Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Թեկնածուներու Ծանօթացման Հանդիպում` Տարբեր Մասնագիտութիւններու Տէր Անհատներու Հետ. «Այլոց Կողմէ Առաջադրուած Թեկնածուները Պիտի Ծառայեն Այլոց, Բայց Ոչ Մեզի, Ոչ Հայութեան» Յայտարարեց Յակոբ Բագրատունի

Ապրիլ 21, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Քարոզչական մարմինին կազմակերպութեամբ, երէկ` ուրբաթ, 20 ապրիլ 2018, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Երջօ Սամուէլեան- Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տարբեր մասնագիտութիւններու տէր անհատներու հանդիպում` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդոնական կոմիտէի առաջադրած չորս թեկնածուներուն հետ: Ներկայ էին ՀՅԴ-ի առաջադրած չորս թեկնածուները` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Յակոբ Թերզեան, Սերժ Չուխատարեան եւ Ալեքսանտր Մաթոսեան:

Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական մարմինին անունով խօսք առաւ Շաղիկ Յովսէփեան-Յարութիւնեան: Ան ըսաւ, որ Դաշնակցութեան տարբեր սերունդներու աշխատանքով է, որ ապահովուած է ու այսօր կ՛ապահովուի լիբանանահայ համայնքի քաղաքական ներկայացուցչութիւնը, համայնքի ֆիզիքական պահպանումը, շրջաններու բարգաւաճումը, եւ տակաւին կրթական, առողջապահական, մշակութային ու մարզական ոլորտներու վերելքն ու յառաջընթացը: Ան իր խօսքի աւարտին ըսաւ, թէ ընտրութիւնները առիթ պէտք է հանդիսանան, որ լիբանանահայութիւնը միասնական ոգիով ու հաւաքական կամքով ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովէ հայ համայնքին, որպէսզի ան կարենայ աւելի եւս կատարել իրեն վստահուած գործը, թէ՛ լիբանանեան եւ թէ՛ հայկական առումով:

Այնուհետեւ ներկաները դիտեցին ՀՅԴ Քարոզչական մարմինին կողմէ պատրաստուած տեսերիզ մը, որ ներկայացուց քուէարկութեան ձեւը, թեկնածուներուն կենսագրականը եւ ուսուցչուհիներու տեսակէտները, որոնց ընդմէջէն անոնք զօրակցութիւն յայտնեցին Դաշնակցութեան թեկնածուներուն:

Ապա խօսք առաւ Մեթնի հայ առաքելական աթոռի թեկնածու, երեսփոխան Յ. Բագրատունի, որ նախ ծանօթացուց թեկնածուները, անդրադարձաւ անոնց ուսման, գործունէութեան, յատկապէս հայկական իրականութեան մէջ անոնց տարած աշխատանքին: Իր խօսքին մէջ ան յատկապէս շեշտը դրաւ այս ընտրութիւններուն հայկական ներկայացուցչութիւնը ապահովելու անհրաժեշտութեան վրայ` հաստատելով, որ անոնք, որոնք դրամով քուէ կը գնեն, ընտրութեան յաջորդ օրն իսկ դրամով կը ծախեն քուէարկողը, անոնք, որոնք ոչ հայկական կողմի առաջադրանքով կը հասնին խորհրդարան, հոն պիտի ծառայեն այդ ոչ հայկականին:

Յակոբ Բագրատունի լուսարձակի տակ առաւ վերջին շաբաթներուն տարբեր ակումբներու մէջ ժողովուրդին հետ տեղի ունեցած հանդիպումները` հաստատելով, որ ՀՅԴ-ն միշտ ալ եղած է իր ժողովուրդին հետ, ակումբները եղած են ժողովուրդի հարազատ տուներ, ընտանեկան յարկեր, իսկ կուսակցութեան պատասխանատուները եւ շարքայինները ժողովուրդին ծառայութեան լծուած են: Ան բացատրեց, որ Լիբանանի մէջ ժողովրդավարութիւնը բնական ժողովրդավարութիւն չէ, այլ` համախոհական է եւ համայնքներու վրայ հիմնուած, ուստի, ինչպէս իւրաքանչիւր համայնք իր շահերն ու իրաւունքները կը պահանջէ, լիբանանահայութիւնը եւս պարտաւոր է միասնաբար իր իրաւունքները պաշտպանելու եւ անոնցմէ ոչ մէկ զիջում պատրաստ է կատարելու: Այս ծիրին մէջ ան դիտել տուաւ, որ տարբեր համայնքներ լիբանանեան արդի պատմութեան տարբեր փուլերու արդար չեղան իրենց երկրին նկատմամբ, աւերեցին զայն, կողոպտեցին, քանդեցին, իսկ հայ համայնքը իր բոլոր կուսակցութիւններով վեր մնաց այդ բոլորէն եւ որդեգրեց յանձնառու դրական չէզոքութեան քաղաքականութիւնը, երկու կրակի մէջ մնաց, սակայն զէնք չբարձրացուց իր համաքաղաքացիին վրայ: Հայութեան  այդ քաղաքականութեան դէմ եղան բոլոր կողմերը, չհասկցան դրական չէզոքութեան այդ գաղափարը, սակայն այսօր անոնք ո՛չ միայն Լիբանանի, այլ շրջանին մէջ եւս դրական չէզոքութեան մասին կը խօսին: Յակոբ Բագրատունի շեշտեց, որ մինչ ուրիշներ պատերազմէն փախուստ տուին ու գաղթեցին, մեր պատասխանատուները մնացին Լիբանանի մէջ, ժողովուրդը իր ակռաներով պաշտպանեց հայկական թաղամասերը, նահատակներ տուաւ` պաշտպանելու Լիբանանի հայութիւնը: «Այս բոլորը կ’ըսեմ ոչ թէ որովհետեւ մոռցուած են, այլ երբեմն անհրաժեշտ է վերյիշեցնել, յատկապէս այս օրերուն, երբ հրապարակը լեցուած է մեծ կարգախօսներով, մէջտեղ եկած նոր դերակատարներով, որոնք կը կարծեն, թէ մետասաներորդ ժամուն կրնան մեր համայնքին մէջ դերակատարութիւն ունենալ փորձելով, զայն փնտռելով կամ շինելով համայնքը ներկայացնել»:

Ապա ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը ըսաւ, թէ ընտրութիւններէն շատ առաջ ալ, երբ կը խօսուէր հայկական ներկայացուցչութեան մասին, ՀՅԴ-ն միշտ ալ կը յայտարարէր, որ Լիբանանի հայութիւնը ներկայացնող երեսփոխանները պէտք է ըլլան Լիբանանի հայութեան առօրեայ կեանքէն լաւատեղեակ, հայկական կուսակցութիւններու եւ հեղինակութիւններու զօրակցութիւնը վայելող անձեր: Ան նշեց, որ երբեմն կուսակցութիւններու կողմէ համայնքը ղեկավարելու երեւոյթը կը դատապարտուի` հաստատելով. «Կուսակցութիւնները կը ղեկավարեն ժողովուրդը, այնքան ատեն որ ժողովուրդը ինք կը հաւատայ անոնց դերակատարութեան: Ատոր համար ալ մենք ոչ մէկ հարց, նեղութիւն կամ դժուարութիւն կ’ունենանք, երբ հայկական կուսակցութիւններու կամ հեղինակութիւններու կողմէ հայ թեկնածուներ կ’առաջադրուին, այլ միշտ ըսած ենք, կ’ըսենք ու հիմա ալ պիտի ըսենք, որ եթէ Դաշնակցութեան թեկնածուները յաջողին, շատ լաւ, իսկ եթէ անոնք չյաջողին, փոխընտրանքը Հնչակեան ու Ռամկավար կուսակցութիւններու թեկնածուներուն յաջողութիւնը պիտի ըլլայ, ոչ թէ պատահաբար, վերջին վայրկեանին իրենց ինքնութեան թուղթին մէջ հայ առաքելական կամ կաթողիկէ ըլլալու հանգամանքին անդրադարձողներունը, որոնք ոչինչ տուած են իրենց համայնքներուն: Մերժելի է, որ անոնք գան եւ կուսակցութիւններու տասնամեակներու  ճակտի քրտինքը, անոնց նկատմամբ մեր ժողովուրդին հաւատքը փորձեն խլել` ոչ հայկական քուէներով հասնելով երեսփոխանական աթոռին: Հայկական կուսակցութիւններուն ներկայացուցիչները կը գործեն հաւաքականութեան մը գիրկէն ելած, կը ծառայեն հաւաքականութեան, իսկ կուսակցութիւններ կամ հեղինակութիւններ չներկայացնող անհատները որո՞ւ կողմէ, ինչո՞ւ եւ ի՞նչ ընելու համար կը ներկայացուին», հարց տուաւ Բագրատունի` շարունակելով. «Նմանները ուրիշներու համար աշխատած են, այլոց տեղ հասցնելու համար աշխատած են եւ հիմա պարտք ունին վճարելիք այլոց, իսկ ուրիշներ ալ` զիրենք տեղ հասցնելու գծով կը գործեն այսօր: Այլոց կողմէ առաջադրուած թեկնածուները պիտի ծառայեն այլոց, բայց ոչ մեզի, ոչ հայութեան»: Ան շեշտեց, որ պէտք է քուէարկել կուսակցութիւններուն թեկնածուներուն, որովհետեւ կեանքը պիտի շարունակուի հայկական կուսակցութիւններով եւ ոչ անհատներով:

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յիշեցուց, որ խորհրդարանին մէջ լիբանանեան տարբեր թղթածրարներու գծով բողոք ներկայացուցած է, ժողովուրդի շահերուն եւ իրաւունքներուն ի խնդիր պայքարած է, սակայն այսօր այդ բոլորը մոռցուած են: Ան անդրադարձաւ լիբանանցի երեսփոխանին եւ լիբանանահայ գաղութը ներկայացնող հայ երեսփոխանին տարբերութեան` յայտնելով, որ անոր դերակատարութիւնն է Լիբանանի հայութիւնը հայ պահել, մեր ազգային ինքնութիւնը պահպանել` ի հեճուկս ասկէ նեղացողներուն, նախանձողներուն, այս դերակատարութենէն խանգարուողներուն, լիբանանեան ընկերութեան մէջ լիբանանահայը ձուլելու ձգտում ունեցողներուն` չհանդուրժելով հայկական ինքնութիւնը պահպանելու կոչուած հայկական կառոյցներուն աշխուժ եւ հետեւողական աշխատանքն ու տուած արդիւնքները:  Սակայն հայ համայնքը դիւրաւ չի յափշտակուիր, չի կոտորակուիր, հաստատեց Բագրատունի` աւելցնելով, որ մեր կուսակցութիւնը 1975-էն այս կողմ Լիբանանի մէջ միակ կուսակցութիւնն է, որ հակառակ ամէն տեսակ փորձերու, չբաժնուեցաւ, երկուքի չվերածուեցաւ, չերկփեղկուեցաւ, այլ մնաց մէկ, որովհետեւ մեր ժողովուրդը այդ մէկութեան կը հաւատար, որովհետեւ չէինք կրնար մէկ չմնալ մեր ժողովուրդին համար:  Ան դիտել տուաւ, որ այսօր լիբանանեան իրականութեան մէջ չկայ կուսակցութիւն մը, որ իր համայնքին ինքնութիւնը պահպանելու, նոր սերունդներուն կրթութիւնն ու բարեկեցութիւնը ապահովելու, իր ժողովուրդին ծառայելու համար այսքան տարբեր նախաձեռնութիւններու կը դիմէ, գումար կը յատկացնէ, աշխատանք կը տանի: Դաշնակցութիւնը հարուածել փորձողներուն մասին խօսելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Տասնամեակներ առաջ Խորհրդային Միութեան տարբեր շրջաններու մէջ Դաշնակցութեան յուղարկաւորութիւնը կը կազմակերպուէր: Յուղարկաւորութիւն կազմակերպողները մեռան ու գացին, Դաշնակցութիւնը մնաց, մնաց, շնորհիւ իր գաղափարական ուժին, դաշնակցականներ տկարացան, սխալեցան ու պիտի սխալին տակաւին, բայց Դաշնակցութիւնը չսխալեցաւ ու չի սխալիր: Մեր պայծառամիտ ղեկավարներէն լսած ենք, որ Դաշնակցութիւնը կը նմանի այն ալեկոծ ծովուն, որուն ալիքները իր մէջէն դուրս կը նետեն խճաքարերը, ժայռերը միայն կը մնան: Այդ Դաշնակցութեան զաւակները ըլլալով, այսօր, կ’ուզենք, որ արժանի ըլլանք ձեր վստահութեան»:  Ան նաեւ նշեց, որ նոյնիսկ եթէ ակնկալուած յաջողութիւնը չարձանագրուի, ժողովուրդը Դաշնակցութեան կողքին պիտի մնայ` դիտել տալով, որ նախորդ տարիներուն երկու երեսփոխանով կարելի եղաւ նկատառելի աշխատանք տանիլ եւ հայկական ներկայութիւնը տիրական դարձնել:

Յակոբ Բագրատունի անդրադարձաւ նաեւ ընտրակաշառքին, որ հոգիի, մտքի, ազատութեան վաճառք է, իսկ այսօր քուէ գնող փերեզակները փողոց իջած են մեր ժողովուրդի զաւակներուն ձայները գնելու, աւելի ճիշդ` յառաջիկայ չորս տարիներուն անոնց լռութիւնը գնելու: Ան նշեց. «Անոնք, որոնք այսօր փտածութեան մասին կը խօսին եւ ընտրակաշառքներ կու տան, մեծագոյն փտածներն են, փտած են իրենց ուղեղով, բայց հիմնականին մէջ` իրենց բարոյականով»: Անոր համաձայն, եթէ թեկնածուն արդար ձայներով ընտրուելու առիթ չունի, դրամով երեսփոխան չի կրնար ըլլալ, իսկ եթէ գայ, դրամով ալ կը ծախէ քաղաքացին: «Ես վստահ եմ, որ լիբանանահայութեան շատ փոքր, փոքր, փոքր տոկոսը, որ ընդհանրապէս մեր առօրեայ կեանքին հետ կապ չէ ունեցած, կրնայ մտածել ընտրակաշառք տալու կամ առնելու մասին», հաստատեց Բագրատունի` յիշելով հայկական տարբեր միութիւններուն ջանքն ու աշխատանքը նեցուկ կանգնելու հայ աշակերտին, կարիքաւորին, փոխարէնը ոչինչ սպասելով:

Իր խօսքին վերջին բաժինով երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, որ 6 մայիսին պէտք է հայկական քուէն իր կամքը արտայայտէ հայօրէն, ազատ կամքով, հայ քուէարկողը պէտք է հաշտ ըլլայ իր խիղճին, մտքին, հոգիին հետ, քուէարկէ հայկականութեան պահպանման համար, քուէարկէ այն ուժին համար, որուն միասնականութեան դէմ են բոլորը, անոր քանդումին համար կը գործեն, սակայն լիբանանահայութիւնը իր քուէներով ցոյց պիտի տայ, որ ձախողած են նման փորձեր, իսկ հայութիւնը պիտի շարունակէ մնալ տիրական դերակատար լիբանանեան իրականութեան մէջ:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւն

Յաջորդը

Ընտրական Քրոնիկ. Իմ Քուէս` Հաշուետուութեան (Բ.)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?