Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Աշուղական Երգի Անզուգական Մեկնաբան Վարդան Պատալեան Եւ «Շերամ» Համոյթը Հոգեկան Բերկրանքի Պահեր Պարգեւեցին Լիբանանահայ Արուեստասէր Հասարակութեան

November 4, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ մշակոյթին կեանք եւ ոգի ներարկող հայ երաժշտութիւնը մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ առանցքային դեր եւ տեղ ունի: Հայ գուսաններն ու աշուղները օրին իրենց ստեղծագործութիւններով հայ մշակոյթի անդաստանին մէջ անուրանալի աւանդ մը ձգեցին` քաջ գիտնալով, որ անոնք հայապահպանման առաքելութեան նպաստող ազդակներ են: Փաստօրէն, 21-րդ դարուն արուեստասէր հասարակութիւնը եւ ի մասնաւորի լիբանանահայ գաղութը անյագօրէն եւ անհամբեր կը սպասեն աշուղական երգերու համերգի կայացման:

Ուրբաթ, 3 նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ լիբանանահայ արուեստասէր հասարակութիւնը անխառն զգացումներով ներկայ գտնուեցաւ աշուղական երգերու մենահամերգի` կատարողութեամբ հայրենի աշուղական երգերու մեկնաբան Վարդան Պատալեանի: Համերգին յաւելեալ փայլք տուաւ հայկական ժողովրդային նուագարաններու «Շերամ» համոյթը: Ելոյթին հովանաւորն էր Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, իսկ կազմակեպողն էր Համազգայինի «Քնար» պարախումբի վարչութիւնը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի «Քնար» պարախումբի վարչութեան անդամ Դալար Սալխանեան: Ան յայտնեց, որ Համազգայինի «Քնար» պարախումբը լիբանանահայ գաղութին մէջ իր տեղն ու դերը շատոնց հաստատած է եւ հետեւողականօրէն ու անխափան կերպով կը շարունակէ իր ընթացքը: «Քնար» պարախումբը ամէն տարի իր պարային յայտագիրներով վայլեքի պահեր կ՛ընծայէ լիբանանահայութեան: Սակայն պարը առանց երգի ու նուագի պակասաւոր կը մնայ: Այս առումով Համազգայինի «Քնար» պարախումբի վարչութիւնը կու գայ ներկայացնելու ժողովրդային ու աշուղական երաժշտութիւն մեկնաբանող անզուգական «Շերամ» համոյթը, որուն կ՛ընկերակցի աշուղական եւ ժողովրդային երգերու հարազատ մեկնաբան Վարդան Պատալեան:

Դալար Սալխանեան նաեւ նշեց, որ սփիւռքի ափերուն այսօր դժուար է հայ մշակոյթի շուրջ համախմբել նորահաս սերունդը, որովհետեւ ներկայիս արհեստագիտութիւնը այդ սերունդը հեռու կը պահէ մեր մշակոյթի ակունքներէն: Բայց Համազգայինը կոչուած է թիավարելու հոսանքին ի վեր` ի խնդիր «մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» նշանաբանի կենսագործման եւ նորահաս սերունդներու մօտ հայեցի կրթութեան ու մշակոյթի դարբնումին: Այս առաքելութիւնը Համազգայինը ի գործ կը դնէ շնորհիւ իր երթին հաւատացող բարեկամներու, բարերարներու եւ մշակութասէր հասարակութեան:

Հուսկ բեմ բարձրացաւ ժողովրդային եւ աշուղական երգերու մեկնաբան Վարդան Պատալեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք Համազգայինին, ներկայացուց «Շերամ» համոյթի ստեղծումը եւ անդամները, որոնք կը բաղկանան հետեւեալ արուեստագէտներէն. Քամանչա` Վարդան Պաղտասարեան, թաւջութակ` Յովիկ Յովհաննիսեան, ուտ` Արա Նիկողոսեան, տհոլ` Էտկար Յովհաննիսեան, տուտուկ` Էմանուէլ Յովհաննիսեան, քանոն` Կարինէ Յովհաննիսեան, գեղարուեստական ղեկավար` Արմէն Խաչատուր:

Յայտագիրի ընթացքին լսուեցաւ Սայաթ Նովայի «Թամամ աշխարհ», «Տարտ մի՛ անի», Աշուղ Շահէնի «Անցայ գնացի», «Զեփիւռի նման», Աշուղ Հաւասիի «Էն քո սէրն է եար», «Ախ մի անգամ էլ զիջենք», Աշուղ Աշոտի «Սարի սիրուն եար», Աշուղ Շերամի «Պարտէզում վարդ է բացուած», «Մի բալա է», «Անուշ եար» երգերը, ինչպէս նաեւ Խաչատուր Աւետիսեանի ստեղծագործութիւններէն «Ով հայոց սարեր» եւ «Հայոց հովիկ»:

Յայտագիրի ընթացքին «Շերամ» համոյթը ներկայացուց աշուղական երգերու նուագներու շարան մը, որ մեծապէս գնահատուեցաւ ներկաներուն կողմէ:

Հայ աշուղական-ժողովրդային երգերու մեկնաբան Վարդան Պատալեան եւ «Շերամ» համոյթը իրենց եզակի համերգով անգամ մը եւս ապրեցուցին աշուղական երգերը եւ պանծացուցին մեր աշուղներու ստեղծագործութիւնները: Կը մնայ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել Համազգայինի «Քնար» պարախումբին` այս եզակի նախաձեռնութեան համար:

Նախորդը

«Հայաստան-Սփիւռք» Համաժողովին Անդրադարձում Եւ Հեռանկարներ» Նիւթով Բաց Լսարան

Յաջորդը

Ալիեւ. «Փութինի Հետ Անլոյծ Հարցեր Չեն Մնացած»

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.