Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին. Ապրիլեան Նահատակներուն Նուիրուած Ս. Պատարագ

Ապրիլ 26, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 24 ապրիլ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Ժեհթաուիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի բակին մէջ, նախագահութեամբ  Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին, մասնակցութեամբ հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութիւններուն, միութիւններուն եւ վարժարաններուն, Ս. պատարագ մատուցեց Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան: Պատարագին երգեցողութիւնը կատարեց Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ «Արծիւեան» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի:

Ս. պատարագի աւարտին քարոզեց Զմմառու դպրեվանքի տեսուչ Գրիգոր վրդ. Պատիշահ: Ան նշեց, որ այսօրուան համախմբման նպատակն է Յիսուսի վեհագոյն խորհուրդին` կեանքի, յոյսի, սիրոյ եւ գոհութեան խորհուրդին դիմաց յիշել եւ վերյիշեցնել համայն աշխարհին, որ հայոց պատմութեան տարեգրութեան մէջ 24 ապրիլը ջարդի, ցեղասպանութեան, հայերու կոտորածի, բռնագաղթի եւ ողբերգութեան թուական մը չէ այլեւս: 24 ապրիլը հայ ազգի յարութեան տօնն է, նման մեր փրկիչին` Յիսուս Քրիստոսի խաչելութեան, մահուան ու յարութեան յիշատակին, որով «մահուամբ զմահ կոխեաց» եւ իր մահով «զկեանս պարգեւեաց»:

Գրիգոր վարդապետ նշեց, թէ տրտմագին սրտով կ՛ոգեկոչենք յիշատակը այն մեծ, անծայրածիր ողբերգութեան, զոր ոչ մէկ գրիչ կրնայ պատկերացնել, որ գործադրուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայ ժողովուրդի բնաջնջման ի խնդիր: Յիշելը պարտադիր է, ինչպէս պիտի ըսէր Հռոմի Ֆրանչիսկոս քահանայապետը. «Ուր յիշատակ չկայ, այնտեղ չարիքը դեռ բաց կը պահէ վէրքը: Ծածկել յանցանքը, կը նշանակէ թոյլ տալ, որ վէրքը արիւնահոսի: 20-րդ եւ 21-րդ դարերուն հերոս վկաներու յիշատակը մեզի կը հաւաստիացնէ, թէ եկեղեցին մարտիրոսներու եկեղեցի է, եւ մարտիրոսները անոնք են, որոնք շնորհապարգեւը ունեցան խոստովանելու Յիսուսը` մինչեւ վերջ, մինչեւ մահ»:

Հայ ժողովուրդի Գողգոթայի ուղին եղաւ իրական ու վաւերական խորհրդանիշ բացուող նոր կեանքի արշալոյսին, քանի որ անոնք իրենց կեանքով ու սխրագործութեամբ վկաներ հանդիսացան Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան:

1915-էն մինչեւ 1923 հայ ժողովուրդի ու եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ մեծագոյն կորուստի տարիներ եղան: Սակայն ժողովուրդի մը իսկական եւ ահաւորագոյն կորուստը` անոր ազգային դիմագիծը աղաւաղելն է, ձուլումն ու ուծացումը: Ամէն օր աշխարհի զանազան ցամաքամասերուն մէջ հայու երակներէն կաթիլ մը արիւն եւս ծորելով կը պակսի, ու կ՛այլասերինք իւրացնելով օտարին մշակոյթը: Հայր Գրիգոր նշեց, որ մեր ներկան մութ է եւ ապագան պղտոր ու մռայլ: Այսօր ազգային լեզուի պահպանման մարտահրաւէրն է, որ դարձած է մտահոգիչ ամէն առումով: Հայոց լեզուն այն խարիսխն է, որուն յենած կրնանք պաշտպանուիլ այլասերումի անողոք հարուածներէն: Մեր ընտանիքներու յարկին տակ, մեր դպրոցներուն մէջ, հաւաքոյթներուն ընթացքին հայոց լեզուն պէտք է ըլլայ մեր ազգային միակ դրօշը, որուն ներքեւ համախմբուելով կարելի պիտի ըլլայ շարունակել մեր սրբազան պայքարը: Ուխտենք առաւել արթնամտութեամբ եւ գիտակցութեամբ վերատեսնել մեր կեանքը, կենսաւորել մեր քրիստոնէական հաւատքը եւ վերարժեւորել մեր հայու իսկական ընթացքը:

Գրիգոր վրդ. Պատիշահ իր քարոզին վերջին բաժինով կոչ ուղղեց տարբեր քաղաքակրթութիւններու մէջ յայտնուած հայու բեկորներուն զինուելու ազգային ու քրիստոնէական գաղափարախօսութիւններով եւ դիմագրաւելու ուծացման ամենակուլ վտանգը:

Ապա թափօր կազմուեցաւ դէպի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ կանգնած Նահատակաց յուշակոթող` առաջնորդութեամբ Զալքայի ՀԿՄ-ի շեփորախումբին, մասնակցութեամբ  Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին, Հայ կաթողիկէ միաբանութեան, հայ կաթողիկէ վարժարաններու աշակերտներուն, ՀԿՄ-ի սկաուտներուն, միութիւններուն եւ ժողովուրդին: Այնուհետեւ նահատակաց աղօթք կատարուեցաւ ապրիլեան նահատակներու յուշակոթողին դիմաց եւ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում:

 

 

Նախորդը

Ծանր Աշխատանքը Հիմա Կը Սկսի

Յաջորդը

24 Ապրիլի Առիթով Հարցազրոյց «Օ.Թի.Վի.»-էն

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Հալէպի Հայ Կեանքին Մէջ Համաճարակի  Ստեղծած Կացութեան
Գաղութային

Օժանդակութեան Մարմին Արցախի Հայութեան` Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հովանաւորութեամբ

Հոկտեմբեր 3, 2023
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Յատուկ Ներկայացուցիչի Գրասենեակ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Յատուկ Ներկայացուցիչի Գրասենեակ

Հոկտեմբեր 2, 2023
«Ապահովութեան Ուժերը Հրահանգ Ստացած Էին  Ճնշելու «Բոլորս Արցախ Ենք» Ցոյցը».   «Յուսախաբ Ենք Զօրակցութեան  Միակողմանի Կեցուածքներէն»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի
Գաղութային

«Ապահովութեան Ուժերը Հրահանգ Ստացած Էին Ճնշելու «Բոլորս Արցախ Ենք» Ցոյցը». «Յուսախաբ Ենք Զօրակցութեան Միակողմանի Կեցուածքներէն» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Սեպտեմբեր 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In