Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրբ Պատարագ Խաչի Գիւտի Տօնին Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Առիթով. «Խաչը Մեզի Կեանք Տուաւ, Ուրախութիւն, Ներում Եւ Խաղաղութիւն Բերաւ Աշխարհին» Ըսաւ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը

Հոկտեմբեր 31, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 29 հոկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ` Խաչի գիւտի տօնին եւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով:

«Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը շքեղ թափօրով մուտք գործեց եկեղեցի եւ յառաջացաւ խորան` մատուցելու Ս. պատարագը` առընթերակայ պատարագակից ունենալով հայր Վարագ վրդ. Պէրպէրեանը եւ հայր Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեանը:

Յընթացս պատարագին ամենապատիւ հոգեւոր տէրը իր պատգամը տուաւ: Ան ըսաւ, թէ ըստ պատմական աւանդութեան, մօտաւորապէս 316 թուականին Հեղինէ կայսրուհին` Կոստանդիանոս կայսեր մայրը, ուխտագնացութեան կ՛երթայ Սուրբ Երկիր եւ հոն Գողգոթային վրայ փորել կու տայ, որպէսզի գտնեն Քրիստոսի խաչը: Վերջապէս կը գտնուին երեք խաչեր: Ինչպէ՞ս զանազանել: Բարեբախտաբար այնտեղէն դագաղով սգակիրներ կ՛անցնին, այդ դագաղին վրայ կը դնեն խաչերը, եւ երբ մահացած մարդը յարութիւն կ՛առնէ, կը հասկնան, որ այն է Քրիստոսի ճշմարիտ խաչը: Հոգեւոր տէրը ըսաւ, որ այս խորհուրդն է, որ 4-րդ անգամուան համար հայ եկեղեցին կը տօնէ իբրեւ Խաչի տօն:

Հոգեւոր տէրը ըսաւ, որ Խաչը մեզի կեանք տուաւ, ուրախութիւն եւ ներում բերաւ, հաշտութիւն բերաւ, խաղաղութիւն բերաւ աշխարհին. եթէ ճշմարիտ քրիստոնեաներ կ՛ուզենք ըլլալ եւ սեպուիլ, այս զգացումներով պէտք է մեր սիրտը լեցուի: Ինչո՞ւ Յիսուս խաչին վրայ ելաւ, որովհետեւ հայր Աստուած այնքան սիրեց մարդիկ, որ իր միածինը ղրկեց, որպէսզի զոհուի, արիւնը թափէ եւ անով փաստէ, որ ամէն ինչ կորսուած չէ, տակաւին մեզ սիրող կայ ի յաւիտենից եւ մինչեւ յաւիտեան:

Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը յայտնեց, որ սիրոյ նշան է խաչը. դրախտի ծառէն մեզի մահը հասաւ, այս խաչափայտէն մեզի կեանք տրուեցաւ. ապա կոչ ուղղելով ներկաներուն ըսաւ. «Պատրա՞ստ ենք այս կեանքը ընդունելու, այս սէրը ընդունելու, ճանչնալու, մեր կեանքի նպատակը դարձնելու: «Աստուած սէր է» առաջին պատուիրանն է, երկրորդը ասոր նման է. «Եղբայրդ սիրէ ոչ թէ քու անձիդ պէս, այլ ինծի պէս, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի եւ կեանքս զոհեցի ձեզի համար, դուք ալ նոյնպէս, ձեր եղբայրները պիտի սիրէք մինչեւ ձեր կեանքին զոհաբերումը»: Հրեաներուն օրէնքը հարիւրաւոր պատուիրաններ ունէր: Բայց օրէնքն ու մարգարէները` մէկ խօսք` սէր, այն աստիճան, որ Ս. Օգոստինոս կ՛ըսէ. «Սիրէ, յետոյ ուզածդ ըրէ», ուզածդ ըրէ ի՞նչ կը նշանակէ. միայն սիրով պիտի ընես, ուրեմն ինչպէս կ՛ըսէ Ս. Պօղոս. «Ան որ կը սիրէ, այլեւս կը ներէ, կը մոռնայ, չի նախանձիր, չ՛ուրախանար եղբօր անկումով, թերութեամբ, այլեւ կ՛ուրախանայ անոր յաջողութեամբ: Ընկեր եւ եղբայր սիրել կը նշանակէ ձեռք տալ անոր, հաց տալ, զգեստ տալ անոր, զինք մխիթարել, իրեն օգնել հոգեպէս, բարոյապէս եւ նիւթապէս»:

Հոգեւոր տէրը շեշտը դնելով եղբայրսիրութեան վրայ ըսաւ. «Բոլոր քարոզներուս մէջ եղբայրսիրութեան մասին կը խօսիմ: կ՛ըսեն, որ Յովհաննէս աւետարանիչ վերջին տարիներուն միմիայն եղբայրսիրութեան մասին կը խօսէր այն աստիճան, որ իրեն ըսին` մեզի ուրիշ բանի մասին խօսէ. օրէնքը եւ մարգարէները մէկ են, սիրոյ մէջ կը բովանդակուին: Սիրէ Աստուած եւ սիրէ ընկերդ, անկէ դուրս բան չկայ, մենք զմեզ չխաբենք»:

Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը իր պատգամի աւարտին ըսաւ. «Սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր, աղօթենք իրարու, որ հոս ենք եւ կը կազմենք այս ժողովրդապետութիւնը, Լիբանանի մեր համայնքը, բոլոր մեր քրիստոնեայ եղբայրակիցները հոս եւ այլուր, որոնք Քրիստոսի անունին համար, Քրիստոսի հաւատարմութեան համար կը չարչարուին,  խաչ կը հանուին, որպէսզի խաչին զօրութիւնը մեզ զօրացնէ եւ հաւատարիմ դարձնէ Քրիստոսի սիրոյն: Աստուած կ՛ուզէ, որ բոլոր մարդիկ, նոյնիսկ մեզ հալածողները դարձի գան, ճանչնան զինք, ճանչնան իր զաւակները, որ դուք էք, մենք ենք, եւ դարձի գան: Խնդրենք Աստուծմէ, որ մեզ դարձի բերէ. հասկնանք, թէ ինչպէ՛ս պէտք է սիրենք եւ ներենք մեր եղբայրը, որպէսզի ապրինք ինչպէս որ կ՛աղօթենք»:

Յաւարտ սուրբ պատարագին տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէք, ապա Հայ կաթողիկէ միութեան շեփորախումբին նուագին կշռոյթներով հանդիսաւոր թափօրը ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը ընդունեց հաւատացեալ բազմութեան ողջոյնները եւ տեղի ունեցաւ աջահամբոյր, որմէ ետք ներկաներուն բաշխուեցաւ մատաղը:

Եկեղեցական արարողութենէն ետք Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան կազմակերպութեամբ «Ռոյալ» պանդոկի ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ, որ սկիզբ առաւ Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին կողմէ ճաշասեղաններու օրհնութեան աղօթքով: Այնուհետեւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Մարալ Հարպոյեան-Չաքրեան: Ան ըսաւ, որ այսօրուան աւանդական, պաշտօնական, տարեկան ճաշկերոյթը հարուստ է իր նպատակներով` եկեղեցւոյ անուանակոչութիւն, Գիւտ խաչի տօն եւ եկեղեցւոյ բարեզարդում: Ան ըսաւ նաեւ, որ Խաչին տօնը ունի իր բացառիկ կարեւորութիւնը եւ նշանակութիւնը` իբրեւ խաչի խորհուրդի պանծացում եւ այդ տօնի յետադարձ պատմութիւն, հայութեան եւ Հայաստանի հետ ունեցած կապին պատճառով: Հայ ժողովուրդը կը նշէ այս տօնը`  Գիւտ խաչին, որպէսզի իր զաւակներուն ներշնչէ վառ եւ տոկուն հաւատքը Յիսուս Քրիստոսի: Անդրադառնալով օրուան երկրորդ նպատակին` եկեղեցւոյ բարեզարդման, Մարալ Հարպոյեան-Չաքրեան ըսաւ, որ իւրաքանչիւրը ունի իր անուրանալի արժէքը, հարստութիւնը եւ դերը Ս. Խաչ եկեղեցւոյ համար բարոյական եւ նիւթական աջակցութեամբ պատիւ եւ համբաւ բերելու: Ան իր խօսքի աւարտին հաստատեց. «Ս. Խաչ եկեղեցւոյ աջակից դառնալ կը նշանակէ դառնալ մասնակիցը եկեղեցւոյ առաքելութեան: Ձեր մասնակցութեամբ յոյս եւ հաւատք կը ներշնչէք»:

Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին ջութակով` Ռիթա Աստիկեան, երգեհոնով` Ժան-Փիեռ Աստիկեան: Իսկ Գէորգ Քէշիշեան տուտուկով եւ սրինգով մեծապէս խանդավառեց մթնոլորտը: Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն, ապա շահող թիւերը ստացան իրենց արժէքաւոր նուէրները:

Խօսք առաւ հայր Եղիա ծ. վրդ. Եղիայեան: Ան սրտի մեծ գոհունակութեամբ եւ գնահատանքի զգացումներով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, որոնք սիրայօժար ընդունեցին ճաշկերոյթին մասնակցիլ եւ իրենց լուման բերել եկեղեցւոյ բարեզարդումին ու բարգաւաճումին: Ան շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղեց բոլոր այն հաստատութիւններուն եւ միութիւններուն, որոնք իրենց օժանդակութիւնը եւ մասնակցութիւնը բերած են Ս. պատարագին եւ ճաշկերոյթին: Ան շնորհակալութեան եւ գնահատանքի խօսք ուղղեց ժողովրդապետութեան վարդապետներուն, դպրոցի տնօրէնութեան, տիկնանց միութեան անդամներուն, երգչախումբին, պատանեկան միութեան եւ շեփորախումբին` ամբողջ տարուան ընթացքին իրենց տարած աշխատանքին համար:

Հայր Եղիա ծ. վրդ. Եղիայեան շնորհակալութիւն յայտնեց ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ` Ս. պատարագին եւ ճաշկերոյթին նախագահութեան համար: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր հաստատութիւններուն եւ անհատներուն, որոնք ճոխացուցին ճաշկերոյթի յայտագիրը:

Խօսքի աւարտին ան կոչ ուղղեց բոլորին, որ միասնաբար բազմապատկեն ջանքերը, աշխատանքները, որպէսզի Ս. Խաչ համալիրը ըլլայ օրինակելի եւ արդիւնաւէտ: Աշխատանք տանին փնտռելով Աստուծոյ փառքը, ազգին բարգաւաճումը, եկեղեցւոյ պայծառութիւնը եւ սիրելի Լիբանանին խաղաղ օրեր:

Նախորդը

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Աշակերտները Թարգմանչաց Տօնակատարութեամբ Ուխտեցին Պահպանել Հայ Գիրն Ու Ժառանգութիւնը

Յաջորդը

«Ռաքքան Տակաւին Բռնագրաւուած Է Եւ Կ՛ազատագրուի Միայն Սուրիական Բանակին Քաղաք Մուտք Գործելով» Կ՛ըսէ Դամասկոս

RelatedPosts

Ակնարկ.  Տնտեսական Եւ Անվտանգային Գօտիներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Տնտեսական Եւ Անվտանգային Գօտիներ

Դեկտեմբեր 5, 2025
Ընկերվար Միջազգայնականը Ընդունած Է  Արցախի Վերաբերեալ Բանաձեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ընկերվար Միջազգայնականը Ընդունած Է Արցախի Վերաբերեալ Բանաձեւ

Դեկտեմբեր 5, 2025
Բագրատունի. «Վերջին 5 Տարիներուն Ընթացքին  Ամէնէն Վատ Ճգնաժամն Է, Որ Կ՛ապրինք»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Լիբանանահայերը Եկեղեցւոյ Եւ Վեհափառի Կողքին Են»

Դեկտեմբեր 5, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?