Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դամասկոսի Մէջ. Դեսպան Փոլատեանի Հանդիպումը Սուրիոյ Խորհրդարանի Նախագահին Հետ

Նոյեմբեր 2, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

31 հոկտեմբերին Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արշակ Փոլատեան հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ խորհրդարանի նորընտիր նախագահ Համմուտա Սապպաղի հետ: Հանդիպումին ներկայ էին Սուրիոյ խորհրդարանի Սուրիա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի անդամները` նախագահ դոկտ. Նորա Արիսեանի գլխաւորութեամբ, խորհրդարանի այլ անդամներ:

Ողջունելով Հայաստանի դեսպանը` Համմուտա Սապպաղ ընդգծեց, որ Սուրիան բարձր կը գնահատէ Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութեան անփոփոխ հաւասարակշիռ կեցուածքը սուրիական ճգնաժամի ամբողջ ընթացքին:

Անդրադառնալով հայ-սուրիական յարաբերութիւններուն` Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահը զանոնք բնութագրեց իբրեւ պատմական խոր արմատներ ունեցող եւ միեւնոյն ժամանակ մշտապէս զարգացող:

Խօսելով երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան մասին` Համմուտա Սապպաղը նշեց, որ հայերը Սուրիոյ անբաժան մասը կը կազմեն եւ, սուրիացի ժողովուրդին հետ անցնելով պատմական ուղի, մեծ ներդրում ունեցած են երկրի տնտեսութեան, մշակոյթին եւ քաղաքականութեան մէջ, այդ կարգին իբրեւ խորհրդարանի երեսփոխաններ: Այս

շրջագիծին մէջ ան առանձնացուց Սուրիոյ խորհրդարանի Սուրիա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ, հայազգի երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեանի աշխուժ ներդրումը հայ-սուրիական խորհրդարանական կապերու ամրապնդման եւ խորացման գործին մէջ:

Ըստ Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահին, խորհրդարանական դիւանագիտութիւնը մեծ ներուժ կը պարունակէ երկկողմանի  յարաբերութիւններու զարգացման համար, եւ Հայաստանի ու Սուրիոյ  խորհրդարանները պէտք է օգտագործեն այդ ներուժը:

Իր կարգին, դեսպան Փոլատեան ընդգծեց, որ Հայաստանը միշտ ուշադրութեամբ կը հետեւի Սուրիոյ մէջ ծաւալուող իրադարձութիւններուն եւ, մեկնելով հայ-սուրիական բարեկամական

յարաբերութիւններէն, որոշում տուած է շարունակել Դամասկոսի եւ Հալէպի մէջ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու  աշխատանքները: Ան աւելցուց, որ Հայաստանը կարելիութեան  սահմաններուն մէջ կը փորձէ օգտակար ըլլալ բարեկամ

Սուրիոյ ժողովուրդին: Այդ նպատակով Հայաստանի նախագահին  յանձնարարութեամբ եւ ռուսական կողմին աջակցութեամբ քանի մը անգամ մարդասիրական օգնութիւն ուղարկուած է Սուրիա:

Խօսելով երկկողմանի յարաբերութիւններուն մասին` դեսպանը նշեց. «Անկախութենէն ետք Սուրիան առաջին պետութիւններէն էր, որուն հետ Հայաստանը ստորագրեց դիւանագիտական յարաբերութիւններու  հաստատման մասին յուշագիր»:

Դեսպան Փոլատեան յատկապէս ընդգծեց սուրիացի ժողովուրդին  բացառիկ դերը օսմանեան եաթաղանէն փրկուած հայ տարագիրներու  կեանքին մէջ: Ապա աւելցուց, որ աւելի քան մէկ դար առաջ Հայոց ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած հայերու փրկութեան գործին մէջ

սուրիացի բարեկամ ժողովուրդի անգնահատելի վերաբերմունքը  անջնջելի հետք ունի հայ իրականութեան մէջ եւ շնորհիւ այդ վերաբերմունքին հայերը Սուրիոյ մէջ ապրեցան` դառնալով լիիրաւ քաղաքացիներ:

Զրուցակիցները երկուստեք գոհունակութիւն յայտնեցին Հայաստանի  տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեանի վերջերս Սուրիա կատարած այցելութեան առնչութեամբ` յոյս յայտնելով, որ այցելութեան շրջագիծին մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները հիմք կը հանդիսանան հետագայ  արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար:

Հանդիպումի աւարտին դեսպան Արշակ Փոլատեան Համմուտա Սապպաղին յանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային

Ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանի շնորհաւորական ուղերձը` Սուրիոյ  խորհրդարանի նախագահի պաշտօնին ընտրուելու առիթով եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր իր առաքելութեան մէջ:

 

Նախորդը

Լիբանանէն Դուրս Ինչպէ՞ս Կարելի Է Քուէարկութեան Արձանագրուիլ

Յաջորդը

Քալիֆորնիոյ Մէջ Անտառային Հրդեհներուն Պատճառած Վնասը Գերազանցած Է Մրցանշային 3,3 Միլիառ Տոլարը

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 17, 2025
Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 17, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?