Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կովսականի Եւ Այնճարի Քաղաքապետներուն Միջեւ Համագործակցութեան Յուշագիրի Պաշտօնական Ստորագրութիւն

May 19, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախ Ռուց Ինվեսթմընց` ԱՌԻ ընկերակցութեան հրաւէրով Լիբանան ժամանած Արցախի պաշտօնական պատուիրակութիւնը երէկ այցելեց Այնճար:  Քաղաքապետարանի մուտքին պատուիրակութիւնը դիմաւորեցին Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս խօշեան, քաղաքապետական խորհուդի անդամներ,  միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Պատուիրակութեան անդամները դիմաւորուեցան աղ ու հացով եւ ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբին հնչեցուցած երաժշտութեան ընկերակցութեամբ:

Պաշտօնական ընդունելութեան ընթացքին, քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք արցախեան պաշտօնական պատուիրակութեան յայտնեց,  որ այս համաձայնագիրը փրոթոքոլային առաջին լուրջ փաստաթուղթն է, որ կը ստորագրուի: Ապա ան խօսեցաւ Այնճարի մասին` յայտնելով, որ գիւղը բնակուած է հայերով, եւ այդտեղ կը գործեն երեք յարանուանութիւններու եկեղեցիներն ու դպրոցները, անոնք կրցած են պահել համերաշխութիւնը նոյնիսկ դրացի գիւղերու այլ համայնքներու պատկանող բնակչութեան հետ: Ինչ կը վերաբերի գիւղի հայկական դիմագիծին, քաղաքապետը շեշտեց, որ մինչեւ օրս կրցած են պահել այդ դիմագիծը շնորհիւ հաւաքական ջանքերու, թէեւ յաճախ փորձեր կը կատարուին աղաւաղելու զայն:

Անդրադառնալով Արցախին քաղաքապետ Խօշեան յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Արցախի ամենափոքր հողատարածքն անգամ Էջմիածնի չափ սուրբ է, եւ պարտաւոր ենք բոլորս ալ տէր կանգնիլ հայրենի հողին:

Վարդգէս Խօշեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէութեան,  որուն աջակցութեան եւ զօրակցութեան շնորհիւ է,  որ կը պահուի գիւղի ապահովական եւ տնտեսական կայունութիւնը:

Արցախի տնտեսութեան նախարար Լեւոն Գրիգորեան իր կարգին յոյս յայտնեց,  որ այս համաձայնագիրը նոր յարաբերութիւններու հիմք կը ծառայէ` մաղթելով,  որ ատիկա ըլլայ երկարաժամկէտ, եւ ինչպէս որ Այնճարը եղած է Արցախի կողքին, այնպէս ալ Արցախը պատրաստ է ըլլալու Այնճարի կողքին:

Բարի գալուստի խօսքերէն ետք տեղի ունեցաւ Կովսականի քաղաքապետին եւ Այնճարի քաղաքապետին կողմէ համագործակցութեան յուշագիրի ստորագրութեան պաշտօնական արարողութիւնը, այնուհետեւ քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴ Բիւրոյին այս նախաձեռնութեան համար` աւելցնելով, որ այն աշխատանքը, որ կը վայելէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հովանաւորութիւնը, ինքնին վստահութիւն կը ներշնչէ:

Կովսականի քաղաքապետ Ռազմիկ Մարգարեան ողջունեց ներկաները եւ յոյս յայտնեց, որ այսուհետեւ երկու գիւղերուն միջեւ յարաբերութիւնները կը զարգանան տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային գետնի վրայ: Ապա կատարուեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում:

Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան այս առիթով յայտնեց,  որ այս համաձայնագիրը միայն փրոթոքոլային չէ, այլեւ եղբայրական համաձայնութիւն է երկու գիւղերուն միջեւ: Քեպապճեան  շեշտեց, որ մեր փրկութիւնը մեր միասնութեան եւ եղբայրական յարաբերութիւններուն մէջ է: «Ուր որ հայ կայ Հայաստանի սահմանները հոնկէ կը սկսին», ընդգծեց Քեպապճեան:

Նախարար Գրիգորեան եւս շեշտեց եղբայրական յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը` մաղթելով, որ պետական եւ ազգային մակարդակներու վրայ հաստատուած կապերը ըլլան արդիւնաւէտ:

ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մելիք Գարագաւորեան իր կարգին յայտնեց, որ այս հանդիպումը պատահական չէ որ եղաւ մայիս ամսուն, եւ ատիկա մեզի կը փոխանցէ  յաղթանակի պատգամը: Խօսելով Այնճարի մասին` Գարագաւորեան յայտնեց որ ՀՅԴ-ի անմիջական հովանիին տակ գործող այս գիւղը իր բոլոր կառոյցներով կանգնած է Արցախի կողքին` շեշտելով, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը բոլոր ժամանակներուն ալ փորձած է օժանդակել Արցախին` վերաբնակեցման եւ զարգացման այլ աշխատանքներով:

Այնուհետեւ Արցախի պաշտօնական պատուիրակութիւնը այցելեց Այնճարի ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տուն եւ ծանօթացաւ Այնճարի մէջ գործող կառոյցներու գործունէութեան:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ «Ռոստոմ» Կոմիտէ. Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.