Գաղութային

Համազգայինի 90-Ամեակին Առիթով Միութեան  Կեդրոնական Վարչութիւնը 14-20-րդ Դարերու  Արժէքաւոր Ձեռագիրներ Յանձնեց Մատենադարանին

Համազգայինի 90-Ամեակին Առիթով Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը 14-20-րդ Դարերու Արժէքաւոր Ձեռագիրներ Յանձնեց Մատենադարանին

17 մայիսին Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի նիստերու դահլիճին մէջ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը, իր 90-ամեակի յոբելենական նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ, Մատենադարանին նուիրեց 14-20-րդ դարերու 27 արժէքաւոր ձեռագիրներ (Ծիսական գիրքեր, Ժողովածուներ, Յայսմաւուրք, Սաղմոսարան, Գանձարան, Աւետարան եւ այլն): Այս ձեռագիրներու կազմութեան, գիրքերու ցանկագրման եւ անհրաժեշտ տեղեկութիւններով օժտման աշխատանքը կատարած է պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր...

Արամ Ա. Կաթողիկոս  Զօրակցական Նամակ Կը Ստանայ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդէն

Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Դատի Յանձնախումբի Հանդիպում` Անթիլիասի Մէջ

Ինչպէս ծանօթ է, շուրջ տարի մը առաջ, Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը մերժած էր քննարկել Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին կողմէ նոյնպէս քննարկման մերժումի ենթարկուած Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջը: Անցնող ամիսներուն, յիշեալ դատական հայցը շարունակելու վճռակամութենէ մղուած, կաթողիկոսարանի իրաւական յանձնախումբը խորհրդակցութիւններ ունեցած էր թէ՛ եւրոպական եւ թէ՛ թրքական իրաւական հարցերու ծանօթ մասնագէտներու հետ եւ յանգած էր այն որոշման, որ նոյն դատական հայցը որոշ...

ԱՌԻ-ի Հրաւէրով`  Արցախեան Պատուիրակութիւն Մը Լիբանան Կ՛այցելէ

ԱՌԻ-ի Հրաւէրով` Արցախեան Պատուիրակութիւն Մը Լիբանան Կ՛այցելէ

Արցախ Ռուց Ինվեսթմընց` ԱՌԻ ընկերակցութեան հրաւէրով, երեքշաբթի Լիբանան ժամանեց Արցախէն ժամանած պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմեն Արցախի Հանրապետութեան տնտեսութեան եւ արտադրական  ենթակառուցուածքներու նախարար Լեւոն Գրիգորեան, նախարարի խորհրդական Տիգրան Նաճարեան, Մարտակերտի եւ Կովսականի քաղաքապետներ Միշա Գիւրճեան ու Ռազմիկ Մարգարեան եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահագն Տատայեան: Լիբանան այցելութեան առաջին օրը, երէկ, պատուիրակութիւնը այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն եւ...

Հայրենի Կեանք

Գիտաժողով Երեւանի Պետական Համալսարանին Մէջ` «Կրթամշակութային Կեանքը Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Տարիներուն» Խորագիրով

Երեւանի պետական համալսարանին մէջ երէկ սկսաւ «Կրթամշակութային կեանքը Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան տարիներուն» խորագիրով գիտաժողովը` նուիրուած Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակին եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրութեան 90-ամեակին: Գիտաժողովի ընթացքին զեկուցումներ պիտի ներկայացուին Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան տարիներուն ձեւաւորուած գրական-մշակութային կեանքին եւ անոր առանձնայատկութիւններուն վերաբերեալ, անդրադարձ պիտի կատարուի գիտութեան եւ կրթութեան ոլորտներուն մէջ պետական քաղաքականութեան հիմքերուն, որոնց շարքին` ձեւաւորուող հանրակրթական համակարգին,...

Յարգանքի Տուրք` Արցախեան Ազատամարտի  Լիբանանահայ Նահատակ Վիգէն Զաքարեանի Յիշատակին

Յարգանքի Տուրք` Արցախեան Ազատամարտի Լիբանանահայ Նահատակ Վիգէն Զաքարեանի Յիշատակին

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղին, կիրակի, 13 մայիս 2018-ին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ  արցախեան պայքարի լիբանանահայ ազատամարտիկ Վիգէն Զաքարեանի նահատակութեան տարելիցին առիթով, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ սուրբ պատարագի: Հոգեհանգիստէն ետք ներկաները ուղղուեցան ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» ակումբ, ուր յիշատակի ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ ակումբին «Սարգիս Ազնաւուրեան» սրահին մէջ: Բացման խօսքը արտասանեց Մանօ Քրտոքեան, որ անդրադարձաւ Վիգէն Զաքարեանի անձնազոհութեան, անոր...

Սրբոց Հռիփսիմեանց Կոյսերու Տօնին  Նուիրուած Աղօթքի Օրերու Բացում

Սրբոց Հռիփսիմեանց Կոյսերու Տօնին Նուիրուած Աղօթքի Օրերու Բացում

Սրբոց Հռիփսիմեանց  կոյսերու տօնին առիթով 14-28 մայիսին, երեկոյեան ժամը 7:00-8:00 Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ կոյսերուն նուիրուած աղօթք, որուն աւարտին պիտի փոխանցուի պատգամ` թեմի քահանայ հայրերուն կողմէ: Արդարեւ, երէկ` երկուշաբթի, 14 մայիսին տեղի ունեցաւ Սրբոց Հռիփսիմեանց  կոյսերուն նուիրուած աղօթքի օրերուն բացումը` հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ ներկայութեամբ քահանայից դասուն: Աղօթքի աւարտին սրբազան...

Մայրենի Լեզուի Պահպանման Սատարող  «Ճիշդ Հնչենք» Յայտագիրի Աւարտական  Փուլ Եւ Մրցանակաբաշխութիւն

Մայրենի Լեզուի Պահպանման Սատարող «Ճիշդ Հնչենք» Յայտագիրի Աւարտական Փուլ Եւ Մրցանակաբաշխութիւն

Շաբաթ, 12 մայիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ «Վանայ Ձայն»-էն ուղղակի ձայնասփռումով տեղի ունեցաւ 8 տարեկան դարձած «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրի աւարտական փուլն ու մրցանակաբաշխութիւնը` հովանաւորութեամբ Մարաշի հայրենակցական միութեան եւ կազմակերպութեամբ «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանին: Այս տարի «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերած են 17 հայկական վարժարաններէ 6-րդ, 7-րդ եւ 8-րդ դասարաններու 45 աշակերտներ: Յայտագիրը ընթացք առած է...

«Կարկաչ» Մանկական Եւ Պատանեկան  Երգչախումբի Հրաշալի Համերգը

«Կարկաչ» Մանկական Եւ Պատանեկան Երգչախումբի Հրաշալի Համերգը

Երկար հնչեցին ծափահարութիւնները: Բեմին վրայ հպարտօրէն կանգնած էր «Կարկաչ» երգչախումբը` իր թովիչ ձայնով եւ բարձրորակ կատարումներով: Պատանիներու եւ փոքրերու կատարումներէն ի յայտ կու գային անոնց սէրն ու կառչածութիւնը հայ երգին ու հայ երաժշտութեան նկատմամբ: Ուրախալի էր ականատես ըլլալ եւ հմայուիլ նոր սերունդի հրաշալի կատարումներով: Երէկ` կիրակի, 13 մայիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին...

Նորընտիր Երեսփոխանները Ընդունեցին  Լիբանանահայութեան Ներկայացուցիչներուն  Շնորհաւորութիւնները

Նորընտիր Երեսփոխանները Ընդունեցին Լիբանանահայութեան Ներկայացուցիչներուն Շնորհաւորութիւնները

Երէկ` ուրբաթ, 11 մայիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-էն 9:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ շնորհաւորութիւններ ընդունեցին 6 մայիսին կայացած երեսփոխանական ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ի կողմէ առաջադրուած եւ լիբանանահայութեան քուէներով ու վստահութեամբ երեսփոխան ընտրուած ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեան ու Ալեքսանտր Մաթոսեան: Երեք համայնքապետերը, դիւանագիտական եւ քաղաքապետական ներկայացուցիչներ, կրօնաւորներ, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, տարբեր կառոյցներու...

«Կոնտոլեզիա` Իմ Սէր» Թատրերգութեան  Կալա Եւ Արա Արծրունիի Պարգեւատրում

«Կոնտոլեզիա` Իմ Սէր» Թատրերգութեան Կալա Եւ Արա Արծրունիի Պարգեւատրում

Երէկ` ուրբաթ, 11 մայիս 2018-ին, Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը ներկայացուց «Կոնտոլեզիա` իմ սէր» թատրերգութիւնը` հեղինակութեամբ Արա Արծրունիի եւ բեմադրութեամբ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի:  Տեղի ունեցաւ նաեւ Արա Արծրունիի պարգեւատրումը: Նիւթը կը խօսի քաղաքի մը իշխանաւորի մասին` Սեզար, որ կ՛ուզէ իշխանութեան գլուխը մնալ եւ ծաւալել իր ուժը, հետեւաբար կը դիմէ լծակներու:  Կարծես մարդիկ ծարաւ ունին իշխելու եւ ամէն ճիգ, ամէն միջոց ի...

Կիպրոսի Նախագահին Ներկայացուցիչը`  Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Կիպրոսի Նախագահին Ներկայացուցիչը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Ուրբաթ, 11 մայիս 2018-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Ֆոդիս Ֆոդիուն: Ֆոդիս Ֆոդիու Կիպրոսի համայնքներու եւ կիպրական սփիւռքի առնչուած հարցերու պատասխանատուն է: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Քրիսթինա Ռաֆթի եւ դեսպանատան քաղաքական ու հիւպատոսական հարցերու պատասխանատուները: Նախ եւ առաջ Ֆոդիու վեհափառ հայրապետին փոխանցեց նախագահին անձնական ողջոյններն ու շնորհակալութիւնները իր վերընտրութեան առիթով անոր...

125 Հազար Տոլարի Նպաստ`  Սուրիոյ Հայ Համայնքին

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի Անդամները

Հինգշաբթի, 10 մայիս 2018-ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի նորընտիր խորհրդարանի Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամները` գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, որուն կողքին Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայ անդամներն են Յակոբ Թերզեան եւ Ալեքսանտր Մաթոսեան: Վեհափառ հայրապետը` ողջունելով անոնց երեսփոխան ընտրութիւնը, իր ուրախութիւնը յայտնեց Հայկական երեսփոխանական պլոքի կազմութեան համար, միաժամանակ ըսաւ, որ լիբանանեան խորհրդարանին...

ՀՅԴ Երիտասարդականի Մասնակցութիւնը  Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային  Միութեան Սեւծովեան Շրջանի Ժողովին

ՀՅԴ Երիտասարդականի Մասնակցութիւնը Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Սեւծովեան Շրջանի Ժողովին

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ 3-6 մայիս 2018-ին Ուքրանիոյ մայրաքաղաք Քիեւի մէջ տեղի ունեցաւ Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան Սեւծովեան շրջանի երկիրներու համագործակցութեան ժողովը: Ժողովին կը մասնակցէին 30 պատուիրակներ 9 երկիրներէ` Հայաստան, Վրաստան, Մոլտովա, Պիելոռուսիա, Ուքրանիա, Ռուսիա, Թուրքիա, Ազրպէյճան եւ Պուլկարիա: ՀՅԴ Երիտասարդականը կը ներկայացնէր Արշակ Մեսրոպեանը: Ժողովի ընթացքին մասնակիցները զեկուցեցին իրենց երկիրներու քաղաքական իրավիճակին եւ պատկան կազմակերպութիւններու գործունէութեան...

Ընտրական Քրոնիկ.  Մենք Նախընտրական  Ծրագիրի Նախագիծ Ունինք

Շնորհաւորական Ընդունելութիւն

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի նորընտիր երեսփոխանները շնորհաւորութիւններ պիտի ընդունին ուրբաթ, 11 մայիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-էն 9:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:

ՀՅԴ-ի Ընտրական Մեքենայի  Կամաւորներ` Յարգա՛նք Ձեզի

ՀՅԴ-ի Ընտրական Մեքենայի Կամաւորներ` Յարգա՛նք Ձեզի

Կամաւոր աշխատանքը այնպիսի աշխատանք է, որ կը կատարուի նախ եւ առաջ հասարակութեան շահերուն համար: Կամաւոր աշխատանքը շահոյթ չ՛ենթադրեր, նիւթապէս չի վարձատրուիր: Կամաւոր աշխատանքը կը կատարուի անհատի ազատ ցանկութեամբ, չի պարտադրուիր, ո՛չ ալ կը կատարուի հրահանգով: Երէկ` կիրակի, 6 մայիս 2018-ին, Լիբանանի մէջ տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնց ընթացքին Դաշնակցութեան կամաւոր բանակը` երէցներէն մինչեւ պատանիներ, եկաւ վերահաստատելու այս իրականութիւնը: Մեծահասակները, յատկապէս...

Յայտարարութիւն

Լիբանանում Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը տեղեկացնում է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի 2018 թուականի մարտի 15-ի թիւ 171-Ա հրամանագրով ներքոյիշեալ համարների ստացագրեր ունեցողներին շնորհուել է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն. 18855, 18902, 18755, 19010, 18741, 18324, 18550, 18519, 18930, 18756, 18916, 18628, 18577, 18669, 18761, 18795, 18731, 19077, 18576, 18889, 18919, 18853, 18746, 18821, 18822, 18825, 18823, 18860, 18861, 18820, 18945, 18518, 18962, 18960,...

Բազմահազար Լիբանանահայեր Մասնակցեցան  Ընտրական Վերջին Միթինկին.  «Տարբեր Բան Է Լոկ Լիբանանցի Երեսփոխան Ըլլալ,  Տարբեր Բան Է Եւ Հպարտութիւն Է Այս Սքանչելի  Ժողովուրդը Ներկայացնելով`  Լիբանանցի Հայ Երեսփոխան Ըլլալ»  Հաստատեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

Բազմահազար Լիբանանահայեր Մասնակցեցան Ընտրական Վերջին Միթինկին. «Տարբեր Բան Է Լոկ Լիբանանցի Երեսփոխան Ըլլալ, Տարբեր Բան Է Եւ Հպարտութիւն Է Այս Սքանչելի Ժողովուրդը Ներկայացնելով` Լիբանանցի Հայ Երեսփոխան Ըլլալ» Հաստատեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

Ծով բազմութիւն...Ծերունիներէն մինչեւ նորածիններ, տարբեր սերունդներու ներկայացուցիչներու հարազատ հանդիպում եւ միասնական կերպով հաստատում` Դաշնակցութեան կողքին ըլլալու, անոր նկատմամբ վստահութիւնը ամրապնդելու, անկէ ուժ եւ կորով ստանալու եւ փոխադարձաբար անոր տալու հաւատարմութեան երաշխիքը` ընտրական քուէն: Պատկերը տպաւորիչ էր ու յուզիչ, միշտ չէ, որ կարելի է տեսնել քալելու դժուարութիւն ունեցող ծերունիներ կամ իրենց կաթ խմող երեխաները գրկած մայրեր, որոնք անտեսելով ամէն տեսակի դժուարութիւն...

Յայտարարութիւն

Լիբանանում Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը տեղեկացնում է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի 2018 թուականի  յունուարի 27-ի թիւ 80-Ա հրամանագրով ներքոյիշեալ համարների ստացագրեր ունեցողներին շնորհուել է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն. 16438, 18598, 18750, 18751, 18562, 18703, 18799, 18619, 18617, 18832, 18591, 18543, 18560, 18700, 18702, 18803, 18559, 18613, 18536, 18732, 17678, 18538, 18783, 18558, 18738, 18569, 18595, 18661, 18611, 18730, 18631, 18644, 18607, 18632,...

Հայռայտըրներու Եւ Հայորդիներու  Ինքնաբուխ Երթ` Հայահոծ Թաղամասերուն Մէջ

Հայռայտըրներու Եւ Հայորդիներու Ինքնաբուխ Երթ` Հայահոծ Թաղամասերուն Մէջ

Երէկ երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Հայռայտըրզ» խումբին եւ հայորդիներու նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ մոթորսիքլեթներու եւ ինքնաշարժներու ինքնաբուխ երթ մը` հայահոծ թաղամասերուն մէջ: Հայռայտըրները իրենց մոթորսիքլեթներով եւ Դաշնակցութեան դրօշներով երթը առաջնորդեցին դէպի տարբեր շրջաններ: Երթին մասնակցող ինքնաշարժներէն ծածանեցան ՀՅԴ-ի դրօշներն ու 2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն Դաշնակցութեան որդեգրած կարգախօսը կրող դրօշակներ. «Միասնաբար` ամբողջ Լիբանանի համար»: Երթին ընթացքին նաեւ հնչեցին ազգային- յեղափոխական երգեր, ինչպէս նաեւ քարոզչութիւնը...

ՀՅԴ Ընտրական Մեքենայի Հանդիպում

ՀՅԴ Ընտրական Մեքենայի Հանդիպում

Երէկ երեկոյեան Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ընտրական մեքենայի անդամներուն եւ վստահուած անձերուն (մանտուպ) հանդիպումը: Հանդիպումին ընթացքին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի զեկուցեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ փոխանցեց ընտրութիւններուն վերաբերող անհրաժեշտ թելադրանքներ` յատկապէս վստահուած անձերուն: Կիրակի, 6 մայիսին կատարուելիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընդհանուր աշխատանքներուն մանրամասնութիւնները իրենց կարգին դարձան հանդիպումին առանցքը:...

Page 230 of 365 1 … 229 230 231 … 365

Արխիւներ