Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Ձեռագործներու Ցուցահանդէս. «Հայութեան Զէնքը Իր Մշակ՛ոյթն Է» Ըսաւ Քլոտին Աուն-Ռուքոզ

Ապրիլ 19, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին հովանաւորութեամբ, Քլոտին Աուն-Ռուքոզի նախագահութեամբ, ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ եւ գործակցութեամբ Հայկազեան համալսարանին, երէկ` չորեքշաբթի, 18 ապրիլ 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական ձեռագործներու ցուցահանդէս:

Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ:

Խօսք առաւ Հայկազեան համալսարանի հանրային կապերու պատասխանատու Միրա Եարտըմեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, թէ Հայկազեան համալսարանը եւ ԼՕԽ-ը ունին հասարակաց գիծեր ու արժէքներ եւ նոյն տեսլականը: Ան նշեց, որ երկու հաստատութիւնները կը հաւատան կնոջ ուժին եւ կարողութեան:

Եարտըմեան յայտնեց, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին Լիբանանահայ օգնութեան խաչի նորաստեղծ ձեռարուեստի յանձնախումբը հայկական ձեռագործներ հիւսելով հայ կնոջ կողքին կանգնեցաւ` յաղթահարելով անոր անգործութիւնն ու աղքատութիւնը, մինչ 1955-ին հիմնուած Հայկազեան համալսարանը` իբրեւ կրթական բարձրագոյն հաստատութիւն, ճիգ չի խնայեր ծառայելու հայ եւ լիբանանցի երիտասարդին` ուսում ջամբելով: Ան ըսաւ, թէ հայկական ասեղնագործութիւնը Լիբանանի մէջ կազմակերպուած աշխատանք է եւ լուրջ ներկայութիւն: Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանահայ օգնութեան խաչին, օրուան նախագահ Քլոտին Աուն-Ռուքոզին եւ բոլոր աջակցողներուն:

Այնուհետեւ խօսք առաւ Սօսէ Պոյաճեան: Ան ըսաւ, որ ԼՕԽ-ը իր հիմնադրութենէն մինչեւ այսօր հոգ կը տանի հայ որբին, այրի կիներուն, ծերերուն` անոնց ապահովելով արժանավայել կեանք: Ձեռարուեստի յանձնախումբը հիմնուած է 1976-ին` Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին` ապահովելով կարօտեալ կիներու աշխատանք եւ եկամուտ, միաժամանակ ապրեցնելով հայ ասեղնագործութեան մշակոյթը: Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին, Քլոտին Աուն-Ռուքոզին, Հայկազեան համալսարանին, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին եւ բոլոր անոնց, որոնք ջանք չխնայեցին ցուցահանդէսի կազմակերպման:

Այնուհետեւ Սօսէ Պոյաճեան կարդաց նաեւ առաջին տիկին Նատիա Աունէն ստացուած նամակը` Լիբանանահայ օգնութեան խաչի ձեռարուեստի յանձնախումբին ուղղուած:

Խօսք առաւ Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի նախագահ Քլոտին Աուն-Ռուքոզ: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, թէ ուրախութիւն է իրեն համար Հայկազեան համալսարանին մէջ ներկայ ըլլալ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի ձեռարուեստի յանձնախումբի ձեռնարկին: Ան նշեց, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100 տարիները եղած են դժուար եւ պայքարի տարիներ: Ան նաեւ ըսաւ, թէ Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի եւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի նպատակները իրարու նման են, որոնցմէ մէկը կիներու կարողականութեան ամրապնդումն է: Ան հաստատեց, որ պէտք է կիներու իրաւունքներուն  զօրավիգ ըլլալ: Կնոջ կողքին կանգնիլ` աւելի առողջ հասարակութիւն ունենալու համար:

Ան ըսաւ, թէ մենք կը քաջալերենք կինը, որ գործօն դեր ունենայ հասարակութեան եւ քաղաքական կեանքին մէջ, որովհետեւ կինը կ՛ազդուի բոլոր որոշումներէն, որոնք կը տրուին երկրին մէջ: Պէտք է քաջալերել բոլոր այն կիները, որոնք պատրաստ են իրենց ունեցածէն տալու եւ նուիրուելու իրենց հայրենիքին: Իր խօսքի աւարտին Քլոտին Աուն-Ռուքոզ ըսաւ, թէ հայութիւնը խաղաղասէր ազգ է: Հայութեան զէնքը մշակոյթն  է:

Այնուհետեւ ծաղկեփունջով մը պատուըւեցաւ Քլոտին Աուն-Ռուքոզ, ապա տեղի ունեցաւ ցուցահանդէսի բացման ժապաւէնի հատումը: Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին Այնթապի, Ուրֆայի, Սվազի, Մարաշի գեղեցկագոյն ձեռագործներ եւ ասեղնագործութիւններ:

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութիւնը 220.000 Ամ. Տոլար Կը Յատկացնէ Հայոց Լեզուով Դասաւանդող Ուսուցիչներու Ամսականներուն

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?