Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարտակերտի Եւ Պուրճ Համուտի Միջեւ Համագործակցութեան Յուշագիրի Պաշտօնական Ստորագրութիւն

Մայիս 18, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախ Ռուց Ինվեսթմընց` ԱՌԻ ընկերակցութեան հրաւէրով Լիբանան ժամանած Արցախի պաշտօնական պատուիրակութիւնը երէկ այցելեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Արցախի Հանրապետութեան տնտեսութեան եւ արտադրական   ենթակառուցուածքներու նախարար Լեւոն Գրիգորեան, նախարարի խորհրդական Տիգրան Նաճարեան, Մարտակերտի եւ Կովսականի քաղաքապետներ Միշա Գիւրճեան ու Ռազմիկ Մարգարեան եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահագն Տատայեան: Պատուիրակութեան հետ հանդիպումի առաջին բաժինը ծանօթացման հիմք ունէր: Պատուիրակութիւնը ծանօթացաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի բաժիններուն եւ ընդհանուր գործունէութեան, ապա երկրորդ բաժինով տեղի ունեցաւ Մարտակերտի քաղաքապետին եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետին միջեւ համագործակցութեան յուշագիրի ստորագրութեան պաշտօնական արարողութիւն` ներկայութեամբ քաղաքապետարանի խորհրդականներուն, անդամներուն եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան անձնակազմին:

Խօսք առաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան: Ան ըսաւ, թէ «այսօր Մարտակերտ քաղաքի քաղաքապետին հետ հիմը կը դնենք երկու քաղաքապետներու օրինական յարաբերութիւնը կարգի դնելու հոլովոյթին: Մենք կարճ ժամանակ ետք պաշտօնական պատուիրակութեամբ պիտի այցելենք Մարտակերտ` գետնի վրայ մեր ծրագիրները միասնաբար քննելու եւ անմիջապէս գործնական քայլերու սկսելու համար: Կը հաւատամ, որ շուտով օգտակար պիտի դառնանք միմեանց»:

Մարտակերտի քաղաքապետ Միշա Գիւրճեան շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիպումին համար եւ վստահեցուց, որ կապը պիտի ամրապնդուի ու յառաջիկային պիտի շարունակուի:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ համաձայնագիրներու ստորագրութիւն, որմէ ետք խօսք առաւ Ճորճ Գրիգորեան: Ան ըսաւ, թէ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած մեր մեծ հայրերն ու հայրերը արցունքներով, քրտինքով, արիւնով եւ զոհողութիւններով Պուրճ Համուտի ճահիճը վերածեցին բնակելի քաղաքի, ապա զայն վերածեցին Լիբանանի ամէնէն բարգաւաճ քաղաքներէն մէկուն: Ան հաստատեց, որ մեր մեծ հայրերն ու մայրերը իրենց թիթեղաշէն եւ փայտաշէն տնակներուն կողքին կառուցած են եկեղեցի, դպրոց, ակումբ, հիմնած են մշակութային, մարզական միութիւններ եւ այդպիսով Պուրճ Համուտը վերածած են սփիւռքահայութեան բաբախող սիրտին: Պուրճ Համուտը մասունքի պէս տասնամեակներ շարունակ պահպանեց հայերէնը, Եռագոյնը եւ ազատ, անկախ, միացեալ Հայաստանի երազը: Պուրճ Համուտը աշխարհասփիւռ հայութեան տասնամեակներ շարունակ տուաւ ուսուցիչ, հրապարակագիր, գիրք, տուաւ նաեւ հասարակական գործիչ, գործարար, մեկենաս, եւ երբ պէտք եղաւ, Պուրճ Համուտը հայ աշխարհին տուաւ նաեւ զինուոր, նահատակ: Այս ոգեղէն կամուրջը միշտ գոյութիւն ունեցած է Պուրճ Համուտի եւ հայ աշխարհի բոլոր անկիւններուն միջեւ: Այսօր այս յուշագիրին ստորագրութեամբ այդ կամուրջը նոր մակարդակ կը նուաճէ, նոր փուլ կը թեւակոխէ: Ան իր խօսքի աւարտին ըսաւ, թէ Արցախի պետութեան Մարտակերտ քաղաքի տեղական կառավարման մարմինին հետ պաշտօնական  գործակցութեան հիմը կը դրուի այսօր: Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը Լիբանանեան պետական կառոյց մը ըլլալով արժանացած է թէ՛ լիբանանեան կեդրոնական իշխանութիւններու, թէ՛ միջազգային մարմիններու գնահատանքին եւ վստահութեան: Պուրճ Համուտի, Լիբանանի հայ քաղաքացին եւ մանաւանդ այս քաղաքապետութեան ու քաղաքապետական խորհուրդի անդամները շնորհակալ են եւ երախտապարտ բոլոր անոնց, որոնք նպաստած են այս պաշտօնական կապի հաստատումին:

Խօսք առաւ նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան: Ան յայտնեց, որ մեր միասնականութիւնը խօսք չէ, այլ գործ է: Այս յուշագիրի ստորագրութիւնը առանձին առնուած քայլ մը չէ, այլ` այս իրադարձութեան մասնակցեցան Լիբանանի կարեւոր կազմակերպութիւնները, Դաշնակցութիւնը: Ֆրանսայի, Քալիֆորնիոյ եւ Սպանիոյ զանազան քաղաքներու հետ գործակցութեան հիմեր դրուած են, բայց այսօրուան` Պուրճ Համուտի եւ Մարտակերտի համագործակցութիւնը յատկանշական է, որովհետեւ Լիբանանը եղած է Արցախին առաջին օգնութեան հասնողը: Իր խօսքի աւարտին Քեպապճեան շնորհաւորեց Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը:

Խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան: Ան ըսաւ, թէ այսօր կարեւոր իրադարձութիւն է, որ Պուրճ Համուտի մէջ, Լիբանանի հայ համայնքի սրտին մէջ, ա՛յս խորհրդանշական վայրին մէջ ստորագրուեցաւ այս համաձայնագիրը` Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի եւ Մարտակերտի միջեւ համագործակցութեան վերաբերեալ: Վստահ եմ, որ այս յուշագիրը նոր կարելիութիւններ պիտի ստեղծէ Լիբանանի հայ համայնքի եւ աւելի լայն առումով Լիբանանի եւ Արցախի Հանրապետութեան հետագայ համագործակցութեան համար, ասիկա նաեւ կարեւոր է եւ խորհրդանշական այն առումով, որ մեր օրակարգին մէջ  է Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը, եւ այս իրադարձութիւնը կարելի է  դիտարկել իբրեւ այդ միջազգային ճանաչման ուղղուած քայլ մը: Վստահ ենք, որ այս քայլը, որ այսօր ձեռնարկուեցաւ, պիտի նպաստէ նաեւ եւ օրինակ հանդիսանայ այլ վայրերու մէջ, այլ իրավիճակներու մէջ նման համաձայնագիրներու ստորագրութեան եւ Արցախի հետագայ միջազգային ճանաչման ու Արցախի վերաբերեալ միջազգային հանրութեան տեղեկատուութեան տրամադրման: Իր խօսքի աւարտին դեսպան Մկրտչեան ըսաւ, թէ համաձայնագիրը պիտի վերածուի գործի. բարի երթ` դէպի Արցախ եւ համագործակցութեան իրականացում:

Խօսք առաւ Արցախի Հանրապետութեան Տնտեսութեան եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու նախարար Լեւոն Գրիգորեան: Ան ըսաւ, թէ «այսօր համագործակցութեան հիմք կը դրուի երկու քոյր քաղաքներու` Մարտակերտի եւ Պուրճ Համուտի միջեւ: Արցախի ճանաչման հարցին մէջ այս իրադարձութիւնը կարեւոր քայլ է, բայց ըլլալով փոքր` մենք պիտի նշենք, որ երկար ճանապարհները կը սկսին առաջին քայլէն: Մենք բազում զուգահեռներ ունինք իրականացնելու Արցախի մէջ ապրող հայութեան եւ Լիբանանի մէջ ապրող հայութեան, մանաւանդ Պուրճ Համուտի հայ համայնքին միջեւ: Մենք արդէն տեսանք քաղաքը, ծանօթացանք որոշ կառոյցներու եւ տեսանք, որ շատ ամուր կանգնած են, եւ ատոր մէջ մեծ դերակատարութիւն ունի Պուրճ Համուտի համայնքը եւ քաղաքապետարանը: Կը խնդրենք, որ դուք ձեր փորձը փոխանցէք միւս քաղաքներուն, կիսէք ձեր յաջողութիւնները մեր քաղաքներուն հետ: Շնորհաւորենք մէկս միւսին եւ բարի երթ ցանկանք համագործակցութեան այս ծրագիրին»:

Աւարտին Արցախի պատուիրակութիւնը յուշանուէրներ յանձնեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանին:

Պատուիրակութիւնը այցելութիւն մը տուաւ նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցչութեան կեդրոն, ապա այցելեց «Արարատ» եւ «Զարթօնք» թերթերու խմբագրատուները եւ վերջապէս այցելեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, ուր պատուիրակները հանդիպում ունեցան Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին հետ, ապա տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում:

Հանդիպումներ` ԱՌԻ-ի Տնօրէն Խորհուրդին Հետ

Լիբանան այցելութեան ընթացքին, պատուիրակութիւնը անցնող երկու օրերուն երկար խորհրդակցութիւններ ունեցաւ «Արցախ Ռուց Ինվեսթմընցի` ԱՌԻ-ի տնօրէն խորհուրդի անդամներուն հետ` մշակելու համար «Արցախ 2028» ծրագիրը, որուն մեկնարկը անցնող մարտին Պէյրութէն կատարեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան:

«Արցախ 2028» ծրագիրը ընթացք պիտի առնէ այս աշնան Ստեփանակերտի մէջ կայանալիք յատուկ խորհրդաժողովի մը ընթացքին, ուր պիտի որդեգրուին յառաջիկայ 10 տարիներուն Արցախի պետականաշինութեան նպաստող, ռազմավարական կարեւոր ծրագիրներուն սփիւռքեան ներդրումներ ապահովելու քայլերը:

 

Նախորդը

Ալիեւ. «Նախիջեւանի Հրթիռները Կրնան Ոչնչացնել Թշնամիի Որեւէ Զինուորական Թիրախ»

Յաջորդը

Պետական Եկամուտներու Կոմիտէն Նոր Նախագահ Ունի

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան»  Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է  Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ  Պատանդներու Ազատ Արձակումը»
Գլխաւոր լուրեր

Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդներու Ազատ Արձակումը»

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?