Շնորհահանդէս` «The Armenian Genocide: Prelude And Aftermath» Մատենաշարէն Լոյս Ընծայուած 5 Հատորներու
Կազմակերպութեամբ Մխիթարեան միաբանութեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին, երէկ` ուրբաթ, 14 յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ «THE ARMENIAN GENOCIDE: Prelude and Aftermath» մատենաշարէ լոյս ընծայուած 5 հատորներու շնորհահանդէս` ներկայութեամբ համահեղինակ Վահան վրդ. Օհանեանի: Պաշտօնական հիւրերու կարգին էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Ընկերային հարցերու նախարար Ռիշար Գույումճեան, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան,...




















