Գաղութային

Լիբանանի Հայոց Թեմը Ընտրեց Ազգային  Ընդհանուր Ժողովի Իր Պատգամաւորները

Լիբանանի Հայոց Թեմը Ընտրեց Ազգային Ընդհանուր Ժողովի Իր Պատգամաւորները

Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի ընթացիկ շրջանի Գ. նիստը տեղի ունեցաւ երէկ` չորեքշաբթի, 15 նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Ազգային երեսփոխաններուն, Ազգային վարչութեան անդամներուն, Ազգային առաջնորդարանի յարկին տակ գործող խորհուրդներու եւ յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն: Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան բացուած յայտարարեց ժողովը: Սրբազան հօր բացման...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Եազիժի Պատրիարքին Ներկայացուցիչը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Եազիժի Պատրիարքին Ներկայացուցիչը

Երեքշաբթի, 14 նոյեմբեր 2017-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Անտիոքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքի ներկայացուցիչ, Աքքարի ու Թարթուսի առաջնորդ մետրոպոլիտ Պասիլիոս Մանսուրը: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր անդրադարձ կատարելու Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ եկեղեցիներու գործակցութեան, ինչպէս նաեւ շրջանին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն: Մետրոպոլիտ Պասիլիոս Եազիժի պատրիարքին կողմէ պատգամ մը յանձնեց վեհափառ հայրապետին:  

Աւստրալիոյ Մէջ.  Աւելի Քան 100 Լիբանանահայեր  Արդէն Իսկ Արձանագրուած Են

Աւստրալիոյ Մէջ. Աւելի Քան 100 Լիբանանահայեր Արդէն Իսկ Արձանագրուած Են

Սիտնիի եւ Մելպուռնի ակումբներուն մէջ կ՛ընդունուին լիբանանահայ դիմողները` Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն Լիբանանէն դուրս ապրող լիբանանահայութեան առցանց արձանագրութիւնը ապահովելու աշխատանքներուն ծիրին մէջ: Աւստրալիոյ ընտրական յանձնախումբին պատասխանատուները նշեցին, որ խանդավառութեան առաջին ալիքը արձանագրուեցան աւելի քան 100 լիբանանահայեր: Անդրադառնալու համար Աւստրալիոյ մէջ տարուող աշխատանքներուն` երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցանք Աւստրալիոյ ՀՅԴ-ի ընտրական յանձնախումբի պատասխանատուներուն հետ, որոնց հետ զրուցեցինք այս ծիրին մէջ կատարուած եւ...

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ներկայացուցչական  Ժողովը Աւարտեց Իր Աշխատանքները

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ներկայացուցչական Ժողովը Աւարտեց Իր Աշխատանքները

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ներկայացուցչական 46-րդ ժողովը իր աշխատանքները աւարտեց երկուշաբթի, 13 նոյեմբեր 2017-ին: Ժողովը լսեց շրջանաւարտ Շրջանային վարչութեան երկամեայ գործունէութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրը, եղան լուսաբանական հարցումներ, կատարուեցաւ ըստ էութեան համապարփակ քննարկում եւ համապատասխան գնահատական: Յառաջիկայ երկու տարուան գործունէութեան համար ներկայացուեցան կազմակերպական, սկաուտական, մարզական եւ տնտեսական առաջարկներ: Նկատի ունենալով, որ 2018-ն կը զուգադիպի ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին, ներկայացուեցան նաեւ այս առնչութեամբ գործադրելի շարք մը...

Յունաստանի Մէջ Ապրող Լիբանանահայերը  Խանդավառութեամբ Կը Սպասեն Իրենց  Քաղաքացիական Պարտքը Կատարելու Օրուան

Յունաստանի Մէջ Ապրող Լիբանանահայերը Խանդավառութեամբ Կը Սպասեն Իրենց Քաղաքացիական Պարտքը Կատարելու Օրուան

Երէկուան մեր թիւով ըսած էինք, որ «Ազդակ» պարբերաբար պիտի անդրադառնայ զանազան երկիրներու մէջ Լիբանանի 2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն սեմին տեղւոյն ՀՅԴ կառոյցներուն կատարած` արտերկրի լիբանանահայերու արձանագրութեան աշխատանքներուն: Անդրադառնալու համար Յունաստանի մէջ տարուող աշխատանքներուն` հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցանք Յունաստանի ՀՅԴ-ի ընտրական յանձնախումբի պատասխանատուներուն հետ, որոնց հետ զրուցեցինք այս ծիրին մէջ կատարուած եւ կատարուելիք աշխատանքներուն մասին: Յանձնախումբի պատասխանատուները ըսին, որ ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Իր Ցաւակցութիւնը  Կը Յայտնէ Իրանի Նախագահին`  Պատահած Երկրաշարժին Առիթով

Արամ Ա. Կաթողիկոս Իր Ցաւակցութիւնը Կը Յայտնէ Իրանի Նախագահին` Պատահած Երկրաշարժին Առիթով

Երէկ առաւօտ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Իրանի նախագահ` Հասան Ռուհանիին ուղղած իր նամակով, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու յատկապէս Իրանի հայ համայնքին, իր ցաւակցութիւնը յայտնեց Քերմանշահ նահանգին մէջ պատահած երկրաշարժին առիթով: Իր ցաւակցական նամակին մէջ վեհափառ հայրապետը յայտնեց նախագահին, որ կը բաժնէ իր եւ Իրանի ժողովուրդին ու յատկապէս երկրաշարժի զոհերու ընտանիքներուն եւ հարազատներուն խոր ցաւը` մաղթելով խաղաղ ու ապահով...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը չորեքշաբթի, 29 նոյեմբեր 2017-ին կը կազմակերպէ իր տարեկան դրամահաւաք-ռատիոթոնը, որ այս տարի կ՛ընթանայ «Բերքառատ Արցախ» կարգախօսով: Տրուած ըլլալով, որ արցախցի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը կը զբաղի հողագործութեամբ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը այս տարուան համար մշակած է ծրագիր մը, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ լուծել հայ հողագործին գլխաւոր հարցը` ոռոգման ջուրի ապահովումը. հակառակ անոր որ Հայաստանն ու Արցախը...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի 164-րդ նիստը գումարուեցաւ ուրբաթ, 10 նոյեմբեր 2017-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ` նախագահութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, ներկայութեամբ թեմի Երեսփոխանական, Ազգային կրօնական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան կազմերուն, նաեւ` շարք մը հրաւիրեալներու: Ազգային երեսփոխանական ժողովի 164-րդ նիստը հիմնականին մէջ յատկացուած էր թեմի գործադիր իշխանութեան նորընտիր երկու կազմերուն` Ազգային կրօնական...

Կիպրոսի Մէջ.  Լիբանանի Խորհրդարանական  Ընտրութիւններուն Ընդառաջ.  ՀՅԴ Շրջաններու Նախընտրական Աշխատանքը

Կիպրոսի Մէջ. Լիբանանի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Ընդառաջ. ՀՅԴ Շրջաններու Նախընտրական Աշխատանքը

Լիբանանի յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն Լիբանանէն դուրս ապրող լիբանանահայութեան պատշաճ մասնակցութիւն ապահովելու եւ անոր քուէարկութիւնը կազմակերպելու համար արդէն սկսած են ՀՅԴ շրջաններու նախընտրական աշխատանքները: «Ազդակ» պարբերաբար պիտի անդրադառնայ զանազան երկիրներու մէջ տարուող ՀՅԴ-ի նշեալ աշխատանքներուն: Անդրադառնալու համար Կիպրոսի մէջ տարուող աշխատանքներուն` հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցանք Կիպրոսի ՀՅԴ-ի ընտրական յանձնախումբի պատասխանատուներուն հետ, որոնք տեղեկացուցին, թէ Լիբանանի յառաջիկայ խորհրդանական ընտրութիւններու նախապատրաստական աշխատանքները սկսած...

Արամ Ա. Կաթողիկոսը Կ՛ընդունի  ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը

Արամ Ա. Կաթողիկոսը Կ՛ընդունի ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը

Շաբաթ, 11 նոյեմբեր 2017-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանին: Կեդրոնական վարչութիւնը եկած էր շնորհակալութիւն յայտնելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ցուցաբերած երկարամեայ աջակցութեան ու վստահութեան, ինչպէս նաեւ զեկուցելու ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին առնչուած յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին` խնդրելով վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնն ու հովանաւորութիւնը: Վեհափառ հայրապետը բարձր գնահատեց մէկ դարեայ գործունէութիւն...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Երկուշաբթի, 6 նոյեմբեր 2017-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը մասնաճիւղերու եւ յանձնախումբերու անդամուհիները հրաւիրեց հանդիպումի մը «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: Հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Բագրատունի ներկաները գնահատեց ԼՕԽ-ի ճամբով իրենց կատարած կամաւոր լայնածաւալ գործունէութեան համար` նշելով, որ ընկերային, առողջապահական, կրթական եւ այլ զանազան մակարդակներու վրայ խաչուհիներուն կատարած բարեգործութիւնները...

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբը  Սկսաւ Ներկայացնել Հենրիք Իբսենի  «Ժողովուրդի Թշնամին» Թատերախաղը

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբը Սկսաւ Ներկայացնել Հենրիք Իբսենի «Ժողովուրդի Թշնամին» Թատերախաղը

Անցնող շաբաթավերջին Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ երկու ելոյթներով ներկայացուց Լեւոն Շանթի թարգմանութեամբ Հենրիք Իբսենի «Ժողովուրդի թշնամին» թատերախաղը` բեմադրութեամբ Սուրէն Խտըշեանի: Այս այժմէական թատերախաղը կը ներկայացնէ ընկերութեան բարոյական անկումները եւ  ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս անհատ մը կը մեկուսացուի, երբ սկսի բացայայտել իշխանութիւններուն թերութիւնները: Ներկայացումին մէջ դերեր ստանձնած էին Վարդան Մկրտիչեան (բժիշկ  Թոմ Շթոքման), Գէորգ Նալպանտեան...

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր (11).  «Ապագայ Լրագրողներ»-ը Դաւիթ Իշխանեանէն  Իմացան Արցախի Վերջին Իրադարձութիւնները

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր (11). «Ապագայ Լրագրողներ»-ը Դաւիթ Իշխանեանէն Իմացան Արցախի Վերջին Իրադարձութիւնները

Լրագրութեան վարժողական ծրագիրին հերթական հանդիպումը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 10 նոյեմբեր 2017-ին, «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ: «Ապագայ լրագրողներ»-ը հանդիպում մը ունեցան ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան անդամ Դաւիթ Իշխանեանի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Դ. Իշխանեան ներկայացուց Արցախի վերջին իրադարձութիւնները, յատկապէս սահմանադրական փոփոխութիւններն ու նախագահական համակարգ թեւակոխելու փուլը: Ան անդրադարձաւ նաեւ 2017-2020 նախագահական ընտրութեան անցումային փուլին` աւելցնելով, որ 2020-ին...

«Պիել»-ի Մէջ.  Կլոր Սեղան` «Les Arméniens Du Liban.Cent  Ans De Présence» Խորագրեալ Գիրքին Մասին

«Պիել»-ի Մէջ. Կլոր Սեղան` «Les Arméniens Du Liban.Cent Ans De Présence» Խորագրեալ Գիրքին Մասին

Պէյրութի ֆրանսախօս գիրքի տօնավաճառի շրջագիծին մէջ, ուրբաթ, 10 նոյեմբեր 2017-ին,  «Պիել»-ի մէջ տեղի ունեցաւ կլոր սեղան մը վերջերս լոյս տեսած “Les Armeniens du Liban. Cent ans de presence” գիրքին մասին` մասնակցութեամբ Լեւոն Նորտիկեանի, Վահէ Թաշճեանի, Պութրոս Լապաքիի եւ Հանրի Լորանսի: Նիստավարն էր Քրիստին Պապիկեան-Ասաֆ, որ շեշտեց, թէ այս տեսակ հրատարակութիւններու պակասը մղեց հեղինակները գրելու այս գիրքը` ներկայացնելու համար հայութեան ներկայութիւնը...

Մամլոյ Լսարան Թիւ 133

ՄԱՄԼՈՅ ԼՍԱՐԱՆ ԹԻՒ 133 Նիւթ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ (1918-1920) ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՐԴԻԱԿԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐ Դասախօս` ՓՐՈՖ. ԱՇՈՏ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ (Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն) Տեղի կ՛ունենայ երկուշաբթի, 20 նոյեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ:

Պուրճ Համուտի Բնակարանային Ծրագիրի  Պաշտօնական Մեկնարկ Եւ 600 Ինքնաշարժ  Պարփակող Կառատան Բացում

Պուրճ Համուտի Բնակարանային Ծրագիրի Պաշտօնական Մեկնարկ Եւ 600 Ինքնաշարժ Պարփակող Կառատան Բացում

«Այս Ծրագիրին Յաջողութիւնը Փաստ Է Տարբեր Մակարդակներու Վրայ Համագործակցութեան, Որ Կը Նշանակէ Կայունութիւն Եւ Բարգաւաճում». Նուհատ Մաշնուք «Մինչ Ուրիշներ Կը Միտին Յոյսը Առեւանգել Մարդոցմէ, Մենք Ցաւը Կ՛Առեւանգենք Եւ Յոյս Կու Տանք». Յակոբ Բագրատունի «Ասիկա Առեւտրական Ծրագիր Չէ, Այլ Կը Միտի Սահմանափակ Եկամուտ Ունեցող Երիտասարդներուն Կարելիութիւն Տալ Չարտագաղթելու Եւ Շրջանին Մէջ Մնալու». Մարտիկ Պօղոսեան Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած առաջին սերունդները Լիբանանի մէջ...

ՀՅԴ «Շուշի» Կոմիտէ. Ընթրիք-Հանդիպում`  Ռաուտայի Ժողովուրդին Հետ.  «Երբ Կամքը Կայ, Հաւատքը Կայ,  Ուժը Անպայման Տեղ Կը Գտնէ»  Ըսաւ Յակոբ Բագրատունի

ՀՅԴ «Շուշի» Կոմիտէ. Ընթրիք-Հանդիպում` Ռաուտայի Ժողովուրդին Հետ. «Երբ Կամքը Կայ, Հաւատքը Կայ, Ուժը Անպայման Տեղ Կը Գտնէ» Ըսաւ Յակոբ Բագրատունի

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին, երէկ` ուրբաթ, 10 նոյեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-էն սկսեալ, Ռաուտայի մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիք-հանդիպում մը` ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանին: Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Վազգէն Յակոբեան: Ան դիտել տուաւ, որ հանդիպում-ընթրիքին նպատակն է մնայուն կապ հաստատել հայ ընտանիքներուն հետ, ապա ըսաւ, որ ՀՅԴ-ն ժողովուրդէն ծնած է...

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կազմակերպութեամբ.  Պարգեւատրում Պրէօվէի Պետական  Քննութեանց Բարձրագոյն  Նիշ Ապահոված Աշակերտներու

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կազմակերպութեամբ. Պարգեւատրում Պրէօվէի Պետական Քննութեանց Բարձրագոյն Նիշ Ապահոված Աշակերտներու

Ուրբաթ, 10 նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ հայկական վարժարաններու պրէօվէի պետական քննութեանց բարձրագոյն նիշ ապահոված աշակերտներու պարգեւատրման ձեռնարկ տեղի ունեցաւ` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի դաստիարակչական յանձնախումբին: Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան հայկական վարժարաններու տնօրէններ, ուսուցիչներ, ծնողներ եւ հոծ բազմութիւն մը: Յայտագիրին մեկնարկը տրուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի դաստիարակչական յանձնախումբի անդամ Նարօտ Քեչեպաշեան: Ան...

«Երիտասարդ Ընտանիքին Աստուածաշունչը»  Հատորին Հանդիսաւոր Շնորհահանդէսը

«Երիտասարդ Ընտանիքին Աստուածաշունչը» Հատորին Հանդիսաւոր Շնորհահանդէսը

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի կրօնական ժողովին երէկ` ուրբաթ, 10 նոյեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Մարաշի հայրենակցական միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Երիտասարդ ընտանիքին Աստուածաշունչը» հատորի շնորհահանդէսը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան: Ան նկատել տուաւ, որ «Երիտասարդ ընտանիքին Աստուածաշունչը» իր տեսակին մէջ եզակի, գունազարդ, արդիական ոճով եւ ինքնուրոյն...

ՀՅԴ «Ռոստոմ» Կոմիտէ.  Ընթրիք-Հանդիպում` Հայաշէնի Ժողովրդային Տան Մէջ

ՀՅԴ «Ռոստոմ» Կոմիտէ. Ընթրիք-Հանդիպում` Հայաշէնի Ժողովրդային Տան Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէին, երէկ` հինգշաբթի, 9 նոյեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-էն սկսեալ, Հայաշէնի ակումբին «Սեդրակ Աճեմեան»  սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիք-հանդիպում մը` ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Համբիկ Միսաքեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ ըսաւ, որ հաւաքին նպատակը նախապատրաստութիւնն է յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն, որոնք պիտի...

Page 248 of 365 1 … 247 248 249 … 365

Արխիւներ