«Այդ Ի՛նչ Որ Պետութիւնը Չի Կատարեր, Դաշնակցութիւնը Կը Կատարէ: Այն Ոխը Եւ Վրէժխնդրութիւնը, Որ Կայ Դաշնակցութեան Դէմ, Ձեր Դէմն Է: Պահանջուածը Լիբանանի Հայութեան Հաւաքական Կամքը Կոտրելն Է, Ուրիշ Ոչինչ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Քարոզչական մարմինին, ՀՅԴ «Դրօ» եւ «Իշխան» կոմիտէութիւններուն կազմակերպութեամբ երէկ` չորեքշաբթի, 18 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:20-ին, «Արագած» ակումբի «Սարգիս Գալայճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիպում` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին առաջադրած չորս թեկնածուներուն հետ:
Ներկայ էին ՀՅԴ-ի առաջադրած թեկնածուներ` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Յակոբ Թերզեան, Սերժ Չուխատարեան եւ Ալեքսանտր Մաթոսեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան եւ ժողովուրդի հոծ բազմութիւն մը, որ ողողած էր ամբողջ ակումբն ու «Արագած» ակումբին թաղը:
Ջերմ եւ մտերմիկ մթնոլորտ սետեղծող հանդիպումը սկսաւ Լիբանանի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ:
ՀՅԴ «Դրօ» եւ «Իշխան» կոմիտէութիւններուն անունով խօսք առաւ Համբիկ Կրակեան, որ ողջունեց ներկաները` շեշտելով, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը 128-ամեայ կուսակցութիւն է, որ հայութիւնը պաշտպանող վահանը եղած է իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին:
«ՀՅԴ-ն կը հասնի իր ժողովուրդին եւ լռելեայն կը գործէ` առանց գոռոզութեան, եւ արժանի է, որ անոր նկատմամբ մեր վստահութիւնը վերահաստատենք: Ժամանակն է արդէն, որ մեզի պաշտպան ՀՅԴ-ին նեցուկ կանգնինք` վերականգնելու համար Հայկական երեսփոխանական պլոքը», ըսաւ ան:
Կրակեան կոչ ուղղեց ներկաներուն կիրակի, 6 մայիս 2018-ին, «Միասնաբար` ամբողջ հայութեան եւ Լիբանանի համար» կարգախօսով ուղղուելու քուէարկութեան` ի նպաստ ՀՅԴ-ի թեկնածուներուն:
Ապա ներկաները դիտեցին ՀՅԴ Քարոզչական մարմինին կողմէ պատրաստուած տեսերիզ մը, որ ներկայացուց քուէարկութեան ձեւը, թեկնածուներուն կենսագրականը եւ թաղեցիներուն տեսակէտները, որոնք զօրակցութիւն յայտնեցին Դաշնակցութեան` յաջողութիւն մաղթելով անոր թեկնածուներուն:
Տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի հայ առաքելական աթոռի թեկնածու Ալեքսանտր Մաթոսեան շեշտեց, որ ինք հպարտ է, որ հայ է եւ ուրախ է, որ ներկայ է ժողովրդային այս հանդիպումին:
«Որպէսզի մենք` ՀՅԴ-ի չորս թեկնածուներս կարենանք օգտակար դառնալ հայ ազգին եւ աշխատիլ ի խնդիր մեր զաւակներուն ու Լիբանանի ապագային, պէտք է ցոյց տանք բոլորին հայ ժողովուրդին ուժը, զօրութիւնը եւ կամքը: Պէտք է մայիս 6-ին ճիշդ ընտրութիւն կատարուի, որպէսզի մեր ձայնը ըլլայ ցնցիչ ու լսելի բոլորին կողմէ: Ամէն մարդ պէտք է գիտնայ, որ մենք` հայերս հոս ենք եւ այս քաղաքին մէջ պիտի մնանք», շեշտեց ան:
Իր կարգին, Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի հայ կաթողիկէ աթոռի թեկնածու Սերժ Չուխատարեան ըսաւ. «Այսօր ձեզի տեսնելով մեր սիրտը կը մեծնայ եւ վստահ կ՛ըլլանք, որ Պուրճ Համուտը հայկական պիտի մնայ, մեզի պիտի մնայ, եւ լիբանանահայութիւնը միշտ առողջ ու բարձր դիրքերու վրայ պիտի մնայ»: Ան յայտնեց, որ Դաշնակցութիւնը միշտ պաշտպանած է լիբանանահայութիւնը եւ անոր իրաւունքները ամէնուրեք:
Ս. Չուխատարեան նշեց, որ երբ իրենք խորհրդարան հասնին, պիտի շարունակեն գործել Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ուղիով եւ մնայուն կերպով պիտի ծառայեն հայութեան ու հայոց իրաւունքները ապահովելու ի խնդիր:
Ապա խօսք առաւ Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի հայ առաքելական աթոռի թեկնածու Յակոբ Թերզեան, որ ներկաները կոչեց քաջ եւ տիպար հայեր ու յայտնեց, թէ ինք Պէյրութի քաղաքապետարանին մէջ ՀՅԴ-ն կը ներկայացնէ եւ հայութեան քուէներով հասած է այդ պաշտօնին:
Ան կոչ ուղղեց 6 մայիսին նոյն կամքով եւ եռանդով քուէարկելու ի նպաստ ՀՅԴ-ի թեկնածուներուն:
Հանդիպումին աւարտին Մեթնի հայ առաքելական աթոռի թեկնածու, երեսփոխան Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Սիրելինե՛ր, ո՛վ որ այսպիսի ժողովուրդ ունի` ուրիշ ոչինչի պէտք ունի: Ես այսօրուընէ կրնամ ըսել, թէ մենք յաղթած ենք մայիս 6-ին:
Ողջո՛յն բոլորիդ, սիրելինե՛ր, թէ՛ այս սրահին մէջ եւ թէ՛ վարի սրահին մէջ գտնուող հայրենակիցներ: Սովորաբար, երբ ակումբներուն մէջ հանդիպումներ կ՛ունենանք, քալելով թաղերը չենք պտըտիր, բայց այս անգամ ուզեցինք, որ անպայման քալելով անցնինք եւ անգամ մը եւս շրջինք այն թաղամասերուն մէջ, որոնք ամբողջ տարիներ, տասնամեակներ մեր ժողովուրդին պատիւը, արժանապատուութիւնը, կորովը, հայկականութիւնը, ինքնութիւնը բարձր պահած են:
Արտօնեցէ՛ք ինծի, որ ձեր բոլորին անունով Սիսի եւ Արագածի պաշտպանութեան համար ինկած մեր 20 նահատակներուն յիշատակին առջեւ խոնարհիմ: Ձեզմէ շատերուն ծանօթ են այդ նահատակները: Այդ նահատակներուն բոլորին մայրը, մեր սիրելի տիկին Աբգարեանն է` երեք նահատակներու մայր: Երբ այսպիսի մայրեր կան մեզի հետ, ո՛չ սատանան, ո՛չ հուրը, ո՛չ սուրը, ո՛չ մարդոց դրամը, ո՛չ մարդոց սուտը, ո՛չ մարդոց շիշ մը ձէթը կրնայ պարտութեան մատնել մեզ: Կը ներես տիկին Աբգարեան, քու մասիդ բան մը պիտի պատմեմ: Երեք տարի առաջ, երբ շրջանին մէջ բնակարաններու քանդումի հարց մը կար եւ անհանգստացուցած էր ձեզի, այցելեցի այս շրջանը եւ տիկին Աբգարեանին քով գացի: Մօտեցայ անոր եւ ցած ձայնով հարցուցի, որ` «մայրի՛կ, ինչի՞ պէտք ունիս»: Ան պատասխանեց Աստուծոյ փառք տալով եւ հաստատելով, որ թաղեցիները եւ դուստրը իր բոլոր կարիքները կը հոգան: Անգամ մը եւս հարցուցի, որ` «մայրի՛կ, ի՞նչի պէտք ունիս. առանց վարանելու ըսէ եւ ոչ ոք կը գիտնայ այդ մասին»: Ան ըսաւ. «Տղա՛ս, այն ինչ որ պիտի ուզեմ, չես կրնար տալ»: Պնդեցի, որ ըսէ եւ անոր պատասխանը եղաւ. «Կրնա՞ս երեք նահատակ զաւակներս վերադարձնել»:
Սիրելինե՛ր, ճի՛շդ է, որ հանդիպումը ընտրական հանդիպում է, բայց այս հանդիպումը ընտանեկան հանդիպում է: Ի՞նչ ըսեմ ձեզի. մեզի քուէարկեցէք: Մենք պատիւ կը զգանք, թեկնածուներս, Դաշնակցութեան պատասխանատուները, որ ձեր քուէին արժանի դառնանք: Այն շրջանի քուէին, որ գիշեր-ցերեկ մեր կողքին էր, մեր պաշտպանութեան համար էր: Թաղերու պաշտպանութեան համար էր: Այն հայութեան, որ մերժեց լքել այդ շրջանները, որ ամէնօրեայ կռիւ ունէր դիմացի թաղերուն մէջ բնակողներուն հետ: Այն շրջանը, որ պահեց այս թաղերը, հակառակ անոր որ ոչ հայեր եկան եւ շարունակեցին բնակիլ այս շրջաններուն մէջ: Վստա՛հ եղէք, սիրելինե՛ր, մեր ունեցած բոլոր կարելիութիւնները, ինչքան ալ անոնք փոքր ըլլան, ձեզի համար են: Մենք ադ մէկը կը կատարենք սիրով եւ համոզումով, հոգեկան համոզումով, պատրաստակամութեամբ, որովհետեւ ով որ մեզի մեծցուց` դուք էք: Մենք ո՛չ կրնայինք կուսակցական պատասխանատուներ ըլլալ, ո՛չ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, ո՛չ երեսփոխաններ, եթէ դուք չըլլայիք: Եթէ դուք ձեր այսքան խուռներամ բազմութեամբ հոս, աստիճաններուն վրայ, ակումբին թաղը եկաք ձեռնուելու մեզի հետ եւ ժպտալու մեզի, ապա անիկա մեզի կու տայ յաւելեալ վստահութիւն, կամք եւ կորով, որ այս ժողովուրդին համար ի՛նչ որ ալ ընենք, կը մնայ պակասաւոր:
Եւ հաւատացէ՛ք, որ ի՛նչ որ կ՛ընենք պակասաւոր է: Իմ ընկերներս լաւ գիտեն, որ ամէն անգամ, երբ իրենց հետ ըլլամ, ինչքան կը խօսիմ այս շրջանին մասին:
Լիբանանի մէջ տարածուած մեր բոլոր հայկական թաղամասերն ալ մեզի համար սրտի մօտիկ են, բայց այս շրջանները տարբեր են: Այս շրջանները արիւնով, կրակով, կրակի մկրտութեամբ պաշտպանեցին հայութիւնը: Եւ բոլորը պէտք է գիտնան, որ ամէն մարդու իրաւունքն է թեկնածու ներկայանալ, բայց ինծի ըսէք, այդ թեկնածուները, որ ամէն օր ձեր տուները կը հեռաձայնեն, եւ լաւ գիտեմ ի՛նչ պատասխան կը ստանան` կասկած չունիմ, թէ ի՛նչ պատասխան կը ստանան, արդեօք այս թաղին մէջ մէկուն տունը այցելա՞ծ են: Արդեօք նահատակի մը նկարին ծանօ՞թ են, արդեօք նահատակի մը ընտանիքին տունը այցելա՞ծ են: Մենք բնական կերպով կը կատարենք այդ բոլորը, որովհետեւ մեր ընտանիքն է: Բայց յանկարծ առաւօտ մը արթննալ եւ ըսել, թէ ես թեկնածու եմ եւ դիմեմ ձեզի ըսելով, որ Արագածի ժողովուրդ, դեռ չձանձրացա՞ք Դաշնակցութենէն, Դաշնակցութեան սխալները չէ՞ք տեսներ, Դաշնակցութեան ղեկավարները չէ՞ք տեսներ, Դաշնակցութիւնը աղբ լեցուց ձեր տուներուն մէջ: Այն աղբը, որ փողոցներուն մէջ էր եւ հաւաքեցինք, դժբախտաբար ուրիշներու ուղեղին մէջ լեցուած է սիրելիներ: Այն ոխը եւ վրէժխնդրութիւնը, որ կայ Դաշնակցութեան դէմ, ձեր դէմն է:
Պահանջուածը Լիբանանի հայութեան հաւաքական կամքը կոտրելն է, ուրիշ ոչինչ: Երեւակայեցէք, որ պահ մը ՀՅԴ-ի թեկնածուները չյաջողին: Աւելի՛ն ըսեմ, որպէսզի գիտնաք, որ մենք ինչքան լայնամիտ կերպով կը մտածենք կուսակցական հարցերու մէջ: Եթէ Դաշնակցութեան թեկնածուները յաջողին, շատ լաւ, բոլորս կը յաղթենք: Նոյնքան լաւ է, եթէ Հնչակեան կուսակցութեան ներկայացուցիչը յաջողի, նոյնքան լաւ է, մեզի հակադիր ցանկին վրայ գտնուող Ռամկավար թեկնածուն յաջողի: Նուազագոյնը, անոնք ընկերներ են, հայեր են, որոնք կուսակցութիւններու մէջ մեծցած են եւ կուսակցութիւն կը ներկայացնեն: Բայց դուք կրնա՞ք երեւակայել, որ լիբանանահայութիւնը ներկայացուի Լիբանանի խորհրդարանին մէջ հայ մարդոցմով, որոնց այցելելու համար պէտք է չորս-հինգ միջամտող գտնէք, որպէսզի ընդունի ձեզի: Անոնք ի՞նչ պիտի ընեն, ինչպէ՞ս պիտի ծառայեն մեր ժողովուրդին, որո՞ւն անունով պիտի ծառայեն, իրենց քսակէ՞ն պիտի ծառայեն, իրենց ստացած ամսականէ՞ն պիտի ծառայեն: Իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած դրամատունէ՞ն, քաղաքական ուժէ՞ն պիտի ծառայեն: Իսկ Դաշնակցութիւնը ինչպէ՞ս կը ծառայէ իր ժողովուրդին. այդ օժանդակութիւնը ՀՅԴ-ն կը կատարէ իր ակումբներով, կը կատարէ իր Օգնութեան խաչով, իր Համազգայինով, իր ՀՄԸՄ-ով, իր ԱՖՀԻԼ-ով, իր ԱՖԷՏ-ով, Պուրճ Համուտի թէ այլ շրջաններու մէջ գոյութիւն ունեցող բարեսիրական միութիւններուն զօրակցութեամբ, ինչպէս` «Ճինիշեան», «Գարակէօզեան», «Զուարթնոց»: Իր Ազգային ինքնութեան ֆոնտերով` ամուսնութեան ֆոնտ, մկրտութեան ֆոնտ, երրորդ զաւակի ֆոնտ, կրթական ֆոնտ` 153 ուսանող: Այն թեկնածուները, որոնք այսօր լեզու ելած են Դաշնակցութեան դէմ խօսելով, թող ըսեն եթէ գիտեն լիբանանահայութեան կարիքներուն մասին: Դիւրին է ըսել` պետութիւնը թող հոգայ. պետութիւնը պիտի չհոգայ սիրելիներ: Այդ ինչ որ պետութիւնը չի կատարեր, Դաշնակցութիւնը կը կատարէ:
Ըսէք ինծի, որ պետութիւնը ո՞ւր մարդոց համար տուն շինեց: Ընդհակառակն` մարդոց տունը քանդեց: Բոլոր այն քաղաքական ուժերը, որոնք այսօր գոյութիւն ունին եւ մեզի դէմ են, ի՞նչ ըրին, պատերազմ ըրին Լիբանանի մէջ: Զիրար սպաննեցին` մենք մարդ չսպաննեցինք, զիրար առեւանգեցին` մենք առեւանգում չկատարեցինք, նաւահանգիստը գողցան` մենք չգողցանք: Երկիրը պարպեցին, փախուստ տուին, հեռացան եւ Լիբանան վերադարձան միայն երկիրը հանդարտելէ ետք, որպէսզի շարունակեն ճաշակել կարկանդակին մնացորդացը: Իսկ դուք եւ մենք մնացինք հոս, միասին, հաւատալով, որ այս երկիրը մեր երկիրն է` Հայաստանի կողքին: Հաւատացինք, որ եթէ Լիբանանի հայութիւնը քանդուի, Հայաստանն ալ կը վնասէ, Արցախն ալ կը վնասէ, սփիւռքահայութիւնն ալ կը վնասէ: Հաւատացինք, որ եթէ Դաշնակցութիւնը տկարանայ, ամբողջ ժողովուրդը կը տկարանայ: Լիբանանի մէջ, սիրելինե՛ր, 1975-էն ի վեր, բոլոր կուսակցութիւնները բաժնուեցան, բացի Դաշնակցութենէն: Լսեցի՞ք օր մը, թէ երկու Դաշնակցութիւն կայ, երբեք, որովհետեւ մէկ ժողովուրդ կայ, որովհետեւ մեր ժողովուրդը գիտէ, որ այս կուսակցութիւնը չի՛ սխալիր: Կարելի է, որ դաշնակցականներ սխալին, սակայն Դաշնակցութիւնը չի՛ սխալիր:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կը նմանի այն ալեկոծ ծովուն, որուն ալիքները կու գան ծովեզերքը ժայռերուն կը զարնեն: Խճաքարերը ժայռերէն դուրս կը նետուին, բայց Դաշնակցութիւնը` ալիքներուն տակ, մէկ դար եւ 28 տարի ժայռի վերածուած կուսակցութիւն մըն է, որուն վրայ կը գուրգուրայ մեր ժողովուրդը` դո՛ւք սիրելիներ:
Հիմա թո՛ղ խօսին այլեւս ընտրակաշառքի մասին, թո՛ղ խօսին ձեր քուէները գնելու մասին, թո՛ղ խօսին, որ դեղ տուա՛ծ ենք, ուտելիք տուա՛ծ ենք, ամիսներով ամսական տուա՛ծ ենք: Ցոյց տուէք ինծի կուսակցութիւն մը, համայնք մը, որ դպրոց կը շինէ` Ազգային միացեալ վարժարան: Ցոյց տուէք քաղաքապետութիւն մը, որ ժողովրդային բնակարաններ կը շինէ: Լիբանանի մէջ առաջին համայնքը, որ ժողովրդային բնակարաններ շինած է, հայութիւնն է` Ֆանար, Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի շէնքեր, Պօղոս Արիս: Իսկ տարի մը ետք, 180 բնակարան պիտի տրամադրուի այն քաղաքացիներուն, որոնք ժամանակաւոր կերպով եւ քաղաքապետարանին յատուկ կարգադրութեամբ ներկայիս այս շրջաններուն մէջ կ՛ապրին: Անոնք տարի մը ետք պիտի փոխադրուին իրենց նոր տուները` նոր կառուցուած բնակարանային համալիրին մէջ: Մենք կը փափաքինք, որ մեր ժողովուրդը լաւ պայմաններու մէջ ապրի, ոչ թէ կ՛ուզենք ժողովուրդը աղքատութեան մէջ ձգել, որպէսզի կոյր-կոյր մեզի հետեւին: Մենք կ՛ուզենք, որ մեր ժողովուրդը ուսանի, մեր երիտասարդ-երիտասարդուհիները իրարու հետ ամուսնանան: Մենք կ՛ուզենք, որ մեր զաւակները հայկական դպրոցներու մէջ հասակ առնեն, մենք կ՛ուզենք, որ մեր զաւակները ՀՄԸՄ-ի մէջ ըլլան, որպէսզի թմրեցուցիչի զոհ չերթան, մենք կ՛ուզենք, որ մեր պզտիկները Համազգայինի մէջ պար սորվին, թատրոն սորվին, գծել սորվին, որպէսզի հայ արուեստագէտ ըլլան: Մենք կ՛ուզենք, որ մեր ընկերուհիները, մեր աղջիկները, մեր կիները Օգնութեան խաչին մէջ ըլլան, որպէսզի ծառայութիւն սորվին: Գործեր կան, սիրելինե՛ր, որոնք դրամով չեն ըլլար: Մեր ժողովուրդը կամաւոր բանակ է, ամէն տեղ է: Դրամը կու գայ եւ կ՛երթայ, իսկ արժանապատուութիւնը կը պահուի:
Քուէ ծախելը, սիրելինե՛ր, ազատութիւնը ծախել է: Քուէ ծախելը խիղճը ծախելն է, քուէ ծախելը ազատ միտքը ծախելն է, քուէ ծախելը վստահութիւնը ծախելն է, ճիշդ այնպէս, ինչպէս այրեր կամ կիներ իրենց պատիւը կը ծախեն, իրենց մարմինը կը ծախեն, իրենց քոյրը-եղբայրը կը ծախեն: Նոյնն է քուէ ծախելը, տարբերութիւն չկայ: Մէկ օրուան համար գրպանդ դրամ կ՛ըլլայ, իսկ յաջորդ օրը այդ դրամը կ՛աղտոտէ քու հոգիդ, քու միտքդ եւ քու սիրտդ: Ասիկա կ՛ըսեմ ձեզի, որովհետեւ վստահ եմ, որ ոչ մէկդ այդ փորձութեան մէջ է: Դուք պէտք է գիտնաք, սիրելինե՛ր, որ ձեր քուէն ազատութեան է, արժանապատուութեան է, մեր քուէն հայութեան միասնականութեան է, մեր քուէն հայութեան ինքնութեան պահպանման համար է, մեր քուէն հայկականութեան պահպանման համար է, մեր քուէն Լիբանանի հայութեան հզօրացման համար է, մեր քուէն մեր ժողովուրդին ամուր մնալուն համար է, որպէսզի արգիլենք բաժանումը: Այն ինչ որ պատերազմի ընթացքին չկրցան ընել մարդիկ, այսօր կ՛ուզեն ուրիշ ձեւով ընել. անոնք միայն իրենց երազին մէջ կրնան նման բան կատարել:
Նահատակներ տուած, Պուրճ Համուտի այս շրջանները պաշտպանած սիրելի՛ հայրենակիցներ, հարազատ քոյրեր եւ եղբայրներ, հոգեհարազատներ, երեսփոխանական ընտրութիւնները 18 օրեր ետք են, 18 յոգնեցուցիչ օրեր, 18 դժուար օրեր, որոնց ընթացքին շատ գործ կայ ըլլալիք, եւ այդ գործերը դրամով չեն ըլլար: Եթէ այդպէս ըլլար, ապա մենք վարձկաններ կը բերէինք Պուրճ Համուտը պաշտպանելու համար եւ ոչ թէ մեր լաւագոյն տղաքը կը նուիրաբերէինք նահատակութեան բագինին: Օգնեցէ՛ք մեզի, որպէսզի մենք բոլորս, իրարու հետ, միասնաբար յաղթենք: Մայիս 6-ին բոլորս պիտի երթանք քուէարկելու մէկ բռունցքով, մէկ քուէով` Դաշնակցութեան ճամբով հայութեան համար, միասնականութեան համար, ինքնութեան պահպանումին համար, հայկականութեան պահպանումին համար, զօրաւոր լիբանանահայութեան համար, Հայաստանի համար, Արցախի համար, սփիւռքի համար:
Մայիս 7-ին միասին պիտի տօնենք մեր յաղթանակը եւ դարձեալ ձեզի պիտի ըսենք, այնպէս ինչպէս 2009-ի ընտրութիւններէն ետք ըսած ենք. մենք Դաշնակցութեան անունով կը համբուրենք ձեր բոլորին ձեռքերը, որոնք հայութեան արժանապատուութեան պահպանման համար իրենց ազատ քուէն շնորհեցին Դաշնակցութեան թեկնածուներուն»:
Նշենք, որ նախքան հանդիպումը, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ընկերակցութեամբ ՀՅԴ-ի թեկնածուներուն, այցելեց Քաղաքապետարանի շէնքերուն մօտ գտնուող ՀՅԴ «Բաբգէն Սիւնի» կեդրոնը, ապա շրջեցաւ Քաղաքապետարանի շէնքերուն թաղերէն դէպի ՔԱՀԼ-ի ծերանոց:

ՀՅԴ-ի թեկնածուները այցելեցին նաեւ ՀՅԴ «Ազիրեան» ակումբ, ուրկէ անոնք ուղղուեցան ՀՅԴ «Արագած» ակումբին կից թաղերը, եւ ապա ուղղուեցան «Արագած»-ի ակումբ: