Արիւնաքամ դարձնող եւ հայ ժողովուրդի նահատակները երկրորդ անգամ սպաննող արարքները խորհրդանշող Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ այս լուսանկարները անցեալ շաբաթավերջին կարելի եղաւ ստանալ շնորհիւ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան, «Ազդակ»-ի արաբերէն կայքի խմբագիր դոկտ. Նորա Արիսեանի ճիգերուն:
Այս առիթով դոկտ. Արիսեան երէկ երեկոյեան «Ազդակ»-ի հետ իր ունեցած կարճ հարցազրոյցին ընթացքին, յայտնեց, որ անցեալ ամսուան ընթացքին, երբ առաջին լուրերը հասած էին, թէ սուրիական բանակը կը մօտենայ Տէր Զօր եւ կը յաջողի ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն շրջափակումը ընդհատել, ինք կապեր հաստատած է սուրիացի լրագրողներու եւ զինուորականներու հետ` իմանալու համար Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ պարզած իրավիճակին մասին:
«Սակայն յստակ էր, որ նահանգը ամբողջութեամբ այդքան ալ դիւրին չէր սուրիական բանակին հակակշիռին տակ առնել: Մեծ թիւով արուարձաններ ազատագրելէ ետք, բանակը նախանցեալ օր ի վերջոյ յաջողեցաւ ազատագրել ամբողջ քաղաքը: Բնականաբար կարելի եղաւ մուտք գործել նաեւ Ռըշիտիէ թաղամաս ու քաղաքին հրապարակը, ուր կը գտնուի մեր եկեղեցին», ըսաւ դոկտ. Արիսեան:
Ան աւելցուց, որ կրցած է կապ հաստատել սուրիական «Իխպարիէ» պատկերասփիւռի կայանի լրագրող Ահմետ Համտուշի հետ, որ իր կեանքը վտանգի ենթարկելով եւ դժուարութեամբ կրցած է հազիւ հեռուէն նկարել այս չորս լուսանկարները: «Որովհետեւ ինչպէս գիտէք, ՏԱՀԵՇ-ի «մշակոյթին» մաս կը կազմէ իր լքած վայրերը ականուած վիճակի մէջ պահել, որպէսզի կարելի եղածին չափ յաւելեալ քանդում ու ոճիր կարենայ արձանագրել», ըսաւ ան:
Դոկտ. Նորա Արիսեան յայտնեց նաեւ, որ Համտուշին հարց տուած է եկեղեցւոյ ներքին բաժինին մասին, եւ ստացած հետեւեալ պատասխանը. «Եկեղեցին հազիւ հեռուէն կրցած ենք լուսանկարել, որովհետեւ ամբողջ շրջանը ականուած է, իսկ բանակը տակաւին չէ թոյլատրած եկեղեցի մուտք գործել»:
Դոկտ. Արիսեան աւելցուց նաեւ, որ Համտուշ «Իխպարիէ» կայանին համար իր պատրաստած տեսագրութեան մէջ անկէ լուսանկարներ սփռելով անդրադարձած է հայկական եկեղեցւոյ քանդումին, պատմած, որ դար մը առաջ Տէր Զօր վկայած է Օսմանեան կայսրութեան գործած Հայոց ցեղասպանութեան, եւ հասնելով ներկայ ժամանակաշրջանին աւելցուցած, որ ՏԱՀԵՇ եկած է սպանդի ենթարկելու հայ ժողովուրդին յիշողութիւնը նկատուող այս ուխտավայրը:
Տէր Զօրի Հայկական Եկեղեցւոյ Լուսանկարները՝
Լրագրող Ահմետ Համտուշի