Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին, երէկ` հինգշաբթի, 2 նոյեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-էն սկսեալ, «Ազատամարտ» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիք-հանդիպում մը` ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Վազգէն Պեքերեճեան: Ան ըսաւ, որ ընթրիք-հաւաքին նպատակն է ժողովուրդը տեղեակ պահել իր ծառայութեան համար 1970-ականներէն հաստատուած Երեսփոխանական գրասենեակին երկրորդ բաժանմունքին ակումբին մէջ բացումին մասին, ինչպէս նաեւ շեշտել 2018-ին տեղի ունենանիք Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն լիբանանահայութեան մասնակցելու կարեւորութիւնը:
Ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ հաւաքուած ենք պատմութիւն ունեցող կեդրոնի մը մէջ: Հակառակ դժուարութիւններուն եւ հայութեան նօսրացած թիւին, այս շրջանը իր իրաւունքներով, իր մշակութային, մարզական եւ բարեսիրական միութիւններով, իր եկեղեցիներով, իր դպրոցով կը շարունակէ մեր ժողովուրդի առօրեայ կեանքին մէջ հիմնական դերակատարութիւն ունենալ: Միշտ չէ, որ միայն քանակը անպայմանօրէն դերակատար է, բայց քանակին մէջ կեանքի արժէքային համակարգը մարդոց մտքերուն մէջ անհրաժեշտ է այնպէս մը զարգանայ, որ թիւին նուազելով հանդերձ կարելի ըլլայ հպարտ ըլլալ, որ մենք կը շարունակենք մեր ժողովուրդի ազգային ինքնութեան պահպանման եւ ամրապնդման սրբազան գործին մէջ պահել արժէքային համակարգը եւ ըլլալ գործօն դերակատար: Յակոբ Բագրատունի դիտել տուաւ, որ այս շրջանները մեր ժողովուրդին համար եղած են կազմակերպական գործի ուժեղացման, ինքնապահպանման գոյատեւման, քաղաքական ներկայութեան ապահովման օրինական դերակատարները: Այսօր դժբախտաբար այս շրջաններուն մէջ բնակողները նուազած են, բայց այս շրջաններուն համար տակաւին հաւատք ունեցողները եւ աշխատողները կը շարունակեն իրենց աշխատանքը, որպէսզի այս շրջանները մնան մեր ժողովուրդի գոյատեւման ամուր կռուան: Ան իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ հիմնական խնդիրը մեզի համար ինքնութեան պահպանման խնդիրն է: Ընտրութիւնները կու գան ու կ՛անցնին, բայց հիմնականը այն է, որ մենք կարենանք մեր ժողովուրդի գոյատեւման հիմքերը Լիբանանի մէջ ամրացնել: Եթէ Լիբանանի մէջ հայութիւնը տկար ըլլայ, սփիւռքահայութիւնը տկար կ՛ըլլայ անպայման, եւ եթէ սփիւռքահայութիւնը տկար ըլլայ, Հայաստանն ու Արցախը կը տուժեն, որովհետեւ հայութիւնը մէկ հսկայական շղթայ է, իւրաքանչիւր օղակ այդ շղթային մէջ կարեւորութիւն ունի: Եթէ մենք տասնամեակներ շարունակ պողպատեայ օղակ եղած ենք, մեծ թիւ ունեցած ենք, մեր աշխատանքն ու ծառայութիւնները ծաւալած ենք ի սփիւռս աշխարհին, այսօր պատճառ չկայ, որ թէեւ նօսրացած թիւով, բայց բազմապատկուած ճիգով եւ կորովով յաջողինք մեզի վստահուած գործը կատարել:
Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, որ իւրաքանչիւր հայու հայ մնալը այսօր կռիւ է, ճակատամարտ է, պատերազմ է, որ բոլորս միասնաբար պէտք է մղենք: Այս շրջանը միշտ ալ փաստած է, թէ ինչպէ՛ս մէկ անձի նման ոտքի կեցած է եւ մերժած բոլոր տեսակի խոտորումները, բոլոր տեսակի թեկնածուները, որոնք պարզապէս հայու արիւն կը կրեն: Մեզի համար հայ երեսփոխաններու թեկնածութիւնը վերապահուած է միայն հայկական հեղինակութիւններուն, հայկական կուսակցութիւններուն: Հայութեան ամրապնդման, ազգային ինքնութեան ամրապնդման համար, մեզի համար հիմնական է միասնաբար աշխատիլ եւ միասնաբար գործել, որպէսզի միասնաբար կարենանք մեր բոլոր երազները իրականացնել:
Բագրատունի իր խօսքի աւարտին կոչ ուղղեց ներկաներուն, որ երբեք անհանգիստ չզգան դիմելու, երբեք չվարանին մտածելու, որ մեր ժողովրդային տուները միայն Դաշնակցութեան ակումբներն են: Ան ըսաւ. «Մեր ակումբները միայն դաշնակցականներու համար չեն, այս տուները բաց են բոլորին, այս ակումբը եղած է մեր պահակ տղոց, կռուող տղոց, հայութիւնը եւ Լիբանանը պաշտպանած տղոց ննջարան, այս ակումբին մէջ ունեցած ենք վիրաւոր ու նահատակ, որոնց սիրոյն մենք պիտի շարունակենք պահել ու պահպանել մեր ինքնութիւնը, պահել ու պահպանել այս շրջանը, պահել ու պահպանել, զարգացնել ու աւելին ընել: Պիտի աշխատինք բոլորս, որպէսզի շարունակենք սկսած գործը»:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ընթրիք` ընկերական մտերմիկ ու հարազատ մթնոլորտի մը մէջ: