Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ «Ռոստոմ» Կոմիտէ. Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ

Մայիս 19, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ, երէկ` ուրբաթ, 18 մայիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայաշէնի ակումբի «Սեդրակ Աճէմեան» սրահին մէջ: Ձեռնարկին ներկայ էր Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան:

Լիբանանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգներով բացումը կատարուեցաւ ձեռնարկին: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Եղիա Թաշճեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, թէ Մայիս 28-ի յաղթանակը արիւնալի ճակատամարտի մը արդիւնքն էր, որուն վրայ կանգնած էր ամբողջ ազգի մը յոյսը եւ ապագան: Մայիսեան յաղթանակը ունի նաեւ Հայաստանի պետականութեան պատգամը. վեց դար շարունակ պայքարեցանք պետականութիւն հիմնելու, եւ այսօր ատիկա իրականութիւն է. մեր պարտականութիւնն է միասնաբար, անկախ մեր քաղաքական եւ անձնական շահերէն, վերակառուցել Հայաստանի պետութիւնը: Պետութիւն մը, ուր քաղաքացիներուն իրաւունքը սրբութիւն է, պետութիւն մը, որուն հովանիին տակ կը գտնուին բոլոր քաղաքական կազմակերպութիւնները: Այս է մայիսեան յաղթանակի պատգամը` պետականութիւն: Վերջին շաբաթներուն Հայաստանի մէջ ծաւալած ժողովրդային շարժումը ցոյց տուաւ, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, Հայաստանի պետական կառոյցները կը մնան կանգուն, եւ հոս է ՀՅԴ առաքելութիւնը` հզօրացնել Հայաստանի պետականութիւնը, ուր բանակը կը հանդիսանայ անոր հիմնական վահանը, իսկ ժողովուրդը` անոր սիւնը:

Տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան  մասին պատմող տեսերիզի ցուցադրութիւն:

Այնուհետեւ խօսք առաւ օրուան բանախօս Րաֆֆի Տէմիրճեան: Ան ըսաւ, թէ 1918 մայիս 13-ին թուրքերը պաշարած էին Արարատեան դաշտը, Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայերը անօթեւան վիճակի մէջ կը գտնուէին: Թշնամիին լուծին տակ անցած էր Կարսը: Գաղթականներուն վրայ կ՛աւելնային նորերը, եւ ամէն տեղ թրքական հալածանքը, անմարդկային ոճիրները կը շարունակուէին: Կամաւորական գունդերու հրամանատարներու պատգամները յստակ էին: Դաշնակցութեան որոշումը անփոփոխ էր: Ազգային խորհուրդը պատերազմէն զատ այլընտրանք չունէր: Պէտք էր կասեցնել ընթացքը թշնամիին, որ բազմապատկած էր հակահայ պատերազմական գործողութիւնները:

Ան հաստատեց, որ հայութեան հաւաքական բռունցքին դիմաց ոչ մէկ սպառնալիք կրնար կանգուն մնալ: Մայիսեան ճակատամարտերուն շնորհիւ թրքական զօրքերը փախուստ տուին: Հայ ժողովուրդի կամքը յաղթեց : Յաղթանակ մը, որ դարձաւ մեր դարաւոր երազներու եւ ձգտումներու իրականացումը: Յաղթանակ մը, որ մեր ազգային գոյութիւնը երաշխաւորող իրագործում էր: Յաղթանակ մը, որ մեր մէջ վերականգնեց Վարդաններէն ժառանգուած պայքարելու ոգին եւ արնականութիւնը: Յաղթանակ մը, որ եկաւ հաստատելու, որ հայութիւնը իր խնդիրները կրնայ լուծել միայն ինքն իր ուժին ապաւինելով եւ հաւաքական ճիգերով:

Երկու տարուան կեանք ունեցած հանրապետութեան մէջ կազմուեցաւ հզօր բանակ, ապահովուեցաւ երկրին սահմաններուն անդորրութիւնը, յաղթահարուեցան սովն ու համաճարակները, բնակարաններ ապահովուեցան գաղթականներուն, տնտեսութեան մէջ արձանագրուեցաւ յստակ տեղաշարժ, հայացուեցան տեղանունները, հայերէնը դարձաւ պարտադիր լեզու, բացուեցան դպրոցներ, համալսարան, գրադարաններ, մատենադարան:

Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ այսօր Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը 100 տարեկան է: Անցնող շաբաթներուն Հայաստանի մէջ ծաւալած ժողովրդային շարժումներն ու պոռթկումները պէտք չէ նմանցնել Մայիս 28-ին: Այս շարժումը իր բնոյթով, նպատակով եւ բովանդակութեամբ տարբեր է, եւ տակաւին կը գտնուի միայն իշխանափոխութիւն կատարելու առաջին փուլին մէջ, որուն պէտք է յաջորդէ իսկական աշխատանք, երկարաշունչ գործ:

Ր. Տէմիրճեան յայտնեց, որ պետականութեան կերտիչներուն կտակը անփոփոխ է. շարունակել սրբազան գործը հաւատքով, դաշնակցականավայել կարգապահ մօտեցումով եւ անձնազոհութեամբ: Շարունակել, որպէսզի ժողովուրդը թօթափէ փտածութիւնը, եւ ընկերային տագնապները լուծուին: Ան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Պիտի շարունակենք Դումաններու, Չաւուշներու եւ Նժդեհներու գործը, որպէսզի արցախեան հիմնահարցը լուծուի, որպէսզի ոչ մէկ հողային զիջում կատարուի, որպէսզի սփիւռքը յաւելեալ թափով եւ նորանոր ձեռքբերումներով շարունակէ հայապահպանման աշխատանքը»:

Ապա Հրակ Մամիկոնեան ապրումով ասմունքեց` մեկնաբանելով Գառնիկ Աթարեանի «Մատեան ցաւի եւ հատուցման» բանաստեղծական կտորը:

Տուտուկով նուագեց Յակոբ Քելուկեան, որ նոյնպէս ընկերակցեցաւ ասմունքին:

Ազգային միացեալ վարժարանի աշակերտուհիները ներկայացուցին հայկական գեղեցիկ պար մը, որմէ ետք խօսք առաւ Հրանդ վրդ. Թահանեան: Ան ըսաւ, թէ Հայաստանի պետականութեան վերականգնման ու առաջին հանրապետութեան 100-ամեակի յիշատակութիւնը անզուգակշիռ է: Ո՛չ միայն իր հաւասարը չունի, այլ իր առանձնայատուկ տեղը կը գրաւէ մեր պատմութեան ոսկեհատորին մէջ: Դժբախտաբար սակայն, պատմութեան այս հատուածը ընդհանրապէս շուքի, փոշիի տակ մնաց եւ մինչեւ իսկ այսօր իր պատշաճ տեղը չէ գտած: Եւ նոյնիսկ մութ օրեր եկան, երբ անոր հակառակ քարոզչութիւն տարուեցաւ, հեգնանքի թիրախ դարձաւ: Ան նկատել տուաւ, որ Մայիս 28-ը շուքի տակ ձգելը ոճիր էր, որովհետեւ անիկա մեր 1,5 միլիոն նահատակներուն կտակն է: Եղեռնավկայ ու բազմաչարչար Սահակ Բ. կաթողիկոս Խապայեան իր հօտին արեան հեղումը տակաւին թարմ ըլլալով աչքերուն դիմաց ու միանգամայն տեսնելով, որ բոլոր ակնկալութեանց հակառակ, Առիւծ Մհերի տոհմը վերահաստատած էր Հայաստանի պետականութիւնը, պատռտելով այս անգամ երախը զայն շրջապատող առիւծներու վոհմակին, պիտի հաստատէր, որ հայ ազգը 1915-ին իր խաչելութիւնը կրեց, բայց ահա 1918-ին, երեք տարի ետք յարութիւն կ՛առնէ նման իր Տիրոջ` Քրիստոսի, որ խաչուելէն երեք օր ետք յարեաւ գերեզմանէն:

Ան նշեց, որ պատմութեան բոլոր փուլերուն եղան թշնամիներ, որոնք նախատեցին մեզ ու յաճախ անոնց սուրը հասաւ մեր ողնածուծը, բայց մենք միշտ յարութիւն առինք: Մեր ժողովուրդը թէեւ յարութիւն ճաշակեց 1918-ին, սակայն հալածանքները շուտով յաջորդեցին, խաւարը դարձեալ ծածկեց մեզ եւ 7 տասնամեակ ետք միայն ձեռք ձգեցինք պետականութեան անկախութեան մնայուն իրավիճակ:

Հայր սուրբը ըսաւ, թէ պէտք է լուսարձակի տակ բերել եւ շեշտել դերակատարութիւնը Դաշնակցութեան, որ ո՛չ միայն գլխաւոր կռուանը հանդիսացաւ Սարդարապատի, Մայիս 28-ի եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան, այլ նաեւ այն ուժը, որ կենդանի պահեց այս գաղափարական պայքարը «վերջին փամփուշտը պարպել»-է ետք եւ տարաւ իրեն հետ անկախ Հայաստանի դրօշը: 1918-ն իրականացաւ մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերուն ու զաւակներուն մասնակցութեամբ` Գէորգ Ե. կաթողիկոսէն մինչեւ գիւղացի մամիկը: Իր խօսքի աւարտին հայր սուրբը ըսաւ. «Սիրելի՛ նոր սերունդ ջահակիրներու, այս ազգին զաւակն ենք: Ի պահանջեալ հարկին, մեր վիզը անոնց սուրին տակ կը դնենք: Բայց մենք չընկանք, մենք միշտ կանք: Ու միշտ ալ պիտի մնանք»:

«Սարդարապատ» յաղթերգով վերջ գտաւ ձեռնարկը, որուն աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

 

Նախորդը

Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդ. «Մհեր Ջուլհաճեան» Միջդպրոցական Շարադրական Մրցանքի Մրցանակաբաշխութիւն

Յաջորդը

Կովսականի Եւ Այնճարի Քաղաքապետներուն Միջեւ Համագործակցութեան Յուշագիրի Պաշտօնական Ստորագրութիւն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?