Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարութիւն

Ապրիլ 21, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայութեան անժամանցելի իրաւունքներուն հաւատարմօրէն պահանջատէր լիբանանահայութիւնը, 23 ապրիլին Պուրճ Համուտէն դէպի Անթիլիաս կազմակերպուած երթով, Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած մատրան դիմաց նոյն օրը տեղի ունենալիք ոգեկոչման ձեռնարկով, եւ 24 ապրիլի առաւօտեան, դարձեա՛լ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ կայանալիք պատարագով ու յատուկ արարողութեամբ պիտի նշէ Հայոց ցեղասպանութեան 103-ամեակն ու պիտի վերանորոգէ պայքարի իր ուխտը: Կեդրոնական այս ձեռնարկներուն զուգահեռ երիտասարդական, ուսանողական եւ յարանուանական տարբեր միաւորներ իրենց կարգին` համալսարաններու եւ տարբեր շրջաններու մէջ պիտի նշեն Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ արծարծեն Հայ դատի այժմէական պատգամներն ու կատարեն ներկայի շեշտադրումները:

Թշնամի Թուրքիոյ` յատկապէ՛ս Միջին Արեւելքի մէջ խաղացած տխուր դերակատարութիւնը, ամէն օր ժողովրդավարութենէն քիչ մը աւելի հեռանալով, կոպիտ կերպով դրսեւորած մենատիրական ու ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը, եւ վերջապէ՛ս` Հայաստանի հանդէպ ցուցաբերած իր տակաւ աճող թշնամանքն ու ատելութիւնը, հայ քաղաքական միտքը կը դնեն զգօնութեան ու հեռատեսութեան հրամայականին դիմաց:

Այդ զգօնութեան արդիւնք էր անշուշտ այս տարեշրջանին հայութեան կողմէ Հայաստան-Թուրքիա փրոթոքոլներու վերջնական ջնջումը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ կողմէ հովանաւորուած ազրպէյճանական յարձակողապաշտ ռազմավարութեան դիմաց հայկական դիւանագիտական ու ռազմական պատնէշի հզօրացումը:

Համահայկական մեր առաջադրանքներու ու տեսլականներու իրականացման գործընթացին մէջ, կասկածէ վեր է, որ Հայաստանը դարձած է կիզակէտն ու մեկնակէտը եւ անոր կայուն զարգացումն ու հզօրացումը եւ ներքին քաղաքական մշակոյթի առողջ ձեւաւորումը նախապայման են Հայ դատի պահանջատիրական երթի շարունակականութեան եւ ուժեղացման համար: Հետեւաբար, հայկական միասնական գործօնի անշեղ պահպանումը եւ մեր համայն ազգի միջնաբերդը` հայրենիքը ամուր պահելու առաջադրանքը իւրաքանչիւր հայ անհատի ճիտին պարտքն ու ազգային պարտաւորութիւնն է:

Հայոց ցեղասպանութեան 103-ամեակին առիթով կու գանք անգամ մը եւս հաստատելու, որ Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք եռամիասնութեան վրայ խարսխուած մեր պայքարը աննահա՛նջ է ու մեր իրաւունքները անժամանցելի՛ են, որքա՛ն ալ դժուար ըլլան միջազգային յարափոփոխ պայմաններն ու արգելքները եւ որքա՛ն ալ թշնամիի ռազմատենչ յայտարարութիւնները փորձեն խանգարել հայաշխարհը:

Կը խոնարհինք մեր մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներու յիշատակին դիմաց եւ համահայկական ամուր յանձնառութեամբ ու հնչեղութեամբ կը վերանորոգենք պայքարի մեր կամքն ու վճռակամութիւնը:

ՍԴՀԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
ՌԱԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

 

Նախորդը

ԼՕԽ-ի «Վարդուհի Տէկիրմենճեան» Խոհանոցէն Տաք Ճաշ Ստացող 150 Տարեցներու Հաւաքական Ու Խորհրդանշական Տարեդարձ

Յաջորդը

ՀՅԴ Թեկնածուներու Ծանօթացման Հանդիպում` Տարբեր Մասնագիտութիւններու Տէր Անհատներու Հետ. «Այլոց Կողմէ Առաջադրուած Թեկնածուները Պիտի Ծառայեն Այլոց, Բայց Ոչ Մեզի, Ոչ Հայութեան» Յայտարարեց Յակոբ Բագրատունի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?