Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստան-Սփիւռք» Համաժողովին Անդրադարձում Եւ Հեռանկարներ» Նիւթով Բաց Լսարան

Նոյեմբեր 4, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Խօսնակ» պաշտօնաթերթին, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի, երէկ` ուրբաթ, 3 նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀԲԸՄ-ի «Ահրամճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային բաց լսարան` «Հայաստան-սփիւռք» համաժողովին անդրադարձում եւ հեռանկարներ» նիւթով:

Երեկոյին բացման խօսքը արտասանեց Անժել Միսիսեան, որ դիտել տուաւ, թէ կազմակերպուած համաժողովները, խորհրդաժողովները ընդհանրապէս կարեւոր են ու անպայման օգտակար, սակայն պէտք է հետեւիլ անոնցմէ բխած որոշումներու գործադրութեան եւ արդիւնքներուն:

Երեկոյի առաջին զեկուցումով հանդէս եկաւ Համբիկ Մարտիրոսեան, որ ներկայացուց Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համաժողովին իր արտասանած խօսքը, որուն մէջ կեդրոնացում կը կատարուէր միջինարեւելեան շրջանային մարտահրաւէրներուն, ազգային անվտանգութեան, ազգ-բանակ կապի ամրապնդման: Ան նախ անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի եռուն վիճակին, անոր տուն տուող պատճառներուն, երեւելի եւ քուլիսներու ետին գործող դերակատարներուն, արձանագրուած մեծ վնասներուն, որոնք բաժին ինկան նաեւ հայութեան: Առ այդ, ան հաստատեց, որ միջինարեւելեան զարգացումներուն հետեւողն ու կրողն է հայութիւնը: Ապա Համբիկ Մարտիրոսեան խօսեցաւ քրտական վերջին իրադարձութիւններուն մասին` դիտել տալով, որ հայութիւնը անոնց առնչութեամբ պէտք է նոր քաղաքականութիւն որդեգրէ, որպէսզի կասեցնէ քրտական ախորժակները` մեր  հողերուն տէր կանգնելու, ինչպէս նաեւ զարթօնք յառաջացնէ իսլամացած հայերուն մէջ:

Ապա ան լուսարձակի տակ առաւ Հայաստանի մէջ դերակատար դառնալու Արեւմուտքի փորձերն ու Ռուսիոյ դերակատարութիւնը` դիտել տալով, որ թէեւ Արեւմուտքը կը փորձէ Ռուսիոյ կշիռը նուազեցնել հայկական հարցերուն գծով, սակայն Հայաստանի իշխանաւորները արթուն ու զգաստ են անհրաժեշտ կեցուածքներով հանդէս գալու եւ ըստ այնմ գործելու: Իր խօսքին մէջ «Խօսնակ»-ի խմբագիրը անդրադարձաւ հայութեան կամքին ու վճռականութեան` դիմադրելու ամէն տեսակ մարտահրաւէրի, կառչելու հողին ու պատիւին, պաշտպանելու արժէքները` հաստատելով, որ այս իմաստով շատ կարեւոր է ազգ-բանակ օղակաւորումը, որ հիմք կը ծառայէ զօրեղ հայութիւն եւ հզօր հայրենիք ունենալու:  Եզրափակելով` Հ. Մարտիրոսեան ըսաւ, որ այսօր կայ նոր եւ հին սփիւռք, աւելցած են վտանգներն ու դժուարութիւնները, ուստի բոլորս միասնաբար եւ համադրուած ճիգերով պէտք է հետեւողական աշխատանքի լծուինք նոր սերունդին մէջ ամրապնդելու ազգային գիտակցութիւնը, լեզուի ու մշակոյթի գիտութիւնը, որպէսզի անիկա սիրէ ազգն ու հայրենիքը եւ պատրաստ ըլլայ ծառայելու, նուիրուելու անոր: Ան նաեւ շեշտեց, որ պէտք է ծրագրուած աշխատանք տանիլ կասեցնելու Հայաստանէն արտագաղթը, համախմբուիլ հայրենիքին շուրջ, Հայաստանով եւ սփիւռքով նեցուկ կանգնիլ բանակին, Արցախի հարցով միշտ ըլլալ միասնական եւ ծաւալել գործնական աշխատանք:

Երկրորդ զեկուցաբերն էր Ալեքսան Քէօշկերեան, որ Հայաստանի նախագահին եւ վարչապետին կատարած յայտարարութիւններէն մէջբերումներ կատարելով անդրադարձաւ Հայաստանի դիմագրաւած ներկայ դժուարութիւններուն, որոնք բաւական զգայուն չափերու հասած են: Ան հաստատեց, որ այսօր ներգաղթ կազմակերպելու կամ այդ մասին խօսելու զուգահեռ եւ անկէ առաջ պէտք է կասեցնել վտանգաւոր ծաւալներու հասնող արտագաղթը, ինչ որ կարելի կը դառնայ երկրին մէջ ընկերային եւ տնտեսական կացութեան բարելաւումը իբրեւ թիրախ ունեցող քաղաքականութեան մշակումով: Ալեքսան Քէօշկերեան նախագահին եւ վարչապետին խօսքերէն մեկնելով դիտել տուաւ, որ այդ առումով յստակ ծրագիրներ կամ ուղղութիւններ չկան տակաւին, այդ պատճառով ալ հարցերը կը յամենան, հետեւանքները կը սաստկանան, ինչպէս նաեւ ընկերային անարդարութեան երեւոյթները, զինուորական ծառայութեան իմաստով եղած խտրականութիւնը աւելի շեշտուած կերպով ի յայտ կու գան: Անոր համաձայն, ամուր բանակը կը կազմաւորուի հոն, ուր կան տնտեսական եւ ընկերային ընդունելի պայմաններ, որոնք կարեւոր են երկրի մը կայունութեան եւ զարգացման համար: Զեկուցաբերը հաստատեց, որ եթէ պետութիւնը  ներգաղթի համար անհրաժեշտ ընդունելի պայմաններ ստեղծէ, ուրեմն իրենք անվերապահ կերպով կը ձեռնարկեն օժանդակելու ներգաղթին, սակայն մօտիկ հորիզոնին վրայ այդ իրականութիւնը չ՛երեւիր: Ան շեշտեց, որ աշխատանք պէտք է տանիլ ստեղծելու կարելիութիւններ, որպէսզի սփիւռքահայն ու հայաստանաբնակ հայը միասնաբար գործեն ի շահ իրենց հայրենիքի բարգաւաճման ու զարգացման, ներգաղթը լոկ ունեւորներուն տրուած առիթ մը չըլլայ:

Իր խօսքի վերջին բաժինով Ալեքսան Քէօշկերեան անդրադարձաւ համաժողովներուն, որոնք կարեւոր եւ օգտակար են, որքան ալ որոշ քննադատութիւններ հնչեն անոնց հասցէին ու կարգ մը մատնանշումներ կատարուին` աւելցնելով, որ սփիւռքի նախարարութեան աշխատանքը շատ կարեւոր եւ արդիւնաւէտ է:

Վերջին զեկուցաբերն էր Շահան Գանտահարեան, որ նախ համընդհանուր կերպով անդրադարձաւ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան եւ այդ ձեւաչափով ցարդ յաջողութիւն արձանագրած երկու հիմնական նախաձեռնութիւններուն` «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Կեդրոնական, տարածաշրջանային ու տեղական յանձնախումբերուն, որոնք բաւական նկատառելի արդիւնքներ տուած են: Արդարեւ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը 25 տարուան ընթացքին իրագործեց 50 հազար ծրագիր` 330 միլիոն տոլարով եւ 700 հազար մասնակից նուիրատուով: Ասոնց զուգահեռ ան յիշեց սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ ոլորտային, մասնագիտական համաժողովներու կազմակերպումը, որոնք առիթ են համախմբումի, միասնաբար քննարկում կատարելու եւ ռազմավարութիւն ճշդելու:

Ապա ան մանրամասնօրէն եւ համապատասխան անձնաւորութիւններու յայտարարութիւններէն մէջբերում կատարելով զեկուցեց Համահայկական խորհուրդի կազմութեան վերաբերող քննարկումներուն մասին, որոնք տեղի ունեցան 18-20 սեպտեմբերին Երեւանի մէջ, Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համահայկական համաժողովի ծիրին մէջ: Ան յատկապէս ծանրացաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի` այս առիթով արտասանած խօսքին վրայ, ուր կային նման խորհուրդի մը կազմութեան հիմնական ուղղութիւններն ու սկզբունքները, որոնց մէջ հիմնական է Հայաստանի, Արցախի, սփիւռքի եւ հայոց եկեղեցւոյ ներկայացուածութիւնը, սփիւռքի աւանդական կառոյցներու գործունէութիւնը չխաթարելը, խորհուրդին ազգային, քաղաքական, խորհրդատուական բնոյթ ունենալը եւ այլն:

Շահան Գանտահարեան անդրադարձաւ նիստէն բխած եզրակացութիւններուն, որոնց մէջ հիմնականը այն է, որ խորհուրդը դառնայ համազգային գործակցութեան խորհրդանիշ եւ անոր ուժով հանդէս գայ իբրեւ խորհրդակցական մարմին` համազգային նշանակութիւն ունեցող հարցերու շուրջ, ստեղծելու աշխատանքային յանձնախումբ այս բոլորը նկատի ունենալու եւ կանոնագիրի նախագիծ մշակելու համար:

Իր խօսքը եզրափակելով ան ըսաւ, որ միասնական աշխատանքը եւ պետականութեան շուրջ համախմբուիլը առաջնային առաջադրանք է հայաստանակեդրոն, պետականամէտ սփիւռքի մը ձեւաւորման, միասնական աշխատանքի ծաւալման, որ միայն չ՛ընդգրկեր ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցման խնդիրներու հետապնդումը: «Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացումը, Արցախի միջազգային ճանաչումը, հայոց բանակին օգտակար դառնալը, ջաւախքահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան հրամայականը, եւ տակաւին` միջինարեւելեան գաղութներու ճգնաժամերը` Իրաք, Սուրիա եւ վաղը գուցէ նաեւ այլ երկիրներ, հասնելու համար արեւմտահայերէնի պահպանման ու զարգացման խնդիրներ եւ բազում առաջնահերթութիւններ` օրակարգային նիւթեր են, որոնց շուրջ կայ, գոյութիւն ունի ընդհանուր միացեալ մօտեցում, մտահոգութիւն եւ միասին աշխատելու անհրաժեշտութիւն», հաստատեց Շահան Գանտահարեան` աւելցնելով, որ առանձին, հատուածական աշխատանքներով կարելի չէ միեւնոյն արդիւնքներուն հասնիլ, ինչպէս` միասնական ճիգերով:

Աւարտին իր խօսքը փոխանցեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, որ համահայկական ժողովները կարեւոր նկատեց միասնաբար քննարկումներ կատարելու, հարցերը սեղանին դնելու եւ համապատասխան լուծումներ առաջարկելու առումով: Ապա ան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ վստահութիւնը չի կրնար ինքնըստինքեան ձեւաւորուիլ, այլ` ժամանակի, փոխադարձ կապի հաստատման եւ գործակցութեան հիման վրայ` աւելցնելով, որ երեկոյին ընթացքին արտայայտուած մտահոգութիւնները Հայաստանի ընդդիմութեան կողմէ եւս կ՛արտայայտուին, եւ Հայաստանի իշխանաւորները առիթ կու տան այդ դժգոհութիւններու դրսեւորման` ի տարբերութիւն դրացի երկիրներուն եւ յատկապէս Թուրքիոյ մէջ այս գծով եղած բիրտ վարուելակերպին, որովհետեւ միասնականութիւն չի նշանակեր միակարծութիւն: Դեսպանին համաձայն, Հայաստանի ապրած դժուարութիւններուն հիմնական պատճառը անոր աշխարհագրական դիրքն է, եւ զանոնք յաղթահարելու ձեւերը բազմազան չեն, ատկէ մեկնելով է, որ կը գործեն իշխանաւորները եւ կացութիւնը սերտելով կը փորձեն լուծումներ գտնել: Ան կարեւոր նկատեց համահայկական ճիգեր ի գործ դնելը առկայ խնդիրներու լուծման համար` շեշտելով, որ սփիւռքը այս առումով մեծ դերակատարութիւն ունի: Դեսպանը խօսեցաւ նաեւ բանակին մասին, ուրկէ եւս զերծ չեն հարցերն ու դժուարութիւնները, բայց եւ այնպէս միասնականութեամբ, ժամանակի բերումով եւ համահայկական կամքով կարելի կ՛ըլլայ յաղթահարել ամէն խնդիր:

Երեկոյին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն մասնակցեցան Մարալ Արնէլեան (նուագ), Արամ Շահպազեան (երգ), Նանոր Արնէլեան եւ Յակոբ Զարմէնեան (ասմունք):

Նախորդը

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր (10). «Ապագայ Լրագրողներ»-ը Հետեւեցան Յօդուածագրութեան Կանոններուն

Յաջորդը

Հայ Աշուղական Երգի Անզուգական Մեկնաբան Վարդան Պատալեան Եւ «Շերամ» Համոյթը Հոգեկան Բերկրանքի Պահեր Պարգեւեցին Լիբանանահայ Արուեստասէր Հասարակութեան

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?