Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Թեկնածուներու Ծանօթացման Ժողովրդային Հանդիպում Ռապիէի Մէջ. «Երեսփոխան Ըլլալ Կը Նշանակէ Հաշուետու Ըլլալ Ժողովուրդին, Բայց Անկէ Առաջ` Զինք Առաջադրած Կուսակցութեան» Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի

Ապրիլ 23, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Քարոզչական մարմինին եւ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէին կազմակերպութեամբ, երէկ` կիրակի, 22 ապրիլ 2018, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ռապիէ քլապ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիպում մը` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդոնական կոմիտէի առաջադրած չորս թեկնածուներուն հետ: Ներկայ էին ՀՅԴ-ի առաջադրած չորս թեկնածուները` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Յակոբ Թերզեան, Սերժ Չուխատարեան եւ Ալեքսանտր Մաթոսեան:

Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Րաֆֆի Մեսրոպեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ շրջանը ունի հիմնական դերակատարութիւն ՀՅԴ-ի թեկնածուներուն յաջողութեան մէջ, եւ այս շրջանի ժողովուրդին ամբողջական մասնակցութենէն կախեալ է կարեւոր չափով մեր համայնքի կերտելիք յաղթանակը: Կոմիտէի ընտրական մեքենան արդէն այդ ուղղութեամբ նախապատրաստական աշխատանքները գրեթէ ամբողջացուցած է, կը մնայ, որ հայ քուէարկողը տէր կանգնի իր համայնքային իրաւունքներուն, իր ապագային ու քաղաքացիական բարձր գիտակցութեամբ 6 մայիսին ուղղուի քուէատուփ եւ իր ձայնը վճռականօրէն տայ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան: ՀՅԴ-ի առաջադրած չորս թեկնածուներն ալ այս շրջանի ժողովուրդին մաս կը կազմեն, հանգամանք մը, որ յաւելեալ պարտաւորութեան տակ կը դնէ բոլորս:

Այնուհետեւ ներկաները դիտեցին ՀՅԴ քարոզչական մարմինին կողմէ պատրաստուած տեսերիզ մը, որ ներկայացուց քուէարկութեան ձեւը, թեկնածուներուն կենսագրականը եւ հայորդիներու տեսակէտները, որոնք զօրակցութիւն յայտնեցին Դաշնակցութեան թեկնածուներուն:

Խօսք առաւ Մեթնի հայ առաքելական աթոռի թեկնածու երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ ընտրութիւններու մասին խօսելէ առաջ անդրադարձաւ երկու հիմնական խնդիրներու. առաջին` Երեւանի մէջ տեղի ունեցած բողոքի ելոյթները եւ երկրորդ` Հայոց ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցը: Երեւանի մէջ վարչապետին նշանակման դէմ ծայր առաջ դժգոհութեան ալիքին մասին խօսելով` Բագրատունի ըսաւ, թէ ժողովուրդին բողոքները, որոնք կուտակումներն են անցնող տարիներու փտածութեան, իրաւունքներու ոտնահարման, պէտք է լսել, որովհետեւ պետութիւն հասկացողութիւնը միայն իշխանաւորներու կողմէ ղեկավարուած համակարգ մը չէ, պետութիւնը ժողովուրդն է, պետութիւնը խորհրդարանն է, կառավարութիւնն է, եւ կառավարութեան ենթակայ բոլոր կառոյցները. «Հետեւաբար, երբ պետութիւն կ՛ըսենք, կը խօսինք համայն Հայաստանի մասին, Հայաստան մը, որ բարեբախտութիւնը ունի սփիւռքի մէջ ապրող իւրաքանչիւր հայու սրտին մէջ ըլլալու, հետեւաբար, երբ կը խօսինք Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող այսօրուան անցուդարձերուն մասին, կը խօսինք իւրաքանչիւր հայու սրտին եւ մտքին խօսող, մտահոգող խնդիրներուն մասին», նշեց երեսփոխան Բագրատունի:

Յակոբ Բագրատունի դիտել տուաւ, որ նոր սահմանադրութեամբ ընդդիմութիւնը յաւելեալ դերակատարութիւն կրնայ ունենալ, հետեւաբար անիկա  պարտի մնալ խաղաղ ցոյցերու սահմաններուն մէջ, իսկ իշխանութիւնները պարտին ականջալուր ըլլալ բողոքներուն եւ կարենան անհրաժեշտ սրբագրութիւններ կատարել` միաժամանակ օրէնքի խախտումի պարագային համաչափ հակազդեցութիւն ցուցաբերելով, որովհետեւ հիմնականը երկրին մէջ ժողովրդավարական կարգերու պահպանումն է, երկրին մէջ ժողովուրդ, կառավարութիւն, իշխանութիւն յարաբերութեան սերտացումն է, յատկապէս նոր սահմանադրութեամբ, որ յոյսն է բարգաւաճ ու ապագայ Հայաստանի, զոր բոլորս կ՛ուզենք տեսնել աւելի ազատ եւ աւելի ամուր անկախութեամբ: Ան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը կոչ ուղղեց թէ՛ ընդդիմութեան, թէ՛ իշխանութեան, որ հանրապետութեան նախագահին հովանաւորութեամբ կատարուին  երկխօսութեան հանդիպումներ, մանաւանդ որ մտահոգութիւն կար Արցախի ճակատին վրայ ազրպէյճանական  զինուորական տեղադրումներէն եւ այն հաւանականութենէն, որ Հայաստանէն դուրս քաղաքական ուժեր կրնան տարբեր միջոցներով միջամտութիւններ կատարել եւ ընդդիմութեան պահանջները իրենց բնական հունէն դուրս հանել:

Բագրատունի ըսաւ, թէ Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ, որ հարցը պէտք է լուծուի բացառաբար երկխօսութեամբ, առանց արեան կաթիլ մը իսկ թափելու: «Դաշնակցութիւնը ժողովուրդին եւ հայրենիքին կուսակցութիւնն է,  Դաշնակցութիւնը ժողովուրդին հետն է իր դժգոհութիւններուն մէջ, Դաշնակցութիւնը ժողովուրդին հետն է պետութենէն իր ակնկալիքին մէջ, Դաշնակցութիւնը նաեւ հայրենիքին  հետն է, հայրենիքի անվտանգութեան պահպանման համար, հետեւաբար թէ ՛անվտանգութիւնը, թէ՛ ժողովուրդին պահանջները պէտք է հասնին հոն, ուր երկու իրողութիւնները իրարու զօդուելով կարենան միասնաբար առանց նախապայմաններու, փոխզիջեցման կարգով հասնին համապատասխան լուծումներու` խնայելու համար Հայաստանին, որուն անվտանգութեան եւ ազատութեան համար մեծ թիւով նահատակներ տուած ենք, տասնամեակներ սպասած ենք: Այսօր կարելի չէ այս հարստութիւնը ձեռքէ հանել ներքին պառակտումներու պատճառով», նշեց ան:

Յակոբ Բագրատունի երկրորդ կէտով ըսաւ, որ երկու օրէն դարձեալ պիտի ոգեկոչենք Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցը` հաստատելով, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած դէպքերը եւ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները պէտք չէ մեզ շեղեն մեր հիմնական հարցերէն: «Ցեղասպանութեան խնդիրը, մեր իրաւունքներու ճանաչումը, մեր իրաւունքներու վերադարձը, Ցեղասպանութեան ճանաչումը, գրաւեալ հողերու վերադարձը եւ մեր բոլոր իրաւունքներուն վերադարձը կը մնան մեր ժողովուրդի հիմնական առաջադրանքները», հաստատեց ան:

Անկէ ետք երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի անդրադարձաւ ընտրութիւններուն, անոնց մասնակցելու եւ հայկական կուսակցութիւններուն կամ հեղինակութիւններուն կողմէ առաջադրուած թեկնածուներուն քուէարկելու ճամբով հայկական իսկական ներկայացուածութիւն ապահովելու անհրաժեշտութեան` հաստատելով, որ այս ընտրութիւնները Լիբանանի հայութեան համար կամքի հզօրացման, կեցուածքի դրսեւորման կը ծառայեն: Ան շեշտեց, որ ընտրուելիք թեկնածուները պէտք է ըլլան մեր անմիջական շրջապատի ծնունդ, մեր առօրեայի ծնունդ, մեր ազգային հարցերը տեսած, քննած, լուծումներուն մասնակից դարձած անհատներ, որոնք միայն կրնան առաջադրուիլ կուսակցութիւններուն կողմէ: «Երեսփոխան ըլլալ կը նշանակէ հաշուետու ըլլալ ժողովուրդին, բայց ժողովուրդէն առաջ` զինք առաջադրող հաւաքականութեան», հաստատեց Յ. Բագրատունի` աւելցնելով, որ օտար կուսակցութիւններուն, հեղինակութիւններուն կողմէ առաջադրուած, ժողովուրդին հետ ուղղակի կապ չունեցող թեկնածուները բնականաբար ոչ մէկ ձեւով հաշուետու պիտի ըլլան ազգին, այլ պիտի ծառայեն զիրենք առաջադրած օտարներուն:

Ապա ան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց Դաշնակցութեան կողմէ առաջադրուած թեկնածուները` դիտել տալով, որ անոնք ընտրուելէ ետք լաւագոյնս պիտի ներկայացնեն լիբանանահայութիւնը:

Յակոբ Բագրատունի խօսեցաւ ընտրութիւններուն առիթով ծագած տարբեր կարգախօսներուն մասին, որոնք տարբեր նիւթերու եւ մարդկային իրաւունքներու կ՛անդրադառնան` դիտել տալով, որ Դաշնակցութիւնը այդ բոլորը միշտ ալ իր օրակարգին վրայ ունեցած է, այդ իրաւունքները նկատի առած է եւ գործնականացուցած ամէն առիթի, յատկապէս խորհրդարանին մէջ հայ երեսփոխաններ խօսած են ժողովուրդին ընկերային հարցերուն մասին` մերժելով ամէն տեսակի անարդարութիւն: «Մենք Լիբանանի մէջ լիբանանցի հայ երեսփոխան ենք, պարզ երեսփոխան չենք, այն երեսփոխաններն ենք, որոնց պարտականութիւնն է լիբանանահայ համայնքը պահել-պահպանել իբրեւ Լիբանանի 7 գլխաւոր համայնքներէն մէկը` իր իրաւունքներով եւ պարտաւորութիւններով: Մեր համայնքը այն միակ համայնքն է, որ առաւելագոյն պարտաւորութիւններ կը կատարէ այս երկրին մէջ եւ միակ համայնքն է, որ իր իրաւունքներու ձեռքբերման համար անդուլ պայքար կը մղէ», ըսաւ Բագրատունի:

Երեսփոխանը անդրադարձաւ Լիբանանի պատերազմին լիբանանահայութեան որդեգրած դրական չէզոքութեան յանձնառութեան` աւելցնելով, որ հայ պատասխանատուներուն համար յստակ էր, թէ այդ պատերազմը միայն պիտի քանդէր երկիրը, անիկա լիբանանեան պատերազմ չէր, այլ լիբանանեան գործիքներով ուրիշներուն պատերազմն էր Լիբանանի մէջ: «Մենք` իբրեւ հայութիւն, հակառակ մեր կրած վնասներուն, շարունակեցինք հաւատալ Լիբանանի ամբողջականութեան, գերիշխանութեան եւ անկախութեան: Մինչ ուրիշներ նաւահանգիստը գողցան, մենք մեր սեփական միսէն կտրելով մեր ժողովուրդը ուզեցինք  պահել հոս, մինչ ուրիշներ մարդ կը սպաննէին, մեր ժողովրդային տուները, մեր ակումբները վէրքին դարման կու տային, մինչ ուրիշներ հանրախանութները, տուները, ալիւրի շտեմարանները կը կողոպտէին, մենք մարդոց հաց կ՛ուզէինք հասցնել` հայ եւ ոչ հայ մարդոց, մինչ ուրիշներ մարդորսութիւն կ՛ընէին, մենք մարդը կը շարունակէինք պաշտպանել, մինչ ուրիշներ լքեցին երկիրը, փախուստ տուին, իսկ երբ խաղաղութիւն տիրեց վերադարձան եւ իշխանութեան տիրացան, մենք մնացինք հոս, հաւատացինք այս երկրին, մնացինք իբրեւ մէկ հաւաքականութիւն: Ամէնէն վատ օրերուն դպրոց, առողջապահական կեդրոններ, ակումբներ, դարմանատուներ, ժողովրդային տուներ, մշակութային կեդրոններ, եկեղեցիներ կառուցեցինք ու պահեցինք հայութիւնը այս երկրին մէջ` իբրեւ մէկութիւն: Պահեցինք հայ թերթը, հայ գիրքը, հայ տպարանը, մշակութային միութիւնները, որպէսզի մեր երեխաները հոն հայկական պար, երգ եւ երաժշտութիւն սորվին, նուագեն: Մենք մեր երեխաները պահեցինք մարզական միութիւններու մէջ, որպէսզի հայ երեխան ու երիտասարդը հեռու մնան մոլութիւններէն, թմրեցուցիչներէն, որպէսզի կարենան հպարտանալ` առողջ մարմին, առողջ միտք ունենալով: Մենք մեր բարեսիրական միութիւնները պահպանեցինք, որպէսզի հայ մարդը իր ձեռքը չերկարէ ուրիշին: Մենք մեր աշխատանքը շարունակեցինք պատերազմէն ետք, հրապարակ նետեցինք նաեւ ինքնութեան պահպանման խնդիրը, որովհետեւ բոլորս ալ գիտենք, որ նահանջի մէջ է մեր ինքնութիւնը, հայերէնը, հայ ընտանիքը կը նահանջէ, ատոր համար հաստատեցինք ինքնութեան, մկրտութեան, երրորդ զաւակի, ամուսնութեան ֆոնտեր: 153 հայ ուսանող, անխտիր բոլոր հայկական դպրոցներէն համապատասխան կրթաթոշակի ֆոնտ ստացան: Եւ մենք կը շարունակենք մնալ զօրաւոր», հաստատեց Յակոբ Բագրատունի:

Ան լուսարձակի տակ առաւ տեղացիներուն կողմէ հայութեան նկատմամբ եղած մեղադրանքը` մեր իրաւունքները պաշտպանելու, ինքնութիւնը պահելու, ինքնուրոյն ըլլալու առումներով նաեւ անդրադարձաւ երբեմն մեր իսկական լիբանանցի ըլլալը հարցականի տակ առնելու երեւոյթին` դիտել տալով, որ ընդունելի չէ երկիրը քանդել մերժող եւ զայն միայն զարգացնող ու շէնցնող լիբանանահայութեան նկատմամբ այսպէս վերաբերիլ` հաստատելով, որ լիբանանահայը տիպար քաղաքացի է, սակայն ոչ ծուռ վիզով, հաշուետու իր կուսակցութիւններուն, սակայն ոչ օտարներուն:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը խօսեցաւ պատահական հայ թեկնածուներուն մասին, որոնք ինչպէս որ իրենց շահէն մեկնելով յիշած են իրենց հայկականութիւնը, այդպէս ալ շուտով կրնան մոռնալ զայն` իրենց նպատակին հասնելէ ետք: «Երեսփոխանութիւնը գործ է, ժողովուրդին, ընտրողներուն հանդէպ մեծ պատասխանատուութիւն է, երեսփոխանութիւնը մարդոց վստահութեան արժանի ըլլալն է` գործով», հաստատեց Բագրատունի` դիտել տալով, որ երեսփոխան ըլլալու համար դրամ տուողներուն չափ սխալի մէջ են դրամ առնողները, որոնք կաշառքը առնելով կը ստիպուին լռել յառաջիկայ չորս տարիներուն: Բայց եւ այնպէս ան դիտել տուաւ, որ կաշառք առաջարկողները չեն ճանչնար հայութիւնը, որ կը մերժէ ծախել իր խիղճն ու պատիւը, արժանապատուութիւնը:

Իր խօսքին վերջին բաժինով երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի շեշտեց, որ նախորդ տարիներուն երկու երեսփոխանով կարելի եղաւ հայութեան շահերը պաշտպանել` անդրադառնալով նաեւ ժողովուրդին ծառայութեան լծուած միութիւններուն նուիրական գործունէութեան եւ շեշտելով, որ կարելի չէ արտօնել, որ այդ ծառայական, երիտասարդութեան նուիրական հարստութիւնը  խլուին մեր համայնքէն, որովհետեւ անհրաժեշտ է տակաւին պայքարիլ, որպէսզի հայը հայ մնայ:

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի Ջահավառութիւն Եւ Ուխտի Վերանորոգում

Յաջորդը

Փայլան Թուրքիոյ Իշխանութիւններուն Կոչ Ուղղած Է Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը Եւ Քաղաքացիութիւն Շնորհելու Զոհերու Ժառանգորդներուն

RelatedPosts

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
Դպրեվանքի 95-րդ Կրթական-Ուսումնական Տարեշրջանի Բացումը Կատարուեցաւ` Սրբոց Թարգմանչաց Ոգիով Վերանորոգուած
Գաղութային

Դպրեվանքի 95-րդ Կրթական-Ուսումնական Տարեշրջանի Բացումը Կատարուեցաւ` Սրբոց Թարգմանչաց Ոգիով Վերանորոգուած

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?