ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, բաղկացած` Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանէ, Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Բագրատ Եսայեանէ, Անդօ Պահարեանէ, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ատենապետ Դաւիթ Յակոբեանէ, հինգշաբթի, 24 մայիս 2018-ին հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանին հետ: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ նոր նշանակուած փոխնախարար Բաբգէն Տէր Գրիգորեան:
Պատուիրակութիւնը նախ իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց սփիւռքի նախարարին անոր նշանակման առիթով:
Ապա, արծարծուեցան ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները, որոնք տեղի պիտի ունենան Հայաստանի մէջ, 19-էն 29 յուլիս 2018-ին: Մկրտիչեան յայտնեց, որ այս ձեռնարկներուն եւ Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումին մասնակցելու համար հայրենիք պիտի այցելեն միութեան 110 մասնաճիւղերը ներկայացնող 1200 սկաուտներ եւ բազմաթիւ միութենականներ ու համակիրներ: Քննարկուեցան նաեւ միութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն համար յատկապէս յառաջացած միջգերատեսչական յանձնախումբի աշխատանքները կրկին շարունակելու կարելիութիւնները: Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան դրական պատասխան տուաւ այս ուղղութեամբ` համագործակցութիւնը շարունակելու տրամադրութեամբ: