Հաղորդագրութիւն Թիւ 19
Ընդհանրապէս Սուրիոյ եւ մասնաւորապէս Հալէպ քաղաքին ապահովական պայմաններուն բարելաւուելէն ետք, Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինը որոշեց գործադրութեան դնել պատերազմական գործողութիւններուն պատճառով վնասուած կարիքաւոր հալէպահայերու գործարաններուն նորոգութեան ծրագիրը: Այս ծրագիրին գործադրութեան մեծապէս նպաստեցին Լոս Անճելըսի մէջ գործող Սուրիահայութեան օժանդակութեան մարմինը (SARF) եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղը: Արդ, նշեալ կողմերուն կը յայտնենք մեր երախտագիտական ու շնորհակալական զգացումները եւ կը մաղթենք,...




















