Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Մխիթարեան Վարժարանի Վաճառուելու Լուրը Անհիմն Է. 2018-2019 Տարեշրջանին Կը Սկսի Իր Վերամուտը Իր Նոր Եւ Ժամանակակից  Վարժարանին Մէջ` Ռաուտա Վերջերս ընկերային կարգ մը ցանցերու վրայ յայտնաբերուած  որոշ հաղորդումներ կը հակասեն բացայայտ իրականութեան. հարցը առնչուած է Մխիթարեան միաբանութեան Պէյրութի նորաբաց վարժարանին հետ: 300-ամեայ մշակութային, հոգեւոր եւ կրթական հարուստ վաստակ ունեցող Մխիթարեան միաբանութիւնը, որ 2000 թուականին միախմբեց Վենետիկի եւ Վիեննայի իր զոյգ...

Ընտրական Ժողովրդային  Միթինկ-Ընթրիք` Լէյլաւանի Մէջ.  «Մեր Գոյութեան, Դաշնակցութեան Գոյութեան  Իմաստը Ժողովուրդին Ծառայութիւնն Է,  Իսկ Ժողովուրդը Դաշնակցութեան Բռունցքն Է»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Ընտրական Ժողովրդային Միթինկ-Ընթրիք` Լէյլաւանի Մէջ. «Մեր Գոյութեան, Դաշնակցութեան Գոյութեան Իմաստը Ժողովուրդին Ծառայութիւնն Է, Իսկ Ժողովուրդը Դաշնակցութեան Բռունցքն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Քարոզչական մարմինին կազմակերպութեամբ, երեքշաբթի, 1 մայիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Լէյլաւանի մէջ տեղի ունեցաւ ընտրական ժողովրդային միթինկ-ընթրիք մը` ներկայութեամբ  Դաշնակցութեան առաջադրած թեկնածուներուն` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Յակոբ Թերզեանի, Սերժ Չուխատարեանի եւ Ալեքսանտր Մաթոսեանի: Լիբանանի եւ ՀՅԴ քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Քարոզչական մարմինի անդամ Ցոլեր Թալաթինեան: Ան ըսաւ,...

Իրանեան Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոսի Մէջ  Հանդիպում Ունեցաւ Հայ Համայնքի  Ներկայացուցիչներուն Հետ

Իրանեան Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոսի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ

Իրանի խորհրդարանի անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնախումբի նախագահ Ալաէտտին Պորուճերտիի գլխաւորած խորհրդարանական պատուիրակութիւնը 1 մայիսին այցելած է Սուրիա: Սուրիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուց, որ պատուիրակութեան մաս կը կազմէ նաեւ Իրանի խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարէն Խանլարեան: Հանդիպումներ տեղի ունեցած են Սուրիոյ նախագահին, արտաքին գործոց նախարարին, վարչապետին եւ խորհրդարանի նախագահին հետ: Այցելութեան ընթացքին իրանական պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է...

Առիւծ Մհերին Օրինակով

«Մհեր Ջուլհաճեան» Աշակերտական Շարադրական Մրցանք. Հաղորդագրութիւն

Լիբանանահայ նահատակ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակին նուիրուած միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններու աշակերտական շարադրական մրցանքը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 17 փետրուար 2018-ին, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ:   Նահատակ ազատամարտիկի ընտանեկան պարագաներուն եւ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի միացեալ ճիգերով հաստատուած միջդպրոցական «Մհեր Ջուլհաճեան» շարադրական մրցանքը այս տարի եւս արժանացաւ լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններուն բարձր գնահատանքին: Ստորեւ կը ներկայացնենք մրցանակաւոր աշակերտներուն անունները. ՄԻՋՆԱԿԱՐԳ Ա. մրցանակ...

Մամլոյ Արձակուրդ

Մամլոյ Արձակուրդ

Աշխատաւորներու միջազգային օրուան առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ չորեքշաբթի, 2 մայիս 2018-ին: Մեր յաջորդ թիւը` հինգշաբթի, 3 մայիս 2018-ին:

Հաղորդագրութիւն

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտ. 14 Դիմումի Ընդառաջում Ապրիլին 12 Ամսեայ Հաշուեկշիռ` 199 Պարագայ

ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հաստատած Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտը ապրիլ ամսուան ընթացքին ընդառաջած է 14 դիմումի, մինչ մայիս, յունիս, յուլիս, օգոստոս, սեպտեմբեր, հոկտեմբեր, նոյեմբեր, դեկտեմբեր, յունուար, փետրուար եւ մարտ ամիսներու ընթացքին ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին արժանացած է 185 պարագայ: Այսպէս, Հայ ընտանիքի կազմութեան ֆոնտին (պսակադրութեան), դիմում կատարած է 2 զոյգ, որ պայմանները լրացուցած ըլլալով արժանացած է ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին: Հայ...

Յայտարարութիւն

Լիբանանում Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը տեղեկացնում է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի 2017 թուականի  դեկտեմբերի 27-ի թիւ 955-Ա հրամանագրով ներքոյիշեալ համարների ստացագրեր ունեցողներին շնորհուել է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն 18589, 18579, 18585, 18721, 18658, 18791, 18711, 18659, 18566, 18604, 18662, 18573, 18610, 18554, 18722, 15278, 18651, 18450, 18719, 17919, 18601, 18588, 18663, 18609, 18527, 18733, 18517, 18546, 18712 (շարունակելի) Լրացուցիչ մանրամասնութիւնների համար խնդրում...

Ընտրական Ժողովրդային Երկրորդ Միթինկ  «Հայկական Երեսփոխանական Ուժեղ Պլոքի Մը Գոյութիւնը Ազգային Ուժեղ Կուսակցութեան Հովանիին Տակ Անհրաժեշտութիւն Է, Հզօրանք Է»  Ըսաւ Տիգրան Ճինպաշեան

Ընտրական Ժողովրդային Երկրորդ Միթինկ «Հայկական Երեսփոխանական Ուժեղ Պլոքի Մը Գոյութիւնը Ազգային Ուժեղ Կուսակցութեան Հովանիին Տակ Անհրաժեշտութիւն Է, Հզօրանք Է» Ըսաւ Տիգրան Ճինպաշեան

«6 Մայիսին Պիտի Փաստենք Դարձեալ, Որ Այն Ժողովուրդն Ենք, Որ Իր Ինքնուրոյնութիւնը Պիտի Պահէ, Որ Տեղի Պիտի Չտայ, Պիտի Չմոլորի» Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի ՀՅԴ Քարոզչական մարմինին կազմակերպութեամբ, երէկ` ուրբաթ, 27 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Զալքայի «Գարեգին Նժդեհ» ակումբին դիմաց տեղի ունեցաւ ընտրական ժողովրդային երկրորդ միթինկը` ներկայութեամբ  Դաշնակցութեան առաջադրած թեկնածուներուն` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Յակոբ Թերզեանի, Սերժ...

«Նարեկի Տիրամօր»  Ընկերային-Բժշկական Կեդրոնին Մէջ.  «Ամէնէն Կարեւոր Բանը, Որ Մեզի Սորվեցուցած Էք,  Ազատութիւնն Է Եւ Հայու Արժանապատուութիւնը,  Որ Այսօր Դժբախտաբար Մարդիկ Կը Կարծեն, Որ Ծախու Է»  Շեշտեց Յակոբ Բագրատունի

«Նարեկի Տիրամօր» Ընկերային-Բժշկական Կեդրոնին Մէջ. «Ամէնէն Կարեւոր Բանը, Որ Մեզի Սորվեցուցած Էք, Ազատութիւնն Է Եւ Հայու Արժանապատուութիւնը, Որ Այսօր Դժբախտաբար Մարդիկ Կը Կարծեն, Որ Ծախու Է» Շեշտեց Յակոբ Բագրատունի

Ուրբաթ, 27 ապրիլ 2018-ի կէսօրին, Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան «Նարեկի Տիրամօր» ընկերային- բժշկական կեդրոնին մէջ (Պուրճ Համուտ) տեղի ունեցաւ ծերունի պատսպարեալներուն հերթական հաւաք-ճաշը: Այս առիթով սոյն հանդիպման ներկայ եղան նաեւ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, ՀՅԴ-ի առաջադրած երկու թեկնածուները` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Սերժ Չուխատարեան, ինչպէս նաեւ մեթր Ժաք Չուխատարեան: Հաւաքը սկսաւ Տէրունական...

Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի  Հայկական Աւանդներու Ակումբ.  Փրոֆ. Թաներ Աքչամ Ներկայացուց  Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերող  Իր Նոր Ուսումնասիրութիւնը

Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Հայկական Աւանդներու Ակումբ. Փրոֆ. Թաներ Աքչամ Ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերող Իր Նոր Ուսումնասիրութիւնը

Կազմակերպութեամբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի Հայկական աւանդներու ակումբին, երէկ` ուրբաթ, 27 ապրիլ 2018-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Իսամ Ֆարես» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման 103-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ, որուն ընթացքին թուրք պատմաբան, Մասաչուսեցի «Քլարք» համալսարանի պատմութեան դասախօս փրոֆ. Թաներ Աքչամ զեկուցեց իր վերջին ուսումնասիրութեան մասին` «Սպանութեան հրահանգներ. Թալէաթ Փաշայի հեռագիրները եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը» (Killing Orders; Talaat Pasha’s Telegrams...

Յայտարարութիւն

Լիբանանում Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը տեղեկացնում է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի 2017 թուականի  դեկտեմբերի 7-ի թիւ 914-Ա հրամանագրով ներքոյիշեալ համարների ստացագրեր ունեցողներին շնորհուել է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն 18483, 18499, 18487, 18439, 18510, 17038, 17780, 18493, 17784, 18492, 17987, 17774, 17790, 18495, 18440, 18254, 18187, 16330, 15607, 17626, 18506, 17631, 18452, 18402, 17138, 17257, 17875, 18488, 18512, 18514, 18432 (շարունակելի) Լրացուցիչ մանրամասնութիւնների...

«Մեր Քուէն Մեր Ժողովուրդին Ինքնութիւնը,  Հայկականութիւնը, Ազատութիւնը  Եւ Ամրութիւնը Ապահովելու Քուէ Է»  Ըսաւ Յակոբ Բագրատունի

«Մեր Քուէն Մեր Ժողովուրդին Ինքնութիւնը, Հայկականութիւնը, Ազատութիւնը Եւ Ամրութիւնը Ապահովելու Քուէ Է» Ըսաւ Յակոբ Բագրատունի

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան յարաբերական յանձնախումբին, երէկ` հինգշաբթի, 26 ապրիլ 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Ֆենիսիա» պանդոկի «Կրանտ պոլրում» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պրանչ, ներկայութեամբ ՀՅԴ-ի առաջադրած երեսփոխանական թեկնածուներուն` Յակոբ Բագրատունիի, Յակոբ Թերզեանի, Սերժ Չուխատարեանի եւ Ալեքսանտր Մաթոսեանի: Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Այնուհետեւ ներկաները դիտեցին ՀՅԴ քարոզչական մարմինին կողմէ պատրաստուած տեսերիզ մը,...

Երեւանի Պետական Համալսարանի  Ուսանողներ Այցելեցին «Ազդակ»

Երեւանի Պետական Համալսարանի Ուսանողներ Այցելեցին «Ազդակ»

Երէկ երեկոյեան «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեցին Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան եւ ցեղասպանագիտութեան բաժանմունքի ուսանողներ` ընկերակցութեամբ Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն Մհեր Յովհաննիսեանի: Երեւանի պետական համալսարանի ուսանողները հանդիպում մը ունեցան «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր, տնօրէն Շահան Գանտահարեանի հետ: Ապա անոնք ծանօթացան «Ազդակ»-ի աշխատանքներուն եւ խմբագրութեան կողքին այցելեցին նաեւ օրաթերթին տպարանը: Ուսանողները եւ Մ. Յովհաննիսեան հանդիպում մը ունեցան նաեւ «Ազդակ»-ի կազմակերպած Լրագրութեան...

Հաղորդագրութիւն

Յայտարարութիւն

Հինգշաբթի, 19 ապրիլ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Լիբանանի հայոց թեմի նորընտիր Ազգային վարչութիւնը թեմիս բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ եպս. Փանոսեանի նախագահութեամբ գումարեց իր անդրանիկ նիստը եւ իր դիւանը կազմեց` ատենապետ ընտրելով Րաֆֆի Սիսլեանը, իսկ ատենադպիր` Սալբի Պուլղուրճեանը: Ազգային վարչութեան կազմին կ՛անդամակցին նաեւ Յակոբ Լուսարարեան, Աբգար Առաքելեան, Զաւէն Պօյաճեան, Զարեհ Խտրլարեան, Ալեքսան Մուրատեան, Յովիկ Կէօզիւպէօյիւքեան, տոքթ. Էլի Թաշճեան, Վերա Պչաքճեան...

Ընտրական Ժողովրդային Առաջին Միթինկ.  «Դաշնակցութիւնը Իշխանութիւն Չէ, Դաշնակցութիւնը Ժողովուրդն Է, Դաշնակցութիւնը Դո՛ւք Էք, Դաշնակցութիւնը Հոն Է, Ուր Ժողովուրդն Է»  Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի

Ընտրական Ժողովրդային Առաջին Միթինկ. «Դաշնակցութիւնը Իշխանութիւն Չէ, Դաշնակցութիւնը Ժողովուրդն Է, Դաշնակցութիւնը Դո՛ւք Էք, Դաշնակցութիւնը Հոն Է, Ուր Ժողովուրդն Է» Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի

«Ժողովուրդը Եւ Դաշնակցութիւնը Նոյնացած Են, Մի՛ Զարմանաք, Որ Այս Ժողովուրդը Դաշնակցութենէն Բաժնել Անկարելի Է» Ըսաւ Յովիկ Պերթիզլեան Երէկ` չորեքշաբթի, 25 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:00-ին խուռներամ բազմութիւն մը լեցուցած էր «Արին» կեդրոնի դիմացի փողոցը, ուր, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Քարոզչական մարմինին, տեղի ունեցաւ ընտրական ժողովրդային առաջին միթինկը, որուն ընթացքին ներկաները անգամ մը եւս հաստատեցին իրենց հաւատարմութիւնը Դաշնակցութեան եւ անոր կողմէ առաջադրուած թեկնածուներուն`  ՀՅԴ...

Հայոց Ցեղասպանութեան 103-ամեակի  Ս. Պատարագ` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ.  «Ազգային Պահանջատիրութիւնը Անբաժան Մասը  Կը Կազմէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  Կաթողիկոսութեան Առաքելութեան»  Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հայոց Ցեղասպանութեան 103-ամեակի Ս. Պատարագ` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ. «Ազգային Պահանջատիրութիւնը Անբաժան Մասը Կը Կազմէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Առաքելութեան» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հայոց ցեղասպանութեան 103-ամեակը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ոգեկոչուեցաւ սուրբ պատարագով, որ մատուցեց Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, եւ որուն երգեցողութիւնը կատարեց կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը: Ոգեկոչման ներկայ էին մայրավանք հասած հայ թէ օտար ուխտաւորներ, պետական նախարարներ, երեսփոխաններ, հայկական երեք կուսակցութիւններու, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ ուխտաւորներու հոծ բազմութիւն մը: Յաւարտ Ս. պատարագին, նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին,...

Քայլարշաւ Հայաշէնէն Ժեհթաուի`  Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Յուշարձան

Քայլարշաւ Հայաշէնէն Ժեհթաուի` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Յուշարձան

Ընդառաջելով ՀՅԴ «Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» կոմիտէներու կոչին` ապրիլ 24-ի առաւօտեան ժամը 8:00-ին պէյրութաբնակ հայերը համախմբուած էին Հայաշէնի ժողովրդային տան առջեւ, ուրկէ ընթացք առաւ քայլարշաւ մը դէպի Ժեհթաուի` Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան: ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ կայացած քայլարշաւին կը մասնակցէին երեսփոխանական ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ի առաջադրած թեկնածուներէն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Յակոբ Թերզեան, Սերժ Չուխատարեան,...

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Սկաուտները Կ՛ոգեկոչեն  Հայոց Ցեղասպանութեան  Նահատակներուն Յիշատակը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Սկաուտները Կ՛ոգեկոչեն Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներուն Յիշատակը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի սկաուտները, Շրջանային վարչութեան եւ Շրջանային սկաուտական խորհուրդին հովանաւորութեամբ, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն: Երկուշաբթի, 23 ապրիլ 2018-ի երեկոյեան, ՀՄԸՄ-ի  Լիբանանի Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Անթիլիասի եւ Ժըտէյտէի մասնաճիւղերը ներկայացնող` երէց - պարմանուհիները, խմբապետական կազմերը,  մասնաճիւղի սկաուտական խորհուրդները, ինչպէս նաեւ Շրջանային խմբապետական կազմը, Շրջանային սկաուտական խորհուրդն ու Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչները հաւաքուեցան Պիքֆայայի...

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ.  Լիբանանահայ Վարժարաններու Աշակերտները  Յարգեցին Ցեղասպանութեան Մէկուկէս  Միլիոն Նահատակներուն Յիշատակը

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ. Լիբանանահայ Վարժարաններու Աշակերտները Յարգեցին Ցեղասպանութեան Մէկուկէս Միլիոն Նահատակներուն Յիշատակը

Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, երկուշաբթի, 23 ապրիլին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 103-ամեակին առիթով Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Ստեփանոս մատրան դիմաց տեղի ունեցաւ աշակերտական հաւաք` մասնակցութեամբ լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտութեան, տնօրէններուն եւ ուսուցչակազմերուն: Ներկայ էին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի եւ Ազգային միացեալ վարժարանի, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի, Հայ Աւետարանական Թորոսեան վարժարանի, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի, Հայ աւետարանական քոլեճի, Հայ կաթողիկէ...

24 Ապրիլի Առիթով  Հարցազրոյց «Օ.Թի.Վի.»-էն

24 Ապրիլի Առիթով Հարցազրոյց «Օ.Թի.Վի.»-էն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի անդամներէն Սէրուժ Աբիկեան 24 ապրիլին հիւրն էր «Օ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանի «Ժարիտաթ Եոմ» յայտագիրին, որուն ընթացքին պատասխանելով զրուցավարներուն հարցումներուն անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին: Աբիկեան նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը բաւարար չէ, այլ ատոր պէտք է հետեւին վնասուց հատուցումն ու իրաւունքներու վերականգնումը` աւելցնելով, որ այդ երեք հարցերը միատեղ են եւ զանոնք կարելի չէ իրարմէ անջատել: Ան նաեւ...

Page 231 of 365 1 … 230 231 232 … 365

Արխիւներ