Համազգայինի «Գուսան» Երգչախումբի Վարչականները «Էմ. Թի. Վի.» Պատկերասփիւռի Կայանի Հիւրերն Էին
Կոմիտասի «Իմ չինարի եարը» ստեղծագործութեան տեսահոլովակը առաջին անգամ ըլլալով սփռուեցաւ «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն, որմէ ետք տեղադրուեցաւ համացանցի վրայ: Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակի ձեռնարկներու շարքին, գեղեցիկ նախաձեռնութիւն մը իրականացուց Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբի վարչութիւնը` պատրաստելով տեսահոլովակ մը` Կոմիտասի «Իմ չինարի եարը» ստեղծագործութեան նորովի մատուցումով, որուն կապակցութեամբ «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը երկուշաբթի, 24 յունիսի առաւօտեան ժամը 10:50-ին, ուղիղ եթերով սփռուած...




















