Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 100-ամեակ. Մշակութային Միացեալ Հրաշալի Հանդիսութիւն

May 21, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայատրոփ Պուրճ Համուտի սրտին մէջ երէկ` հազարաւոր հայորդիներ վայելեցին մշակութային հրաշալի պահեր: Զանազան միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու պատկան խումբեր հերթաբար բեմ բարձրանալով ներկայացուցին հայ երգ, հայ երաժշտութիւն, հայ պար: Հայ նոր սերունդի ներկայացուցիչները իրենց ելոյթներով անգամ մը եւս հաստատեցին, որ իրենք տէրն ու պահապանն են հայ մշակոյթին:

Երէկ` կիրակի, 20 մայիս 2018-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին կազմակերպած` մշակութային միացեալ հանդիսութիւնը, մասնակցութեամբ Համազգային, Նոր սերունդ, Թէքէեան եւ ՀԲԸՄ «Անդրանիկ» մշակութային միութիւններուն:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ներսէս Պաղտոյեան: Ան ըսաւ, թէ «Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի ոգեկոչման Լիբանանի կեդրոնական մարմինին անունով կ՛ուզեմ յարգանքի տուրք մատուցել Սարդարապատով սկսած եւ անկախութեամբ պսակուած մեր ժողովուրդի մղած պայքարի ընթացքին ինկած բոլոր նահատակներուն»:

Ան կատարեց հետեւեալ մէջբերումը այս առիթով Արամ Ա. կաթողիկոսին արտասանած խօսքերէն. «Պէտք է հաւատարիմ մնալ արիւնով եւ քրտինքով կերտուած հայրենքի անկախութեան եւ զայն պաշտպանել ամէն գնով»: Ան նշեց, որ մեր ներկայ ազգային իրավիճակին մէջ մեր կարեւորագոյն պաշտպանութեան միջոցներէն են մեր միասնակամութիւնը հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ, ինչպէս նաեւ պէտք է ամէն գնով պաշտպանել հայ դպրոցը, հայ ընտանիքը, հայ երիտասարդը, այս բոլորին հարազատ թարգմանը` հայ մշակոյթը: Փա՛ռք ու պատիւ մեր անցեալի ու ներկայի նահատակ հերոսներուն, փա՛ռք ու պատիւ մեր ազատ ու անկախ Հայաստանին:

Ելոյթ ունեցաւ «Թէքէեան» մշակութային միութեան երիտասարդական նուագախումբը եւ ներկայացուց փունջ մը ազգային-հայրենասիրական երգեր: Ապա ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Տաւիղ» նուագախումբը, որ նոյնպէս նուագեց երաժշտական գեղեցիկ կտորներ: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբը, որ երգեց «Երեւան դարձած իմ Էրեբունի», «Ելէք հայեր» եւ հայրենասիրական երգերու շարք մը:

«Նոր սերունդ» մշակութային միութեան «Արեգ» պարախումբը գեղեցիկ պարերով ճոխացուց մթնոլորտը: Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ ՀԲԸՄ ՀԵԸ «Արին» պարախումբը` ներկայացնելով պարային հիասքանչ կտորներ: Ապա բեմ բարձրացաւ Համազգայինի «Գայեանէ» պարախումբը եւ բեմականացուց հայկական հրաշալի պարեր:

Ուշագրաւ էր Համազգայինի տհոլի խումբը իր ճկուն ելոյթով: Մշակութային ձեռնարկը փակուեցաւ ՀԲԸՄ ՀԵԸ-ի շեփորախումբին նուագած «Սարդարապատ» յաղթերգով:

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմինի Նախաձեռնութիւնները Սկիզբ Առին Աշակերտական Մարաթոնով

Յաջորդը

«Հայաստանի Ապագային Նկատմամբ Բոլորս Պարտաւոր Ենք Յոյսով Լի Ըլլալ» Կ՛ըսէ Տարօն Աճեմօղլու

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հորմուզ, Պապ Մանտեպ Եւ Ռուս-Ամերիկեան  Ուժանիւթային Խորհրդակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հորմուզ, Պապ Մանտեպ Եւ Ռուս-Ամերիկեան Ուժանիւթային Խորհրդակցութիւններ

October 6, 2026
Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ  Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց  Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

October 6, 2026
«Իմացէք, Որ Եթէ Իրանի Դէմ Նոր Պատերազմ  Ծագի, Անոր Բոցերը Բոլորին Պիտի Հասնին»  Շեշտեց Զօր. Ապտելլահի
Գլխաւոր լուրեր

«Իմացէք, Որ Եթէ Իրանի Դէմ Նոր Պատերազմ Ծագի, Անոր Բոցերը Բոլորին Պիտի Հասնին» Շեշտեց Զօր. Ապտելլահի

October 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.