Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարալ Մանիսի «Պոռթկումը» Ցուցահանդէսին Պաշտօնական Բացումը

May 23, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երեքշաբթի, 22 մայիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան, «Էքսոտ» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ արուեստագէտ Մարալ Մանիսի պատկերներու եւ քանդակներու ցուցադրութիւնը, որ կը կրէր «Պոռթկում» խորագիրը:

Մարալ Մանիս բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իր առաջին ցուցահանդէսին բոլորին ներկայութեան համար:

Խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան: Ան իր խօսքին սկիզբը բարի գալուստ մաղթեց բոլորին, ապա ըսաւ, որ երբ հանդիպեցաւ արուեստագէտ Մարալ Մանիսին, տպաւորուեցաւ անոր արուեստի քաջութեամբ, համարձակութեամբ եւ ոգեշնչումով: Ան յայտնեց, որ Մարալին արուեստը ապսթրաքթ դպրոցին կը պատկանի` վերացական: Դեսպանը մատնանշեց, որ ուշագրաւ է ցուցահանդէսին խորագիրը` «Պոռթկում», բնութեան պոռթկում, ուժի պոռթկում, զգացումներու պոռթկում, որ երեւակայութեան արտայայտութիւն է: Անոր արուեստի գործերը կը պարզեն տարբեր մշակոյթներու ներդաշնակութիւն: Երբ ուշադրութեամբ քննենք իւրաքանչիւր պատկեր, կը տեսնենք, որ ինչպէս գոյները ներդաշնակ են իրարու: Անոր գործերը տարբեր քաղաքակրթութիւններու պատկերաւորում ունին:

Ան նշեց, որ ամէնէն կարեւոր բանը այն է, որ Մարալին արուեստը կը տարբերի միւսներէն: Ամէն արուեստագէտ իր իւրայատկութիւնները ունի: Այս պարագային Մարալը հասած է այն մակարդակին, որ անոր գործերը աչքի կը զարնեն եւ կը դրոշմուին դիտողին միտքին մէջ: Պատկերները ժամանակ կը պահանջեն արտացոլելու այն ինչ որ կ՛արտայայտեն եւ ինչ որ ըսելիք ունին մեզմէ իւրաքանչիւրին:

Խօսքի աւարտին ան շնորհաւորեց եւ գնահատեց արուեստագէտ Մարալ Մանիսը եւ անոր նուիրուածութիւնը արուեստին` մաղթելով, որ ան աւելի շատ ցուցահանդէսներ կազմակերպէ:

Մարալ Մանիս «Ազդակ»-ին ըսաւ. «Գործերուս խորագիրը պոռթկում  է. ըլլայ Լիբանանի կամ արաբական աշխարհին մէջ կ՛ապրինք պատերազմներ, ժողովուրդի գաղթ, ցաւեր, տենչեր, հոգեկան վիճակ, ուրեմն գործերս այս նիւթերը կ՛ընդգրկեն: Նոյնիսկ բնութեան պոռթկումները նկատի առած եմ: Օրինակ` ծովու պոռթկումը, անոր տակնուվրայութիւնը, ձուկերու եւ ծովուն մէջ ապրող արարածներու իրարանցումը, այս բոլորը կը ներկայացնեն պատկերներս եւ քանդակներս»:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին 24 պատկերներ եւ 10 քանդակներ: Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 29 մայիս 2018, ամէն օր ժամը 6:00-էն 9:00:

 

 

Նախորդը

Լեւոն Տէր Պետրոսեան Եւ Սահմանադրութիւնը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.