ՀՄԸՄ-ականներու տպաւորիչ տողանցքով, Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն համար բարձրացուած աղօթքով, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային եւ Կեդրոնական վարչութիւններուն խօսքերով, ՀՄԸՄ-ին ու ազգին ծառայելու, սուրբ նահատակներու կտակին հաւատարիմ մնալու եւ Հայ դատի պայքարին ջահը միշտ վառ պահելու երդումով երէկ` կիրակի, 22 ապրիլին, Անթիլիասի Նահատակաց մատուռի անմար կրակէն վառեցաւ այն ջահը, որ յուլիսին Հայաստանի մէջ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի նախաձեռնութիւններուն իբրեւ մեկնակէտ Ծիծեռնակաբերդի մէջ կատարուելիք ջահավառութեան մէկ մասնիկը պիտի ըլլայ:
ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ եւ նուագի կշռոյթներով, ամենայն կարգապահութեամբ եւ կորովով Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ տողանցեցին Լիբանանի սկաուտները, որոնք շարուեցան Նահատակաց մատրան առջեւ: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք ՀՄԸՄ-ի անունով ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ, ապա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երեք միաբաններ աղօթք մատուցեցին` ի յիշատակ մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն:
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը ուղղեց Հայկ Թապաքեան, որ անդրադարձաւ հայութեան կեանքին մէջ ՀՄԸՄ-ի ունեցած մեծ ու ազդու դերակատարութեան, յատկապէս սերունդներու պատրաստութեան առումով` ֆիզիքապէս տոկուն, հոգեկան բարձր արժանիքի տէր հայեր եւ տիպար քաղաքացիներ: Իսկ 1924-էն Լիբանանի մէջ գործել սկսած Լիբանանի կառոյցը իր սկաուտներով, մարզիկներով եւ անդամներով սերունդներ դաստիարակած է եւ մղիչ ուժը դարձած աշխարհատարած միութեան բոլոր շարքերուն:
Ըստ անոր, հակառակ 100-ամեայ տարիքին, իր բեղուն ու կենսունակ գործունէութեամբ, միութիւնը կը մնայ աւելի քան երիտասարդ ու կանգուն` շարունակելով իր թեւերը տարածել երկրագունդի բոլոր ցամաքամասերուն` հարիւրէ աւելի մասնաճիւղերով:
«ՀՄԸՄ-ը մարզական միութիւն չէ միայն, այլեւ ազգային դպրոց մը, որ կը սորվեցնէ զոհողութեան ոգի, եղբայրական սէր եւ բարոյական դաստիարակութիւն: Հազարաւոր ՀՄԸՄ-ականներ` հաւատարիմ մնալով «Բարձրացի՛ր, բարձրացուր» նշանաբանին, վկայուեցան այս մարմնակրթական կառոյցէն ու ջահը փոխանցեցին սերունդէ-սերունդ: Զուգադիպութիւն չէ, որ այսօր 100-ամեակին առիթով երեք ջահերէն մէկը պիտի փոխադրուի Լիբանանէն եւ միանայ Ծիծեռնակաբերդի անմար կրակին: ՀՄԸՄ Լիբանանն էր ու տակաւին կը մնայ գլխաւոր բազկերակը մեր միութեան», հաստատեց Հայկ Թապաքեան` վերանորոգելով միութեան նպատակին հաւատարիմ մնալու եւ սերունդներու կերտումը շարունակելու յանձնառութիւնը:
Ապա խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, որ խորհրդանշական նկատեց Անթիլիասի մայրավանքի Ապրիլեան յուշակոթողին շուրջ եղած համախմբումը, որովհետեւ հոն ամփոփուած Հայոց ցեղասպանութեան Նահատակներուն անշիրիմ ոսկորները վկան են այն մեծ ցաւին ու ոճիրին, որուն զոհ գնաց ՀՄԸՄ-ի գաղափարախօսութեան ռահվիրայ Շաւարշ Քրիսեան:
«ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը այս պահուս, ջահավառութեան այս արարողութեամբ, աշխարհասփիւռ իր միութենականներուն անունով կը խոնարհի իր հիմնադիրներու յիշատակին դիմաց, եւ հանդիսաւոր այս պահուն, սրբազան այս վայրէն կը հաստատէ, որ ի՛նք հաւատարիմ կը մնայ 100 տարի առաջ Քրիսեանի նահատակութեամբ իրեն փոխանցուած կտակին: Հայութեան ծառայելու, հայօրէ՛ն ապրելու եւ հայօրէ՛ն գործելու կտակին: Նորահաս սերունդները դաստիարակելո՛ւ, մարմնակրթութեան ճամբով երիտասարդութիւնը համախմբելու, կրթելու եւ դաստիարակելու կտակին», հաստատեց ան:
Գ. Մկրտիչեան տեղեկացուց, որ միեւնոյն ատեն Փարիզի մէջ կը վառի նաեւ այլ ջահ մը` միութեան հիմնադիր անդամներէն, ՀՄԸՄ-ի սկաուտապետ Գրիգոր Յակոբեանի շիրիմէն, իսկ յառաջիկայ օրերուն նմանօրինակ արարողութեամբ Պոլսոյ մէջ պիտի վառի երրորդ մը` ՀՄԸՄ-ի հիմնադիր երրորդութենէն Յովհաննէս Հինդլեանի շիրիմին շուրջ: Ան նշեց նաեւ, որ միութեան երեք հիմնադիրներու շիրիմներէն իւրաքանչիւրէն պիտի առնուին ափ մը հող 20 յուլիսին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ հայրենի հողին խառնելու, իսկ ջահերը պիտի միանան Ծիծեռնակաբերդի անմար կրակին` յիշատակելու համար միութեան հիմնադիրները` իրենց պատմական աւանդով եւ 100-ամեայ խորհուրդով:
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը մատնանշեց նաեւ, որ այս տարին յատկանշական է Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին եւ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին զուգադիպութեամբ: «Խորքին մէջ կարելի չէ անջատել մէկը միւսէն, որովհետեւ 70 տարի երբ չունէինք ազատ ու անկախ Հայաստան, ՀՄԸՄ-ը սփիւռքի տարածքին տօնեց Հայաստանի անկախութեան տարեդարձը, կամաւոր բանակի շարքերով տողանցելով դաշտերու մէջ, միշտ մեր հոգիներուն մէջ վառ պահելով անկախութեան գաղափարը, Եռագոյն դրօշը եւ հանրապետութեան զինանշանը:
«Այսօր հրճուանքով կը նայինք, որ մեր երկիրը անկախ է եւ մեր քաջարի բանակը կը տողանցէ մայիս 28-ին, հայրենի հողին վրայ, իսկ մենք` յուլիս ամսուն 21-ին պիտի տողանցենք նո՛յն կշռոյթով, նո՛յն տեսլականով, «Կամաւոր բանակ»-ի խոստումով, մինչեւ մեր բոլորին երազին մարմնաւորումը` մինչեւ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի մէջ Համա-ՀՄԸՄ-ական փառաւոր տողանցքներու իրականացումը», ըսաւ ան:
Իր խօսքի աւարտի ան խնդրեց ներկաներէն իրենց աջ ձեռքը բարձրացնելով ուխտել` միշտ հաւատարիմ մնալ ՀՄԸՄ-ի նպատակներուն, անկախ հայրենիքի պետականութեան, անոր դրօշին, զինանշանին եւ հզօր բանակին. Նահատակաց մատրան առջեւէն ուխտել` ամբողջ աշխարհին յիշեցնել, որ մենք հաւատաւոր ժառանգորդներն ենք Մեծ եղեռնի սերունդին եւ ուխտեալ զինուորը մեր նահատակներու արդար դատին, նաեւ ուխտել մեր բոլոր ուժերով պայքարիլ` ապահովելու համար Հայոց ցեղասպանութեան ամբողջական ճանաչումը եւ հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներուն ձեռքբերումը:
Անկէ ետք կատարուեցաւ ջահավառութիւնը եւ ափ մը հող զետեղուեցաւ յատուկ արկղի մէջ` ջահն ու հողը աւելի ուշ փոխադրելու համար Հայաստան:
ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի Կեդրոնական մարմինին կողմէ կազմակերպուած այս ջահավառութիւնը իր աւարտին հասաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին պատգամով, որուն մէջ ան ողջունեց ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը` Լիբանանէն մինչեւ Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի: Ան հաստատեց, որ 100 տարիներու ընթացքին ՀՄԸՄ-ը մեր ժողովուրդի կեանքի մայր էջին վրայ դարձաւ ներկայութիւն` ծառայութեամբ, զոհողութեամբ, նուիրումով եւ աշխատանքով լեցուն, կամաւոր բանակ: «Հայրենիքը, յատկապէս ազատ, անկախ Հայաստանը, հայ եկեղեցին, մեր ազգային պահանջատիրութիւնը, մեր ժողովուրդին գերագոյն արժէքները` հոգեւոր, մշակութային, ազգային, մեր ժողովուրդի հարազատ աւանդութիւնները ամրօրէն շաղախուեցան ՀՄԸՄ-ի կեանքին ու գործին հետ», հաստատեց վեհափառ հայրապետը` աւելցնելով, որ 100 տարի ետք ՀՄԸՄ իրաւունքն ու պատիւը ունի ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ նշելու իր 100 տարիներու ծառայական կեանքը` մեր ժողովուրդին ի սպաս:
Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադարձաւ կատարուած ուխտին, յատկապէս վայրին` շեշտելով մէկուկէս միլիոն նահատակներուն ոգեղէն ներկայութիւնը: «Իմ սպասումս է, որ ձեր կատարած ուխտին գիտակցութիւնը միշտ կենդանի ներկայութիւն մնայ, յուշարար` ձեր կեանքին մէջ, որպէսզի ՀՄԸՄ-ը ամէն տեղ` Հայաստանէն մինչեւ Արցախ, Լիբանան եւ ի սփիւռս աշխարհի, վերանորոգ նուիրումով եւ յանձնառութեամբ շարունակէ իր կեանքն ու երթը. ձեր երգին բառերով` «յառաջ նահատակ» դարձած քալեցէ՛ք դէպի մեր ժողովուրդին յաղթանակը: Յատկապէս այս օրերուն, երբ մեր ժողովուրդը ամէնուրեք կը դիմագրաւէ լուրջ տագնապներ եւ մարտահրաւէրներ, առաւել քան երբեք մենք կարիք ունինք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, յատկապէս մեր երիտասարդներուն, համախմբուելու մեր գերագոյն արժէքներուն շուրջ` հայրենիք, եկեղեցի, ազգային պահանջատիրութիւն, հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներ: Ես վստահ եմ, որ այս գիտակցութեամբ ՀՄԸՄ-ը պիտի շարունակէ իր յաղթական երթը, եւ միութեան 100-ամեակը առիթ պիտի հանդիսանայ վերանորոգելու իր կեանքը, մանաւանդ նոր մղում տալու իր ազգային ծառայութեան», եզրափակեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը` Աստուծոյ աղօթելով, որ միշտ Իր հովանիին տակ պահէ ու պահպանէ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը` զայն առաջնորդելով դէպի նորանոր իրագործումներ ու յաղթանակներ:
Ջահավառութիւնը աւարտեցաւ «Յառաջ նահատակ»-ով: