոյն այս գիտակցութեամբ է, որ դէմ կը դնեն թշնամիի յարձակումներուն ու ոտնձգութիւններուն»: Նորին սրբութիւնը Գարեգին Ա. Յովսէփեան կաթողիկոսի շունչով թրծուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախի ժողովուրդին:

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» ու «Հայրապետական մաղթերգ» զոյգ քայլերգներով, որմէ ետք հայրապետը բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու եւ հաւատացեալ ժողովուրդին կողմէ ընդունեց շնորհաւորութիւններ ու բարեմաղթութիւններ:

 

 

Նախորդը

«Ընտրական Օրէնքին Մասին Խորհրդակցութիւնները Ընթացքի Մէջ Են, Եւ Կը Նախատեսուի, Որ Օրէնքը Նախքան 20 Յունիս Հրապարակուի» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

ՀՅԴ Քարոզչական Մարմին. Հայոց Պետական Մտածելակերպի Վերարժեւորում` Անկախ Պետականութեան Վերականգնման 99-Ամեակի Նշման Ընդմէջէն

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?