Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօն. «Ս. Խաչը Հզօրութիւն Է Հաւատքի Ճամբան Բռնողներուն Համար» Շեշտեց Շահէ Եպս. Փանոսեան

Հոկտեմբեր 30, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` կիրակի, 29 հոկտեմբերը իւրայատուկ օր էր Լիբանանի հայոց թեմին մէջ: Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս թեմի առաջնորդանիստ մայր եկեղեցին` Ս. Նշանը հանդիսաւոր արարողութեամբ նշեց իր անուանակոչութեան` Գիւտ խաչի տօնը:

Եկեղեցական արարողութեան նախագահեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Հաւատացեալներուն ուղղուած իր պատգամին մէջ առաջնորդ սրբազան հայրը շեշտը դրաւ Պօղոս առաքեալի այն խօսքին վրայ, թէ` խաչի մասին քարոզութիւնը յիմարութիւն է կորստեան ճամբան բռնողներուն համար, մինչ հաւատացեալներուն համար խաչը հզօրութիւն է: Այս բնաբանէն մեկնելով առաջնորդ սրբազանը կոչ ուղղեց, որ վերանորոգենք մեր նախնիներուն հաւատքը խաչի խորհրդանիշին նկատմամբ: Շահէ եպս. Փանոսեան յայտնեց, որ այս մտածումները տարին քանի մը անգամ եւ մանաւանդ Գիւտ խաչի տօնին մեր ուշադրութեան կը յանձնէ, որովհետեւ միշտ չէ դժբախտաբար, որ հասու կը դառնանք Քրիստոսի խաչի խորհուրդին:

Այնուհետեւ առաջնորդ սրբազան հայրը ներկայացուց, թէ ինչպէ՛ս 4-րդ դարու սկզբնաւորութեան Բիւզանդիոնի Մեծն Կոստանդիանոս կայսեր մայրը` Հեղինէ թագուհին գնաց Երուսաղէմ եւ նախաձեռնեց Քրիստոսի խաչը գտնելու աշխատանքին: Մեկնելով ներկայացուած պատմական իրողութենէն` առաջնորդ սրբազանը նշեց, որ Գիւտ խաչի տօնին առիթով այսօր մենք եւս կոչուած ենք մեր կեանքին ընդմէջէն գտնելու խաչը այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ կարծես համաշխարհայնացումին պատճառով հետզհետէ աւելի կը հեռանանք ամէն տեսակի հոգեւոր արժէքներէն: Սակայն այսօր թէկուզ եւ ապրելով նոր արժէքներու համակարգի մը մէջ, պէտք է յիշենք, որ Ս. եկեղեցւոյ զաւակներն ենք եւ հզօր ենք խաչով, ու մեր նախնիներուն աւանդութիւններով:

Առաջնորդ սրբազան հայրը եզրափակեց իր քարոզը նկատել տալով, որ Գիւտ խաչի տօնին առիթով պարտինք զգալ, թէ այս սրբազան տաճարը խաչի ճամբով է, որ ամբողջ տասնամեակներ իր առաքելութիւնը տարաւ` լոյս եւ հաւատք տարածելով: Պէտք է միշտ յիշել, որ խաչը եւ խաչեալը մեզի հետ են` ցոյց տալով յաւիտենական կեանքի ճամբան: Բայց մանաւանդ պէտք է մեր աղօթքներուն մէջ յիշենք Պօղոս առաքեալին խօսքը, թէ` խաչը զօրութիւն է մեզի` հաւատացեալներուս համար, զօրութիւն մը, որ կ՛ամրապնդէ մեր գիտակցութիւնը եւ հաւատքը:

Ս. պատարագէն ետք ներկայ հաւատացեալները առաջնորդ սրբազանին գլխաւորութեամբ խաչի թափօրով ուղղուեցան Քաղաքի Ազգային առաջնորդարանի շրջափակը, ուր տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէք: ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի սկաուտները օժանդակեցին մատաղի բաշխման աշխատանքին:

Եկեղեցական արարողութիւններէն ետք, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ «Կապրիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան` կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին:

Թաղական խորհուրդին անունով բարի գալստեան խօսքը արտասանեց Սմբատ Ղազելեան, որ խօսեցաւ լիբանանահայ գաղութի պատմութեան մէջ Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ ունեցած իւրայատուկ դերակատարութեան մասին` նկատել տալով նաեւ, որ շաբաթներ առաջ տեղի ունեցաւ Սրբոց Թարգմանչաց տօնի նշումը:

Ղազելեան յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ թարգմանչական աշխատանքին` կոչ ուղղելով մտածելու ազգի բարօրութեան եւ վերելքին մասին: Ղազելեան թարգմանչաց սերունդին կարեւորութիւնը շեշտեց մանաւանդ մեկնելով այն իրողութենէն, որ Ս. Նշան եկեղեցին տասնամեակներ շարունակ ծառայած է իբրեւ լուսաւորութեան ու կրթութեան օճախ:

Սիրոյ սեղանին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ նշեց, թէ տարին մէկ անգամ Գիւտ խաչի տօնի առիթով այս յարկին տակ գտնուիլը իւրայատուկ ուրախութիւն է: Իր խօսքը ուղղելով ներկաներուն, որոնք մեծամասնութեամբ Ս. Նշան եկեղեցւոյ ծիրին մէջ գործող մարմիններու եւ դպրաց դասի անդամներ էին, առաջնորդ սրբազան հայրը մաղթեց որ անոնք մնայուն ներկայութիւն դառնան եկեղեցւոյ կեանքին մէջ` նշելով միաժամանակ, որ եկեղեցին անոնց աշխատանքով կը յարատեւէ:

Առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ Ս. Նշան մայր եկեղեցին լիբանանահայ գաղութի պատմութեան մէջ իր յատուկ տեղը ունի եւ պիտի շարունակէ ունենալ, եւ բարեբախտաբար տակաւին կան մարդիկ, որոնց ծառայութեան շնորհիւ այս եկեղեցւոյ առաքելութիւնը կը շարունակուի:

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական կարճ յայտագիր: Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ դպրաց դասը ներկայացուց քանի մը երգ, իսկ Շահէ Քէշիշեան ասմունքեց Համբիկ Մարտիրոսեանի «Իրաւունք չունիս» քերթուածը:

 

Նախորդը

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն. Կիրակնօրեայ Տօնավաճառ` Գործակցաբար ՄԱԿ-ի Բնակչութեան Հիմնադրամին Եւ RET Կազմակերպութեան

Յաջորդը

Անդրադարձ. 15-ամեայ Աշխատանքի Արգասիքը

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 19, 2025
Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?