Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, ՍԴՀԿ-ին եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան, հինգշաբթի, 19 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ կառատան մէջ, «Ազատամարտ» ակումբին դիմաց, տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիպում «Պէյրութ Ա.-ի հզօր ընտրացանկ»-ի թեկնածուներուն հետ:
Բացման խօսքը արտասանեց Ճեսի Խալիլ, որ դիտել տուաւ, թէ լիբանանցիները 9 տարի սպասեցին, որպէսզի իրենց քուէները տան այն անձերուն, որոնք զիրենք պիտի ներկայացնեն խորհրդարանին մէջ, իրենց անունով պիտի խօսին եւ իրենց հոգերն ու մտահոգութիւնները պիտի փոխանցեն պատասխանատու մարմիններուն: Անոր համաձայն, այսօր արդէն առիթ է հաշուետուութեան, որովհետեւ իւրաքանչիւր քաղաքացի իր ձայնը լսելի դարձնելու կարելիութիւն ունի 6 մայիսին:
Ապա «Պէյրութ Ա.-ի հզօր ընտրացանկ»-ին անդրադառնալով` Ճեսի Խալիլ ըսաւ, որ անիկա կը բաղկանայ լիբանանեան տարբեր բաղադրիչներ ներկայացնող կողմերէ, որոնք ձեռք-ձեռքի տուին, որպէսզի կարենան իրենց աշխատանքին սկսիլ 7 մայիսին` շեշտելով, որ Լիբանանի մէջ միասնականութիւնն ու համախոհութիւնը կը հասցնեն դրական արդիւնքներու եւ հաւասարակշռուած համախմբումներու:
Ապա հերթաբար խօսք առին «Պէյրութ Ա.-ի հզօր ընտրացանկ»-ին թեկնածուները:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ առաջադրուած թեկնածու Սերժ Չուխատարեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ երկրին մէջ տիրող անարդարութիւնը կասեցնելու ժամը հասած է արդէն, մանաւանդ որ Լիբանանի ընկերութեան այնպիսի մէկ մասնիկն ենք, որ կը մերժէ յուսահատիլ, այլ փիւնիկի նման յարութիւն կ’առնէ: Անոր համաձայն, թէեւ 18 տարիէ ի վեր հայ համայնքին ներկայացուածութեան իրաւունքները ըստ արժանւոյն չէին յարգուած խորհրդարանին մէջ, սակայն ատիկա ոչ մէկ ձեւով ազդեցութիւն ունեցաւ լիբանանահայ ընկերութեան մէջ Դաշնակցութեան ներկայացուածութեան վրայ` աւելցնելով, որ ՀՅԴ-ն կը շարունակէ ներկայացնել լիբանանահայութեան մեծագոյն շերտը: Այս իրողութենէն եւ Ազգային ազատ հոսանքին ու Հնչակեան կուսակցութեան հետ համագործակցութենէն մեկնած` Ս. Չուխատարեան ըսաւ, որ կը հաւատայ, թէ իրաւունքը պիտի վերադարձուի իրաւատէրին եւ հայութիւնը ճիշդ ձեւով ներկայացուած պիտի ըլլայ խորհրդարանին մէջ: Անոր համաձայն, տարբեր ընտրացանկերէ շրջանի բնակիչներուն առաջարկուած կաշառքները օգուտ չունին, որովհետեւ Էշրեֆիէի, Ռըմէյլի, Մըտաուարի եւ Սայֆիի ժողովուրդը արժանապատուութեան, վեհանձնութեան եւ խիղճի տէր է: Ան ըսաւ, թէ ընտրացանկը պիտի գործէ ազգային ձգտումներու իրականացման նպատակով, յատկապէս պայքարելով փտածութեան, արտագաղթին եւ անգործութեան դէմ, պիտի աշխատի, որպէսզի իւրաքանչիւր քաղաքացի մարդկային իր տարրական իրաւունքները ունենայ եւ ծառայութիւնները վայելէ:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ առաջադրուած թեկնածուներէն Յակոբ Թերզեան հաստատեց, որ շրջանը լաւ կը ճանչնայ, անիկա կը վկայէ իրեն նկատմամբ սիրոյ եւ հաւատարմութեան, մանաւանդ որ շրջանին մէջ մնացինք նոյնիսկ ամէնէն դժուար օրերուն: Ան անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ` իբրեւ Պէյրութի քաղաքապետութեան անդամ, միշտ ալ աշխատանք տարած են շրջանին մէջ աւելի լաւ ու բարգաւաճ պայմաններ ստեղծելու, հակառակ անոր որ տարբեր խոչընդոտներ կային իրենց դիմաց, սակայն կարելի չէ գիտնալ, թէ շրջանի բնակիչները կարիքներ ունին, ու անտեսել զանոնք:
Յակոբ Թերզեան ըսաւ, թէ Դաշնակցութիւնը կը սորվեցնէ ուրիշը ընդունելու ատակ ըլլալ, համակեցութեամբ առաջնորդուիլ: Առ այդ, ան շեշտեց, որ մենք խօսելու սիրոյն չենք արտայայտուիր, այլ մեր ժամանակն ու ճիգը ի գործ կը դնենք շրջանի կարիքներուն գոհացում տալու եւ զայն աւելի զարգացած վայրի մը վերածելու` հաստատելով, որ մեր պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ երբ խոստում տանք, կը յարգենք: Ան հաստատեց, որ մեծ եռանդով ու հաւատարմութեամբ պիտի գործեն Պէյրութի հզօրացման համար` մերժելով զայն լուսանցքայնացնել կամ անտեսել, նաեւ ամբողջ Լիբանանին բարձրախօսը պիտի ըլլան խորհրդարանին մէջ` աւելցնելով, որ Դաշնակցութիւնը միայն Պէյրութ Ա. ընտրաշրջանին վերաբերող ծրագիրներ չունի, այլ` ամբողջ Լիբանանի տարածքին: Յակոբ Թերզեան խոստացաւ քաղաքացիներուն իրաւունքները բնական ընթացքով անոնց տալու ի խնդիր գործել, երիտասարդութեան կողքին ըլլալ, անոր աշխատանք ապահովել, արտերկրի լիբանանցիները իրենց երկիրը վերադարձնել, որպէսզի Լիբանան աւելի զօրանայ եւ զարգանայ` աւելցնելով, որ այսօր քուէի փոխարէն դրամ առաջարկողներն են, որոնք երկիրը այս վիճակին հասցուցին:
Հնչակեան կուսակցութեան թեկնածու, երեսփոխան Սեպուհ Գալփաքեան ընտրացանկը ուժեղ նկատեց անոր մէջ եղող քաղաքական կողմերուն ներկայութեամբ` դիտել տալով, որ անոնք կը մարմնաւորեն ժողովուրդը: Ապա ողջունեց մայրաքաղաքին մէջ ապրող հայութիւնը` յայտնելով, որ հայը ոչ մէկ օր մասնակից դարձած է Պէյրութի քանդումին, այլ միշտ աշխատած է անոր զարգացման ու բարգաւաճման ի խնդիր: Ըստ անոր, լիբանանահայութիւնը միշտ ալ համախմբուած է իր քաղաքական կուսակցութիւններուն շուրջ եւ գործած է ի շահ Լիբանանին` կամուրջներ հաստատելով լիբանանցիներուն հետ:
Սեպուհ Գալփաքեան ըսաւ, թէ Պէյրութը հզօր է իր բնակիչներով, անոնց երազներով եւ իղձերով, որոնց իրականացման համար պիտի գործեն ընտրացանկին անդամները, որովհետեւ երեսփոխան մը առանձինն չի կրնար հարցերու լուծում գտնել, սակայն միասնական ուժերով կարելի է մեծ ծրագիրներ իրագործել:
Խօսք առաւ նաեւ գնդապետ-զօրավար Անթուան Բանօ, որ յայտնեց, թէ լիբանանեան բանակին մէջ ծառայած է բանակի ամէնէն յայտնի հրամանատարներէն զօր. Միշել Աունի օրով, իսկ կեանքին մէջ եւս կը գործէ բանակայինի սկզբունքներով` արժանապատուութիւն, զոհողութիւն եւ հաւատարմութիւն: Անոր համաձայն, ընտրացանկին մէջ իրենք համախմբուած են հայրենիքին եւ ազգային շահերուն նկատմամբ միացեալ հաւատքէն մեկնած եւ պիտի գործեն այդ հաւատքով: Ա. Բանօ ողջունեց լիբանանահայութիւնը, որ քանի մը օր ետք պիտի յիշատակէ Հայոց ցեղասպանութիւնը` դիտել տալով, թէ անիկա պայքարող ժողովուրդ է, որ Լիբանանի համար եւս նահատակներ տուաւ, կառուցեց եկեղեցի, մշակութային, մարզական, կրթական կեդրոններ, մասնակից դարձաւ Լիբանանի բարգաւաճման ու զարգացման եւ միշտ ալ բարձր պահեց Լիբանանի անունը: Ապա ան ըսաւ, թէ շրջանը տարբեր պատճառներով անտեսուած էր երկար ատենէ ի վեր, սակայն ժամանակը հասած է, որ անիկա ունենայ առողջ եւ բարգաւաճ քաղաքի տուեալներն ու պայմանները, նաեւ` արտագաղթն ու անգործութիւնը պէտք է վերջ գտնեն, եւ Լիբանանը վերածուի հպարտութիւն առթող երկրի:
Յաջորդ խօսք առնող թեկնածուն Նիքոլա Շամմասն էր, որ ըսաւ, թէ ըլլալով Պէյրութի առեւտրականներու միութեան նախագահ եւ Տնտեսական խորհուրդներու անդամ, լաւատեղեակ է Լիբանանի ապրած տնտեսական, ընկերային եւ կենցաղային դժուարութիւններէն, յատկապէս Սուրիոյ մէջ սկսած պատերազմէն ետք: Անոր համաձայն, իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն լիբանանեան ընկերութեան դժուարութիւնները թեթեւցնելու, սակայն տնտեսական այդ միաւորները չունին այն ուժը, զոր ունի խորհրդարանը, ուստի տնտեսական պայքար մղելու միտումով եւս պէտք է երեսփոխան դառնալ: Նիքոլա Շամմաս յայտնեց, որ ինք եւս կ’ուզէ իբրեւ զինուոր մասնակից դառնալ Լիբանանի յառաջդիմութեան համար մղուող պայքարին:
Ապա ելոյթ ունեցաւ Մասուտ Աշքար, որ նախ եւ առաջ ողջունեց հայութիւնը, որ 24 ապրիլին պիտի ոգեկոչէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը` աւելցնելով, թէ պէտք չէ մոռնալ, որ աւելի քան 100 տարի առաջ թուրքերը լիբանանցիները եւս սովի մատնած ու սպաննած են, իսկ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն գողգոթան տակաւին չէ աւարտած: Ան դիտել տուաւ, որ 6 մայիսը Ճեմալ փաշային կողմէ կախաղան բարձրացուած նահատակներուն օրն է, սակայն այդ օրը, դժբախտաբար, ազգային տօն ըլլալէ դադրեցաւ, սակայն պէտք է անպայման վերականգնել զայն: Մասուտ Աշքարի համաձայն, 6 մայիսը օրն է իսկական ժողովուրդը չներկայացնող եւ ակնկալուած աշխատանքը չտարած երեսփոխաններուն պատկերը փոխելու, որովհետեւ ժողովուրդին իրաւունքն է ունենալ գործով զինք ներկայացնողը, իր շահերուն ի խնդիր աշխատողը: Անոր համաձայն, այս ընտրացանկին մէջ համախմբուած են Պէյրութի նկատմամբ միացեալ սիրոյ սկզբունքով, շրջանի արժանապատուութեան եւ բնակիչներու կենցաղային պայմաններուն ապահովման միտող տարբեր ծրագիրնեով: Աշքար կոչ ուղղեց ընտրելու «Պէյրութ Ա.-ի հզօր ընտրացանկ»-ը, ապա անկէ հաշիւ պահանջելու, հարց տալու, թէ ո՛ւր են տրուած խոստումները:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան փոխնախագահ Նիքոլա Սահնաուին, որ ողջունեց Դաշնակցութեան հետ հին ու ամուր համախոհութիւնը, զոր ոչինչ կրնայ փոխել` հաստատելով, որ այդ միտումով եղած բոլոր փորձերը ձախողութեան մատնուած են, որովհետեւ երբ Ազգային ազատ հոսանքը կամ Դաշնակցութիւնը իրենց ձեռքը ուրիշին ձեռքին կու տան, ատիկա անքակտելի կապ մը կը ստեղծէ: Անոր համաձայն, «Պէյրութ Ա.-ի հզօր ընտրացանկ»-ով այս համաձայնութեան շրջագիծը ընդարձակուած է եւ դարձած հպարտութիւն ներշնչող` ներառելով կուսակցութիւններ եւ անհատներ:
Տարբեր ընտրացանկերէ «Պէյրութ Ա.-ի հզօր ընտրացանկ»-ին տարբերութեան մասին խօսելով` Ն. Սահնաուի ըսաւ, թէ իրենք շրջանի բարելաւման համար կը գործեն, իսկ տարուած աշխատանքները փաստ են այս իրողութեան: Անոր համաձայն, նոր խորհրդարանին մէջ իրաւունքը իրաւատէրին պիտի վերադարձուի, Պէյրութ Ա.-ը պիտի ունենայ զինք ներկայացնող, խորհրդարանին մէջ իր հարցերը բարձրացնող եւ հաշիւ պահանջող երեսփոխաններ: Նիքոլա Սահնաուի հաստատեց, որ պիտի չյուսահատին, պիտի չյոգնին, պիտի չընկրկին, մինչեւ որ իրենց նպատակին հասնին եւ ապահով ափը տեսնեն: