Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն. Կիրակնօրեայ Տօնավաճառ` Գործակցաբար ՄԱԿ-ի Բնակչութեան Հիմնադրամին Եւ RET Կազմակերպութեան

Հոկտեմբեր 30, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, գործակցաբար ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնադրամին եւ RET կազմակերպութեան, երէկ` կիրակի, 29 հոկտեմբերին, Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ կիրակնօրեայ տօնավաճառ առաւօտեան ժամը 10:00-էն 5:00:

Բացման հանդիսութեան ներկայ էին Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Մարտիկ Արսլանեան եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ: RET կազմակերպութեան տնօրէն Աքասիա Փոլատեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ այս ծրագիրը արդիւնքն է ամիսներու դասախօսական շարքին եւ յատուկ դասընթացքներու, որոնց շնորհիւ 40 կիներ կրցան մասնակցիլ այս տօնավաճառին եւ վաճառել իրենց պատրաստած արտադրութիւնները: Փոլատեան շնորհակալութիւն յայտնեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնադրամին եւ բոլոր անոնց, որոնք մասնակից եղան այս ծրագիրի յաջողութեան:

ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնադրամի անդամ Նուշիկ Էթիէմեզեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք գործակցեցան համայնքի գիտակցութիւնը արթնցնելու` սեռային խտրականութեան դէմ պայքարին առումով, աւելցնելով, որ կիները մեր ընկերութեան հիմնաքարերն են, եւ այս կազմակերպութիւնները ամէն ձեւով պիտի օժանդակեն անոնց, որպէսզի ըլլան ինքնաբաւ եւ կարենան իրենց ներուժը օգտագործելով օժանդակել թէ՛ իրենց ընտանիքին եւ թէ՛ ընկերութեան:

ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնադրամը Լիբանանի մէջ կը գործէ տարբեր ազգերու պատկանող քաղաքացիներու եւ գաղթականներու հետ: Հիմնական նպատակը այս հիմնադրամին սեռային խտրականութեան դէմ պայքարն է եւ այդ պայքարի ջատագովումը տարբեր համայնքներու մէջ, առողջ սեռային յարաբերութեան ճամբով ծննդաբերութիւն եւ բռնաբարման հետեւանքներու բժշկական դարմանում ապահովելը:

Ինչ կը վերաբերի RET կազմակերպութեան, ան սկսած է իր գործունէութեան 2000 թուականին Ժընեւի մէջ եւ սկզբնական շրջանին աշխատած է ուսումնական ու կրթական ծրագիրներու վրայ, ընդհանրապէս Ափրիկէի եւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ: 2014-ին Լիբանանի մէջ ունեցած է իր գրասենեակը եւ կը գործէ կիներու պաշտպանութեան, սեռային խտրականութեան դէմ պայքարի բնագաւառներուն մէջ: Ինչ կը վերաբերի կիրակնօրեայ տօնավաճառին, ատիկա տեղի ունեցաւ այլ կազմակերպութիւններու հետ գործակցութեան ծիրին մէջ, եւ այս իմաստով աշխատանքները սկսած էին դեկտեմբեր 2016-ին: Այս աշխատանքները կը միտին 2 տարբեր քաղաքապետութիւններու հետ գործակցելով (Հարաւի եւ Պուրճ Համուտի) ծանօթացնել բռնութիւններու տեսակները, պատճառները եւ անոնցմէ ձերբազատման միջոցները, ինչպէս նաեւ քաղաքապետութիւններու դերակատարութիւնը այս բոլորին մէջ:

Պէտք է ըսել, որ այս կազմակերպութիւնները դասախօսութիւններու շարք մը պատրաստած էին կիներու յատուկ` անձնական եւ խմբային, որպէսզի անոնք տեղեակ ըլլան պաշտպանութեան ձեւերուն: Առաւել, այս կիները որոշ դասընթացքներու հետեւելով ձեռք ձգած էին զանազան հմտութիւններ, հետեւաբար անցնող տարիներուն իրենց բոլոր սորվածները այս տօնավաճառին ընդմէջէն ներկայացուցին հանրութեան: Արդարեւ, կիրակնօրեայ տօնավաճառին ցուցադրուած էին ձեռային աշխատանքներ, տուրմի ու քաղցրեղէններու տեսակներ, պահածոներ եւ այլ արտադրութիւններ: Իսկ այդ բոլոր արտադրութիւններուն հում նիւթը տրամադրուած էր ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնադրամին եւ RET կազմակերպութեան կողմէ` իբրեւ քաջալերանք եւ վաճառքէն շահի ապահովում: Պէտք է ըսել, որ զոյգ կազմակերպութիւնները այս ծրագիրին ընդմէջէն նաեւ կիներուն ցուցմունքներ տուին շուկայի հասկացողութեան մասին, ծրարաւորումին, համացանցի վրայ ծանուցում տեղադրելու եւ սակերու ճշդման մէջ, որպէսզի ապագային անոնք ըլլան ինքնաբաւ եւ կարենան իրենց տուներուն մէջ պատրաստուած արտադրութիւնները ծախելով շահ ապահովել:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդին անունով խօսք առաւ Ճորճ Գրիգորեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց RET կազմակերպութեան` ձեռնարկին իրականացման եւ գործադրուած ջանքերուն համար:

Աւելցնենք, որ այս տօնավաճառին իրենց մասնակցութիւնը բերին 40 հայ եւ տեղացի կիներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ստացաւ մասնակցութեան յատուկ վկայական Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Մարտիկ Արսլանեանի կողմէ:

 

 

Նախորդը

ԼՕԽ-ի Աւանդական Տոհմիկ Օրը` Պուրճ Համուտի Հրապարակին Վրայ

Յաջորդը

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօն. «Ս. Խաչը Հզօրութիւն Է Հաւատքի Ճամբան Բռնողներուն Համար» Շեշտեց Շահէ Եպս. Փանոսեան

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 19, 2025
Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?