«Լիբանանի Մէջ Հայութիւնը Ներկայացնող Երեսփոխանը Պէտք Է Ըլլայ Հայկական Միջավայրի Զաւակ, Պէտք Է Ըլլայ Հայկական Կուսակցութիւններու Կողմէ Ներկայացուած Թեկնածու Եւ Ոչ Թէ Հայ Անհատ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Քարոզչական մարմինին, ՀՅԴ «Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» կոմիտէութիւններուն կազմակերպութեամբ
երէկ երեկոյեան ժամը 8:10-ին, «Ազատամարտ» ակումբի «Ժաք Չուխատարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիպում` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին առաջադրած չորս թեկնածուներուն հետ:
Ներկայ էին ՀՅԴ-ի առաջադրած թեկնածուներ` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Յակոբ Թերզեան, Սերժ Չուխատարեան եւ Ալեքսանտր Մաթոսեան, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, նախկին նախարար Ժաք Չուխատարեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, Պէյրութի թաղապետներ եւ ժողովուրդի հոծ բազմութեան:
Հանդիպում-լսարանը սկսաւ Լիբանանի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ:
ՀՅԴ «Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» կոմիտէութիւններուն անունով խօսք առաւ Հայկ Թապաքեան, որ ողջունեց ներկաները` հաստատելով, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Պէյրութի կոմիտէները, ինչպէս բոլոր շրջաններուն պարագային, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին թէ խաղաղ օրերուն եղած են շրջանի հայութեան կողքին, եղած են ծերունիին եւ անտէրին հետ, հասած են համակիրին եւ ոչ համակիրին եւ գործած են միայն մեր ազգայիններուն օգտին:
«Անգամ մը եւս հասած է ժամը, մեր վստահութիւնը վերահաստատելու Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան: Անգամ մը եւս հասած է պահը ըսելու «Այո՛», բոլորս մէկ անձի նման պիտի քուէարկենք հայ ժողովուրդին կողքին կանգնած եւ ժողովուրդին պաշտպանը հանդիսացած Դաշնակցութեան թեկնածուներուն», ըսաւ ան` յաջողութիւն մաղթելով ՀՅԴ-ի բոլոր թեկնածուներուն:
Ապա ներկաները հետեւեցան տեսանիւթի մը, որ կ՛ընդգրկէր քուէարկելու դրութեան բացատրութիւնը, թեկնածուներուն հակիրճ կենսագրութիւնն ու զոյգ կոմիտէներու շրջաններու բնակիչներուն կարծիքները, որոնք հաստատեցին, որ իրենց պարտականութիւնն է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան նեցուկ կանգնիլ եւ անոր թեկնածուներուն ի նպաստ քուէարկել, որովհետեւ ՀՅԴ-ի հզօրացումով իրենք եւս կը զօրանան:
Տեսանիւթի ցուցադրութենէն ետք, Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի հայ առաքելական աթոռի թեկնածու Ալեքսանտր Մաթոսեան շեշտեց, թէ ինք հպարտ է, որ հայ է եւ ուրախ է, որ ներկայ է ժողովրդային այս հանդիպումին:
«Որպէսզի մենք` ՀՅԴ-ի չորս թեկնածուներս կարենանք օգտակար դառնալ հայ ազգին եւ աշխատիլ ի խնդիր մեր զաւակներուն եւ Լիբանանի ապագային, պէտք է ցոյց տանք բոլորին հայ ժողովուրդին ուժը, զօրութիւնը եւ կամքը: Պէտք է մայիս 6-ին ճիշդ ընտրութիւն կատարուի, որպէսզի մեր ձայնը ըլլայ ցնցիչ ու լսելի բոլորին կողմէ: Ամէն մարդ պէտք է գիտնայ եւ հասկնայ, որ մենք` հայերս հոս ենք եւ հոս պիտի մնանք», շեշտեց ան:
Ապա խօսք առաւ Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի հայ կաթողիկէ աթոռի թեկնածու Սերժ Չուխատարեան, որ յայտնեց, թէ ինք ուրախ է այս շրջանին` իր ծննդավայրին մէջ ըլլալուն համար, աւելցնելով, որ ինք մանկութենէն ի վեր «Ազատամարտ» ակումբին մէջ մնայուն ներկայութիւն եղած է, հետեւաբար այս ակումբին հետ հարազատ կապ ունի:
Ան հաստատեց, որ խորհրդարան հասնելու պարագային, ինք իր իրաւաբանական փորձառութիւնը պիտի փորձէ տրամադրել յօգուտ լիբանանահայութեան` մշակելով օրինագիծեր, որոնք կը միտին պաշտպանել լիբանանահայութեան իրաւունքները:
Ս. Չուխատարեան նշեց, որ ինք վստահ է, թէ լիբանանահայութիւնը հաւատարիմ է ՀՅԴ-ին եւ պիտի քուէարկէ ի նպաստ անոր թեկնածուներուն, որպէսզի կարենանք վերականգնել Հայկական երեսփոխանական պլոքը եւ շարունակենք յաւելեալ աշխուժութեամբ ծառայել հայութեան` պաշտպանելով անոր իրաւունքները:
«Շատ մը ուժեր փորձեցին բաժնել Դաշնակցութիւնը եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքին երեսփոխանները հեռացնել ՀՅԴ-էն, սակայն անոնք ձախողեցան, որովհետեւ Դաշնակցութեան թեկնածուները եւ ՀՅԴ-ի առաջադրանքով ընտրուած հայ ժողովուրդին ներկայացուցիչները հաւատարիմ են Դաշնակցութեան, արժանապատուութիւն ունին եւ ՀՅԴ-ի կողքին են ու պիտի մնան», հաստատեց ան` աւելցնելով, որ 6 մայիսին միասնաբար պիտի ուղղուինք քուէարկելու, իսկ 7 մայիսին պիտի տօնենք բոլորիս յաղթանակը:
Իր կարգին, Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի հայ առաքելական աթոռի թեկնածու Յակոբ Թերզեան շեշտեց, որ ինք շրջանի բնակիչները լաւ կը ճանչնայ եւ շրջանն ալ զինք լաւ կը ճանչնայ, որովհետեւ ինք ազատ կամքով որոշում տուած է ծառայելու հայութեան:
«Վերջերս տիրական երեւոյթ դարձած է ընտրակաշառքը, սակայն «Ազատամարտ» ակումբին եւ այս շրջանի բնակչութեան, կամ Դաշնակցութեան նեցուկ կանգնող հայութեան մօտեցող բոլոր կաշառք բաշխող կողմերը սխալ հասցէի մօտեցած են: Հայ ազգը ո՛չ կը գնուի եւ ո՛չ ալ կը ծախուի», ըսաւ ան:
Յ. Թերզեան հաստատեց, որ իրենց կամքը եկած է ժողովուրդին ազատ կամքէն: «Մենք Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը սիրած ենք, որովհետեւ հայ ժողովուրդը սիրած է այս կուսակցութիւնը: «Եւ իբրեւ հայ ժողովուրդի զաւակներ, մենք կը սիրենք այդ կուսակցութիւնը եւ պատրաստ ենք ծառայելու հայութեան, որովհետեւ մենք որքան ալ ծառայենք հայ ազգին, անիկա միշտ աւելիին արժանի է», ընդգծեց ան:
Մեթնի հայ առաքելական աթոռի թեկնածու, երեսփոխան Յ. Բագրատունի իր սրտի խօսքը սկսաւ նախկին նախարար Ժաք Չուխատարեանին ուղղուած յատուկ խօսքով մը, որովհետեւ մեթր Ժաք Չուխատարեան այն անձնաւորութիւնն է, որ 2000-ին հակառակ իրեն եղած մեծ խոստումներուն եւ առաջարկուած բարձր պաշտօններուն ու աթոռներուն յայտարարեց, որ ինք Դաշնակցութեան զաւակն է` առանց կուսակցական ըլլալու եւ թէ ինք Պէյրութի մէջ կրնայ թեկնածու ըլլալ` միայն եթէ ՀՅԴ-ն որոշէ ատիկա: «Այնուհետեւ Ժ. Չուխատարեան մերժեց մաս կազմել Դաշնակցութեան առաջադրած թեկնածուներուն հակառակորդ ընտրացանկին: Շնորհակալութիւն մեթր», ըսաւ երեսփոխան Բագրատունի:
Ան ըսաւ, թէ այսօր հաւաքուած ենք շրջանի մը մէջ, որ կը նկատուի Լիբանանի մէջ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պատմութեան առաջին շրջաններէն մէկը` քաղաքը, Էշրեֆիէն, Մար Մխայելը եւ Հայաշէնը: «Շրջաններ, որոնք եղան Դաշնակցութեան ուժի հիմը, Լիբանանի մէջ ՀՅԴ-ի գործունէութեան առաջին տասնամեակներու մեկնակէտը եւ Դաշնակցութեան տուին դիմագիծ, ՀՅԴ-ի բարոյական սկզբունքներուն համապատասխան շրջանակ, ինչպէս նաեւ տուին Դաշնակցութեան կամքին արտայայտութիւնը եւ այն, որ Դաշնակցութիւնը Պէյրութի մէջ իր գոյութիւնը կը փաստէր այս շրջաններով: Սակայն դէպքերուն բերմամբ եւ պատերազմ բռնկեցնող ուժերուն պատճառով, այլոց պատերազմը փոխադրուեցաւ Լիբանան, եւ մենք այդ պատերազմին մէջ մնացինք մաքուր ձեռքերով, սակայն դժբախտաբար այս շրջանները պարպուեցան քրիստոնեայ եւ հայ զանգուածներէն, որոնք գաղթեցին եւ կամ լքեցին իրենց բնակարանները եւ փոխադրուեցան աւելի ապահով վայրեր: Մենք` իբրեւ Դաշնակցութիւն, այս շրջանները մեր ակռաներով եւ մեր երիտասարդներուն թափած արիւնով պաշտպանեցինք. մեր բոլոր ակումբները, կառոյցները, եկեղեցիները: Երբեմն մեր կեդրոնները գրաւուեցան, սակայն մենք վերստին տիրացանք այդ կեդրոններուն, պարզապէս որովհետեւ հաւատացինք եւ կը շարունակենք հաւատալ, որ լիբանանահայութեան ազատ դիմագիծի պահպանումին համար մենք պարտաւոր ենք ամէն ինչ տալ», շեշտեց ան:
Երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ թէեւ լիբանանեան տարբեր ուժեր փորձեցին հայութիւնը ներքաշել քաղաքացիական պատերազմին մէջ, «սակայն շնորհիւ Լիբանանի հայկական կուսակցութիւններուն եւ անոնց ղեկավարութիւններուն ողջմիտ քաղաքականութեան, մենք որոշեցինք յանձնառու չէզոքութեամբ մաս չկազմել երկիրը քանդելու հոլովոյթին, այլ մնալ դրական չէզոքութեան կեցուածքին վրայ, ո՛չ միայն հայութիւնը պաշտպանելու, այլեւ` Լիբանանը: Աւելի՛ն. մենք չգողցանք, չառեւանգեցինք, արձակազէններ չեղանք, այլ` մենք զմեզ պաշտպանեցինք, հաւատալով Լիբանան հայրենիքի միասնականութեան, հողային ամբողջականութեան, համայնքներու խաղաղ գոյակցութեան, ազատութեան ու անկախութեան պաշտպանութեան անհրաժեշտութեան», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի անդրադարձաւ մարդոց յիշողութեան` աւելցնելով, որ ներկայիս կան նոր բուսած թեկնածուներ, որոնք իրենց գահերը հաստատած են ընկերային ցանցերուն վրայ, ուրկէ բացած են առատ հոսող սուտերու իրենց ծորակը եւ բոլորս կը դնեն անոնց պատասխանելու հարկադրանքին տակ: «Թեկնածուները շատ են, բայց մենք մեր թեկնածուները ունինք: Դաշնակցութիւնը ունի իր թեկնածուները, որոնցմէ միայն ես կուսակցական եմ, միւս թեկնածուները կուսակցական չեն, անոնք հայ մարդիկ են, որոնք իրենց հայկականութիւնը ժառանգած են իրենց ընտանիքներէն` աշխատած են հայկական միջավայրի մէջ եւ օժանդակած հայութեան: Սակայն կարեւորը մեր ժառանգած աւանդները չեն, այլ կարեւորը այն է, որ հինէն եկած մեր ժառանգին վրայ մենք ի՛նչն է, որ կ՛աւելցնենք: Եթէ այս ակումբը, ուր «Պալաքեան» կը կոչուէր կոմիտէն, կառուցուած է ընկերներուն եւ շրջանի ժողովուրդին ուսերուն վրայ փոխադրուած քարերով, եթէ դիմացը գտնուող Ս. Յակոբ եկեղեցին կառուցուած է այս շրջանի բնակչութեան ճակտի քրտինքով, եթէ Հայաշէնի նախկին Թորգոմեան վարժարանը, Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցին կառուցուած են հայաշէնցի գաղթական մեր ժողովուրդի քրտինքով եւ արիւնով, եթէ Ս. Նշան եկեղեցին եւ հոն գտնուող նախկին վարժարանները կառուցուած են շրջանի հայոց արդար քրտինքով, ապա մենք ժառանգած ենք այդ բոլորը, որպէսզի պահենք եւ պահպանենք զանոնք: Եւ մենք զօրաւոր ենք ու կը յաղթենք, երբ գիտակցինք հինէն եկած ժառանգին վրայ քար մը եւս աւելցնելու կարեւորութեան», ընդգծեց ան:
Լիբանանի ընդհանրական հարցերուն ակնարկելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը այդ հարցերուն` ելեկտրականութեան, ջուրի, աղբի, կենսոլորտի եւ մանաւանդ փտածութեան պատասխանատուն չէ:
«Լիբանանի քաղաքական ուժերուն միջեւ կիսուող հսկայ կարկանդակէն Դաշնակցութեան ստացած բաժինը եղած է միայն հարուածը, որովհետեւ մենք ուզած ենք մեր ինքնութիւնը եւ ազատ կամքը պահել: Մենք այդ քաղցր լուծը ուզած ենք մեր ժողովուրդին հետ քաջութեամբ, կորովով ու խիզախութեամբ տանիլ: Ճի՛շդ է. մեղաւոր ենք: Մեղաւոր ենք, որ կը պահանջենք Լիբանանի հայութիւնը հայ պահել, մեղաւոր ենք, որ կը պահանջենք, որ Լիբանանի մէջ ապրող հայերը հայերէն խօսին: Մեղաւոր ենք, որ կ՛ուզենք, որ մեր երիտասարդները ՀՄԸՄ-ի մէջ մեծնան, որպէսզի ախտերէն ու մոլութիւններէն հեռու մնան: Մեղաւոր ենք, որ կ՛ուզենք, որ մեր երեխաները Համազգայինի մէջ ըլլան` հայկական մշակոյթ սորվին, հայկական պար սորվին, գեղանկարչութիւն սորվին: Մեղաւոր են մեր ԼՕԽ-ական ընկերուհիները, որոնք իրենց գործն ու ընտանիքը ձգած այս եւ այն մամիկին, հիւանդին ու երեխային կը հասնին: Մեղաւոր են մեր հասարակական կազմակերպութիւնները` ըլլան անոնք Դաշնակցութեան մօտիկ կամ հեռու. «Ճինիշեան» հիմնարկը, «Զուարթնոց»-ը, «Գարակէօզեան»-ը, ԱՖՀԻԼ-ը, ԱՖԷՏ-ը: Այո՛, մեղաւոր ենք մենք, որ հայերէն թերթ ունինք, որ հայերէն տպագրող տպարան ունինք, որ յունուար 6-ը յաջողած ենք պետական տօն հռչակել: Մեղաւոր ենք, որ քաղաքական բեմին վրայ ներկայացող հայ թեկնածուներէն կը պահանջենք շաղախուիլ հայութեան հետ, որ աւելի հայանան», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ հայկականութիւնը բազկերակով եւ սրտի զարկով կ՛որոշուի եւ ոչ թէ տարին անգամ մը Ս. Ծննդեան առիթով ստացուած հաղորդութեամբ եւ կամ 24 ապրիլին զետեղուած ծաղկեպսակով կամ քայլարշաւին մասնակցելով:
«Լիբանանի մէջ հայութիւնը ներկայացնող երեսփոխանը պէտք է ըլլայ հայկական միջավայրի զաւակ, պէտք է ըլլայ հայկական կուսակցութիւններու կողմէ ներկայացուած թեկնածու եւ ոչ թէ հայ անհատ: Եթէ մենք Լիբանանի մէջ հայկական գաղութին կեանքը հիմնած ենք քաղաքական կուսակցութիւններուն գործունէութեան վրայ, ապա կը հաստատենք, որ օրին այլ կուսակցութիւններու հիմնադիրներուն հայրերն ու մեծ հայրերը չէին ծնած նոյնիսկ: Հետեւաբար մեր ձգտումը Լիբանանի մէջ հայկական միջավայրի պահպանումին համար, հայոց իրաւունքներու պաշտպանութեան համար, հայկական կուսակցութիւններու ներկայացուցչութիւն ապահովելն է` Հայկական երեսփոխանական պլոքը մեծցնելն է, որպէսզի հաւաքաբար կարենանք պահանջել մեր իրաւունքները», շեշտեց ան:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ Դաշնակցութեան հիմնական պայքարը հայու արժանապատուութեան ու հպարտութեան պահպանումի խնդիրն է: «Մենք հպարտ կը զգանք, երբ արաբը կ՛ըսէ, թէ հայ մուրացկան գոյութիւն չունի, սակայն կան հայեր, որոնք իրենց քուէն կը ծախեն` մոռնալով, որ տարիներ շարունակ վայելած են մեր ծառայութիւնը: Աւելի ուշ, անոնք դարձեալ պիտի դիմեն Դաշնակցութեան օժանդակութեան, եւ մենք պիտի օգնենք անոնց, սակայն պէտք է հասկնալ, որ քանդուողը հայու արժանապատուութիւնն է: Իսկ մենք հայուն կը հասնինք եւ կ՛օժանդակենք անոր, որպէսզի հայուն արժանապատուութիւնը բարձր պահուի եւ հայը հայ մնայ, հայ ընտանիքը հայ մնայ, որպէսզի լիբանանահայութիւնը հայ մնայ: Օրական դրութեամբ ի՛նչ-ի՛նչ պարագաներ եւ խնդիրներ կը ծառանան մեր դիմաց, իսկ այսօր անոնց վրայ կ՛աւելնայ սպառնալիքը. «Եթէ մեզի չօժանդակէք` ձեզի դէմ կը քուէարկենք»: Գացողը պիտի երթայ սիրելիներ, բայց մենք կը շարունակենք մնացածով: Մեր ժողովուրդին մէջ միշտ փոքրամասնութիւն մը եղած է, որ լքած է մեզ` Թուրքիայէն մինչեւ Խորհրդային Հայաստան: Շատեր լքած են դիրքերը եւ գացած, շատեր դաւաճանած են մեր ժողովուրդի արժէքներուն եւ լքած են մեզ: Անոնք չեն յիշուիր. կը յիշուին միայն մնացողներուն անունները: Եւ մնացողներուն համար մենք մայիս 6-ին պիտի երթանք առաւելագոյն քուէներով քուէարկելու: Ընտրական օրէնքը այնպիսին է, որ քուէարկողներուն թիւը պէտք է բարձրանայ, որ ինչքան շատ քուէարկող ըլլայ, այդքան աւելի կարելիութիւն կ՛ըլլայ մեր թեկնածուներու յաջողութեան: Պիտի բարձրացնենք մեր քուէներուն թիւը, որպէսզի մարդիկ ամչնան այլեւս հայուն դիմելու` քանի մը ղրուշի համար անոնց քուէն գնելու իմաստով: Պիտի բարձրացնենք մեր քուէներու համեմատութիւնը, որպէսզի լիբանանցին լաւ գիտնայ, որ Լիբանանի հայ երեսփոխանը համահաւասար իրաւունքներով երեսփոխան է խորհրդարանին մէջ: Լաւ պէտք է գիտնանք, որ եթէ 2000-էն ի վեր յաջողած ենք 2 հոգիով իրականացնել այն բոլորը, որ իրականացուցինք, ապա 20 օր ետք պիտի ուղղուինք քուէարկելու հայօրէն, պիտի ուղղուինք քուէատուփ` ազգային մեր ջիղերը լարած, որպէսզի երկուշաբթի օր տօնենք մեր յաղթանակը` ձեր յաղթանակը», եզրափակեց ան:



