ԼՕԽ-ի Աւանդական Տոհմիկ Օրը` Պուրճ Համուտի Հրապարակին Վրայ
Հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, նախագահութեամբ Ոսկի Կերեքմեզեանի, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, մասնակցութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանիին տակ գործող մասնաճիւղերուն եւ «Վ. Տեկիրմենճեան» խոհանոցին, շաբաթ, 28 հոկտեմբեր 2017-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն սկսեալ Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ հայկական աւանդական ու տոհմիկ օր: Տոհմիկ օրուան բացումը կատարեցին Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, օրուան նախագահ Ոսկի Կերեքմեզեան, ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչ Նելլի Վէքիլեան...


















