Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանի յանձնախումբին, շաբաթ, 19 մայիս 2018-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ նշուեցաւ «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանի 25-ամեակը` ներկայութեամբ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վէքիլեանին, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներուն, գրադարան յաճախող պատանիներու ծնողներուն եւ համակիր բարեկամներու:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Սեդա Մածունեան ողջունեց ներկաները, խօսեցաւ ձեռնարկի առիթին մասին եւ ապա սեղմ տողերու մէջ թուեց յայտագիրի գլխաւոր կէտերը: Մածունեան շնորհաւորելէ ետք ԼՕԽ-ականներն ու պատանիները «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանի 25-ամեակին առիթով, բացուած յայտարարեց ձեռնարկը:
Գրադարան յաճախող պատանիներուն անունով բացման խօսքը արտասանեց Յովիկ Պետրոսեան, որ բարձր գնահատեց գրադարանի գործունէութիւնը` իր եւ իր ընկերակիցներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնելով ԼՕԽ-ին, անոր ներկայացուցիչին եւ պատասխանատուներուն: «Այսօր հոս հաւաքուած ենք միասնաբար տօնելու հիմնադրութեան տարեդարձը մեր շատ սիրելի «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանին, որ արդէն 25 տարեկան է», ըսաւ Յովիկ Պետրոսեան` նշելով, որ անիկա իր հիմնադրութեան օրէն կը փորձէ օգտակար դառնալ հայ մանուկին տարբեր ձեւերով: «Մենք շատ կարճ ժամանակի մէջ, մեր դասերուն զուգահեռ, պատրաստեցինք այսօրուան մեր յայտագիրը` նիւթ ունենալով «հայ լեզուն, հայ գիրքը, գրադարանը», ընդգծեց ան` երկար տարիներ ու յարատեւ յառաջդիմութիւն եւ վերելք մաղթելով գրադարանին:
Գրադարանի յանձնախումբին անունով Սեւան Յովհաննէսեան իր խոր երախտագիտութիւնն ու շնորհաւորութիւնները յայտնեց: «Շուրջ 25 տարիներ առաջ հիմնուած այս գրադարանը, որուն նպատակն էր Պուրճ Համուտի հայահոծ շրջաններուն մէջ բնակող մանուկներուն եւ պատանիներուն համար ստեղծել ջերմիկ ու հաճելի կեդրոն մը` մղելով զանոնք սիրելու գիրքն ու գիտելիքը, այսօր արդէն արդարացուցած է իր տարիներու աշխատանքը», յայտնեց ան` սեղմ տողերու մէջ նշելով գրադարանին մէջ կիրարկուող սերտողութեան, ընթերցանութեան եւ յարակից աշխատանքներն ու միջոցառումները: «Յանձնախումբս մօտէն կը հետեւի ամառնային սերտարանին, ուր մանուկները կ՛անցընեն անմոռանալի պահեր», ընդգծեց Սեւան Յովհաննէսեան` շնորհաւորելով գրադարանի 25-ամեակը եւ ըսաւ. «Կը հաւատանք, որ յաջորդ 25 տարիներուն պիտի շարունակենք մեր երթը` միշտ նպատակ ունենալով հայ մանուկին առողջ ու հայեցի դաստիարակութիւնը: Վարձքը կատա՛ր բոլոր ընկերուհիներուն»:
Ապա իր սրտի խօսքը ուղղեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարալ Մխճեան, որ դրուատեց գրադարանի պատասխանատուներուն ժրաջան աշխատանքը: Այս առիթով Մխճեան բարձր գնահատեց գրադարանի տարիներու ուսուցչուհի Արփի Շարլաքեանի գործունէութիւնը` շնորհակալութիւն յայտնելով անոր եւ գրադարանի յանձնախումբի կազմին: Ապա խօսքը ուղղելով գրադարանի մանուկներուն եւ պատանիներուն ըսաւ. «Դուք չծնած արդէն այս գրադարանը գոյութիւն ունէր, Շրջանային վարչութիւնը միշտ կը մտածէ ձեր մասին, ձեզ մօտէն կը ճանչնայ եւ կ՛ուզէ ուրախացնել ձեզ, գրադարանի աշխատանքը մեր կարեւորագոյն աշխատանքներէն է»: «ԼՕԽ-ի պարտականութիւնն է հոգալ եւ աւելի լաւ պայմաններ տալ բոլոր անոնց, որոնք մեզի կը դիմեն», աւելցուց Մխճեան` աւետելով, որ մօտ ատենէն ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանը պիտի փոխադրուի մօտակայ նոր կեդրոն մը` աւելի նոր ու արդիական սարքաւորումներով: Ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Յուսանք նոր ամեակներ կը տեսնենք, եւ կը բարգաւաճի ԼՕԽ-ի գրադարանը, բոլորիդ վարձքը կատա՛ր»:
ԼՕԽ-ի գրադարանը հիմնուած է 1993-ին եւ նախկին լիբանանահայ, այժմ ամերիկաբնակ գործարար, մասնագէտ Րաֆֆի Արտալճեանի բարերարութեամբ կոչուած է «Նարօտ Արտալճեան» գրադարան, ի յիշատակ անոր վաղամեռիկ դստեր` Նարօտին:
Այս առիթով ներկայացուեցաւ յատուկ յայտագիր, ուր զանազան երգերով, պարերով ու արտասանութիւններով ելոյթ ունեցան գրադարանի մանուկներն ու պատանիները` ներկայացնելով իրենց երկարատեւ ու տքնաջան նախապատրաստութեանց եւ վարժութեանց արգասիքը: Արդարեւ, խմբային պարերու եւ ասմունքներու կողքին հետեւեալ մանուկներն ու պատանիները ելոյթ ունեցան ներկաներու բուռն ծափողջոյններու մթնոլորտին մէջ.
Քարոլինա Մարգարեան մեներգեց «Հայերէն» եւ «Մայրենի լեզու» երգերը:
Նարեկ Պետրոսեան արտասանութիւն` «Իմ այս գիրքը»:
Հայկ Յակոբեան արտասանութիւն` «Մեր տառերը»:
Փաթրիսիա Աշճեան «Գիրք»:
Փամելա Աշճեան` «Հայ լեզուն»:
Հրակ Պալեան` «Իմ հայրենիքը»:
Մարիա Գիզիրեան` «Հայաստան»:
Գէորգ Պալեան նուագեց թաւջութակի վրայ, ապա Անտրէաս Գաբրիէլեան արտասանեց անգլերէն` «Օփըն է պուք», իսկ Տիգրան-Տիեկօ Քէօշկերեան դարձեալ անգլերէնով արտասանեց` «Կուտ պուքզ»-ը: Արաբական տապքէի խմբապարէն ետք, «Հայյա Նաքրա» արաբերէնով արտասանեց Էմիլի Աւետիս, ապա Սագօ Ղուկասեան` «Ֆի Մաքթապաթի»:
Աւարտին մանուկները ելոյթ ունեցան «Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք» խմբապարով` մեծապէս խանդավառելով ներկաները: Այս առիթով անոնք ստացան ԼՕԽ-ի նշանակով յատուկ գլխարկի յուշանուէրներ: