Համազգայինի «Քնար» պարախումբին հրաւէրով Լիբանան հասան ժողովրդային եւ աշուղական երգերու մեկնաբան Վարդան Պատալեան ու հայկական ժողովրդային նուագարաններու «Շերամ» համոյթը:
Լիբանանի գաղութային կառոյցներուն ծանօթանալու ծիրին մէջ անոնք երէկ այցելեցին «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր ծանօթացան կեդրոնին մէջ գործող մշակութային եւ տեղեկատուական կառոյցներու աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ այցելեցին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահ, ուր այսօր` ուրբաթ, 3 նոյեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին պիտի ունենան ելոյթ մը:
Իսկ շաբաթ, 4 նոյեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 9:00-էն սկսեալ հիւրերը ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէին կազմակերպութեամբ եւ նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Վրէժ Սապունճեանի, ելոյթ պիտի ունենան Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունենալիք ճաշկերոյթին: