Ուրբաթ, 27 հոկտեմբեր 2017-ին, «Մանտալուն» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէի կազմակերպած դրամահաւաքի ճաշկերոյթը` ներկայութեամբ քաղաքական անձնաւորութիւններու, քաղաքապետական խորհուրդներու ներկայացուցիչներու, գործարարներու եւ բարեկամներու:
Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ կատարուած նուիրատուութիւններէն գոյացաւ 65.000 ամ. տոլար: Ձեռնարկի հասոյթը պիտի տրամադրուի ազգօգուտ նախաձեռնութիւններու գործադրութեան, ինչպէս նաեւ Անթիլիաս-Մըզհեր շրջանին մէջ նոր ծրագիրներու իրականացման:
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր նուիրատուներուն:
ՀՅԴ «ԱՂԲԱԼԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ