Հիմնուելով Իրաքահայ թեմի թիւ 87 եւ 1963 թուակիր կանոնադրութեան եւ հետագայ բարեփոխումներուն վրայ, 18 մայիս 2018-ին կայացաւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան ընտրութիւնը: Նոյն օրէնքներու հիման վրայ, յաջորդ օր` 19 մայիսին նորընտիր վարչութիւնը գումարեց իր անդրանիկ նիստը, որուն ընթացքին գաղտնի քուէարկութեամբ ընտրեց վարչութեան ատենապետ, փոխատենապետ, ատենադպիր, հաշուապահ եւ գանձապահ` հետեւեալ կազմով.
1.- Մելքոն Գուրգէն Հայրիկ Մելքոնեան – Ատենապետ
2.- Գէորգ Զոհրապ Օհաննէս Գատոյեան – Փոխատենապետ
3.- Արամ Ազատ Սարգիս Քէթէնճեան – Ատենադպիր
4.- Կարապետ Մնացական Արմենակ Գալուստեան – Հաշուապահ
5.- Վարդան Իշխան Սարգիս Վարդանեան – Գանձապահ
6.- Գրիգոր Բագրամ Մովսէս Տէր Յակոբեան – Խորհրդատու
7.- Արա Արշակ Եսայի Եսայեան – Խորհրդատու
ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ