Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի «Վարդուհի Տէկիրմենճեան» Խոհանոցէն Տաք Ճաշ Ստացող 150 Տարեցներու Հաւաքական Ու Խորհրդանշական Տարեդարձ

Ապրիլ 21, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան «Վարդուհի  Տէկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբերուն կազմակերպութեամբ, երէկ` ուրբաթ, 20 ապրիլի առաւօտեան, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ խոհանոցէն տաք ճաշ ստացողներուն հաւաքական ու խորհրդանշական տարեդարձը, որուն ներկայ գտնուեցաւ եւ անոնց ուրախութեան բաժնեկից դարձաւ նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

150 տարեցներուն բարի գալուստ մաղթեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարալ Մխճեան, որ ըսաւ, թէ այս տօնակատարութեան մասնակից դառնալու փափաք յայտնած է նաեւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին` խնդրելով բոլորէն աղօթել անոր համար, որովհետեւ ան ամէնօրեայ դրութեամբ կը հետեւի գաղութին կարիքներուն, հետամուտ է առկայ հարցերու առաւելագոյն չափով լուծման:

Ապա ներկաները շնորհաւորեց եւ իր սրտին խօսքը ուղղեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ ըսաւ. «Մենք հպարտ ենք, որ ձեզի պէս  մայրեր, հայրեր, մեծ քոյրեր եւ եղբայրներ ունինք, մենք` ես, ընկերներս, այն բոլոր տղաքն ու աղջիկները, որոնք մեր ժողովուրդին կը ծառայեն, մեր ԼՕԽ-ական ընկերուհիները` ձեր դուստրերը, ձեր քոյրերը, որոնք կամովին ամէն օր իրենց առաքելութիւնը կը կատարեն` օգտակար ըլլալու իրենց հարազատներուն, հպարտ են ձեզի պէս հարազատներ ունենալով: Հպարտ ենք, որ ձեր զաւակներն ենք, դուք մեզի սորվեցուցիք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք մեր ծնողներուն օգտակար ըլլալ ու գուրգուրալ անոնց»:

Ան խօսեցաւ Սիսի եւ Արագածի պաշտպանութեան համար ինկած երեք նահատակներուն մօր` տիկին Աբգարեանին մասին, որուն ընդմէջէն վեր առաւ նահատակներուն արժէքը` հաստատելով, որ հայութիւնը կ’ապրի իր նահատակներով, զանոնք ազգին մատաղ տուած ծնողներով:

Անդրադառնալով կազմակերպուած հաւաքական տարեդարձին` երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ. «Այսօր ձեր տարեդարձն է, իսկ ձեր տարեդարձը մեր ժողովուրդի կենդանութեան տարեդարձն է, մեր ժողովուրդին ապրելու տարեդարձն է, խիզախութեան, արիութեան, կորովին տարեդարձն է: Հաւաքական այս տարեդարձը տարբեր իմաստ ունի, անիկա ուժ տուող տարեդարձ է, որ 150 մայրեր, հայրեր, քոյրեր ու եղբայրներ միասին տարեդարձ կը տօնեն, որպէսզի մեր ժողովուրդը ապրի, որպէսզի Արցախի մէջ ազերիին գնդակէն ինկած հայ զինուորը զգայ, որ իր ետին 150 մայր, հայր, մեծ քոյր ու եղբայր կայ, թիկունք կայ»:

Յ. Բագրատունի նաեւ լուսարձակի տակ առաւ մեր կեանքին մէջ տարեցներուն եւ ծերերուն ունեցած կարեւոր դերակատարութեան` դիտել տալով, որ անոնք են հիմը, որուն վրայ կը կառուցուի ապագան, անոնց անցեալի ջանքերուն շնորհիւ է, որ այսօր նուաճումներ կ’արձանագրուին, ուստի իւրաքանչիւրը իր արժէքն ու տեղը ունի բոլորին սրտերուն ու կեանքին մէջ` իբրեւ օրհնութիւն: «Աղօթեցէ՛ք, որ մենք կարենանք լաւ աշխատիլ, մենք կ’աղօթենք, որ ձեր արեւը անմար մնայ ու դուք մեր գլխուն իբրեւ թագ շարունակէք մնալ: Ցաւ ու հիւանդութիւն չտեսնէք, այլ տեսնէք միայն ուրախութիւն: Այն ուրախութիւնը, որ երբ ոտքի կենաք, ձեր շուրջը ըլլան այն երիտասարդները, որոնց ծնունդ տուած էք դուք:  Երկար ապրիք», եզրափակեց ան:

Անկէ ետք երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի շնորհաւորեց իւրաքանչիւրին տարեդարձը` վարդեր բաժնելով բոլորին: Տարեցներուն ու ծերերուն նաեւ նուէրներ տրամադրուեցան ԼՕԽ-ի կողմէ:

Հաւաքաբար ճաշելէ ետք, բոլորը միասին հատեցին կարկանդակը:

Տօնակատարութիւնը խանդավառեց, կիթառ նուագեց ու երգեց Գօգօ Պալապանեան:

Անկէ ետք տարեցներն ու ծերերը համախմբուեցան ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի մուտքին, ուրկէ դէպի երկինք արձակեցին այն փուչիկները, որոնք զարդարած էին ճաշասեղանները:

 

 

Նախորդը

Երկու Յովհաննէս` Երկու Մեծ Մարդ

Յաջորդը

Յայտարարութիւն

RelatedPosts

Գիւտ Խաչի Տօն Եւ Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն
Գաղութային

Գիւտ Խաչի Տօն Եւ Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

Հոկտեմբեր 30, 2025
«Բեմին Ձայնը» Ասմունքի Եւ Բեմական Կատարողութեան Ակադեմիայի Պաշտօնական Բացումը
Գաղութային

«Բեմին Ձայնը» Ասմունքի Եւ Բեմական Կատարողութեան Ակադեմիայի Պաշտօնական Բացումը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Փոլիոյի Պատուաստի Անվճար Արշաւ.  ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան»  Ընկերաբժշկական Կեդրոնէն Ներս
Գաղութային

Փոլիոյի Պատուաստի Անվճար Արշաւ. ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնէն Ներս

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?