«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքը Լիբանանի հայկական վարժարաններուն 220.000 ամերիկեան տոլար պիտի տրամադրէ 2017-2018 տարեշրջանին: 2015 թուականին «Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Լիբանանի Հայեցի դաստիարակութեան յատուկ նշանակութեան յանձնախումբ»-ին նախաձեռնութեամբ իրագործուած ինքնագնահատումի ծրագիրին մասնակցած 23 վարժարաններէն այսօր 17 հատը կը գործեն, ուստի ասոնց միջեւ պիտի բաժնուի նշանակուած գումարը, ըստ ամէն մէկուն աշակերտութեան թիւին:
Նկատի ունենալով Լիբանանի խորհրդարանին վերջերս վաւերացուցած օրէնքը` ըստ որուն բոլոր վարժարանները պէտք է կիրարկեն ուսուցիչներու աշխատավարձերու յաւելումներ եւ գիտակցելով հայկական վարժարաններուն պարտաւորութիւնն ու դժուարութիւնը լիովի գործադրելու այս նոր օրէնքը, հիմնարկութիւնը կը նախընտրէ իր նպաստը յատկացնել հայոց լեզուով դասաւանդող ուսուցիչներու ամսականներուն հասանելի յաւելումին:
Գումարին փոխանցումը պիտի կատարուի ապրիլ ամսուան ընթացքին: