Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմինի Նախաձեռնութիւնները Սկիզբ Առին Աշակերտական Մարաթոնով

Մայիս 21, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

28 մայիս 1918-ին Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութիւնը հայութեան համար մեծագոյն յաղթանակը եղաւ` հանդիսանալով մեր պատմութեան պանծալի էջերէն մէկը:

28 մայիս 2018-ն Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակն է: Առ այդ, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինը կազմակերպած է ձեռնարկներու շարք մը` հանդիսաւոր կերպով նշելու սոյն առիթը: Այդ ձեռնարկներու շարքին առաջինը` աշակերտական մարաթոնը տեղի ունեցաւ երէկ` կիրակի, 20 մայիսին:

Արդարեւ, լիբանանահայ վարժարաններէ միջնակարգի եւ երկրորդականի բաժիններու մօտաւորապէս 500 աշակերտներ առաւօտեան կանուխ ժամերէն հաւաքուած էին «Շաղզոյեան» կեդրոնին կից գտնուող կառատան մէջ` անգամ մը եւս վերանորոգելու իրենց ուխտը հայրենիքին նկատմամբ:

Նազելի Աւագեան

Կառատան մուտքին բոլորին տրամադրուեցան կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն թի-շըրթներ, ապա ժամը 9:00-ին «Սարդարապատ» յաղթերգի ունկնդրութենէն ետք «Շաղզոյեան» կեդրոնի առջեւէն սկիզբ առաւ մարաթոնը: Աշակերտները խուռներամ բազմութեամբ սկսան վազել Պուրճ Համուտի պողոտաներէն` հասնելու համար Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտ, ուր Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին անունով խօսք առաւ Նազելի Աւագեան: Ան նկատել տուաւ, որ 600 տարիներու ստրկութեան լուծը թօթափելու եւ 1915-ի ցեղասպանութենէն վերապրելու հաստատ կամքով, 28 մայիս 1918-ին հայութիւնը իր բոլոր խաւերով պայքարեցաւ թրքական յառաջխաղացքին դէմ եւ յաջողեցաւ նոր էջ մը բանալ հայոց պատմութեան մէջ` կերտելով ազատ եւ անկախ Հայաստան մը: «Ճգնաժամային օրերուն, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ստեղծումը մեր պատմութեան կարեւորագոյն հրամայականն էր, որուն շնորհիւ ստեղծուած կառավարութեամբ հայութեան վերապրած զանգուածը մնաց իր հողին վրայ, եռագոյնը որդեգրեց իբրեւ ազգային դրօշ եւ Հայաստանի չորս թագաւորութիւնները ներկայացնող զինանշանը` իբրեւ ազգային զինանշան», շեշտեց Աւագեան` աւելցնելով, որ այդ երթը շարունակուեցաւ եւ հիմնաքարը եղաւ 1991-ին վերանկախացած Հայաստանի Հանրապետութեան: Աւագեան աշակերտներուն ըսաւ, թէ իրենց այս վազքով անոնք ապացուցեցին, որ յաղթանակներ կերտող ժողովուրդի մը հաւատաւոր եւ արժանաւոր զաւակներն են` մաղթելով, որ անկախ հայրենիքի ու պետականութեան գաղափարը եւ իրականացումը իրենց համար մղիչ ուժ հանդիսանայ ու իրենց սիրտերուն մէջ դրոշմուի հայրենի հողին սէրը, ազգային պետականութիւնը պահպանելու կամքը: Եզրափակելով իր խօսքը` Նազելի Աւագեան կոչ ուղղեց աշակերտներուն, որ ըլլան հաւատարիմ իրենց հայրենիքին, աշխատին հայրենիքի հզօրացման համար, անվարան իրենց ուժն ու զարգացումը դնեն ի սպաս հայրենիքի պետութեան հզօրացման, զարգացման եւ բարգաւաճման:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան աշակերտներուն ուղղուած իր պատգամին մէջ ըսաւ, թէ 100 տարի առաջ մեր ժողովուրդը սպառած եւ ուժաքամ պայմաններու մէջ, իբրեւ ճակատագրական վերջին ճիգ պարտութեան մատնեց թրքական բանակը յաջորդաբար Ղարաքիլիսայի ու Բաշ Ապարանի ճակատամարտերուն ընթացքին, Սարդարապատի ջախջախիչ հարուածով զայն դուրս վտարեց Հայաստանի սահմաններէն եւ 6 դարու ստրկութենէն ետք իր պապենական հողին վրայ հռչակեց իր ազատութիւնը` իր եռագոյնով: «100 տարի ետք մենք հաւաքուած ենք նշելու այդ առիթը, նաեւ զգալու, թէ մեր սորվածը, գիտցածը եւ ունեցածը ուղղուած են դէպի Հայաստան: Մեզ կանխող սերունդները նուիրումով պահեցին անկախութեան յիշատակը, նաեւ յաջորդական սերունդներ իրենց պայքարը շարունակեցին ամէնուրեք եւ կը շարունակեն այդ պայքարը ցայսօր` ի խնդիր Հայաստանի անկախութեան եւ ազատութեան», ըսաւ սրբազան հայրը` շեշտելով, որ մենք սփիւռք ըլլալով հանդերձ մասնակից ենք հայրենի հողի պաշտպանութեան եւ հայրենիք կերտելու սրբազան գործին: Եզրափակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը գնահատեց տեղի ունեցած մարաթոնը` զայն որակելով Հայաստանի ձօնուած ճիգ եւ մաղթեց, որ ներկայ աշակերտները հասակ առնելով կազմաւորուին վաղուան Հայաստանի ի խնդիր` նկատել տալով, որ թէկուզ անկախութեան հասած ժողովուրդ ենք, սակայն իբրեւ ազգ մենք տակաւին ունինք իղձեր եւ երազներ, որոնք իրագործելու համար պէտք է գործենք, տքնինք, սորվինք որպէսզի կարենանք զանոնք կենսագործել:

Նախորդը

Դիմաւորել 100-ամեակը – 18. Սփիւռքները, Անկախութիւնը, Երէկ, Այսօր Եւ Վաղը

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 100-ամեակ. Մշակութային Միացեալ Հրաշալի Հանդիսութիւն

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?