ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն ցաւով կը գուժէ շրջանիս վաստակաւոր ընկերներէն Բաբգէն Սասունիի մահը, որ տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 30 Հոկտեմբեր, 2017ին, Լոս Անճելըսի մէջ:
Պատասխանատու պաշտօններ վարած ընկեր Սասունի մեծ վաստակ ունի համայնքիս կազմակերպման մէջ:
Կեդրոնական Կոմիտէն իր ցաւակցութիւնը կը յայտնէ ընկեր Սասունիի ընտանիքին եւ իր գաղափարակից ընկերներուն:
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ